Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 19 նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Ֆրանսա:
Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելած է Ֆրանսայի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած հեռախօսամարաթոնի կեդրոն, հանդիպած հիմնադրամի տեղական կառոյցի պատասխանատուներուն եւ գործին մէջ ընդգրկուած երիտասարդ կամաւորներուն հետ:
Բակօ Սահակեան բարձր գնահատած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի մասնակցութիւնը Արցախի տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնած հեռախօսամարաթոնի կազմակերպման մէջ ներգրաւուած մարդոց` անոնց կատարած աշխատանքին, Արցախի նկատմամբ ընդգծուած վերաբերմունքին, անոր հոգերով ապրելու եւ մնայուն աջակցութեան համար: