Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրովը Հասաւ Երեւան` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Կարելիութիւնները Քննարկելու Համար

November 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հասաւ Երեւան: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան:

Լաւրով Հայաստան հասած է Պաքուէն, ուր հանդիպումներ ունեցած էր երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Ազրպէյճանի մէջ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկուած է նաեւ  ղարաբաղեան տագնապը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Առաջարկած Են
Կազմել Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Վերաբերեալ Փաստաթուղթ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ գաղափարներ կան, անհրաժեշտ է միայն անոնց հիման վրայ կազմել փաստաթուղթ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:

«Տագնապի լուծման վերաբերեալ բոլոր գաղափարները սեղանի վրայ են: Պէտք է անոնցմէ կազմել փաստաթուղթ, որ ընդունելի պիտի ըլլայ բոլորին համար… Մենք բոլորս գիտենք, թէ ո՛ւր ենք եւ ինչպէ՛ս պէտք է յառաջ շարժինք», ըսած է ան Պաքուի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Մամետեարով աւելցուցած է, թէ կացութիւնը կը մնայ անկայուն եւ լարուած:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերը պէտք է եռապատկուին», նշած է ազրպէյճանցի նախարարը:

Լաւրով իր կարգին յայտարարած է, թէ բազմաթիւ մօտեցումներ, որոնք պէտք է յանգեցնեն ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ արդիւնքի, արդէն ուրուագծուած են:

«Տագնապը ոչ ոքի ձեռնտու է, պէտք է փնտռել լուծումներ, առաւել եւս, որ բազմաթիւ մօտեցումներ, որոնք պէտք է յանգեցնեն արդիւնքի, արդէն ուրուագծուած են», ըսած է ան:

Լաւրով յայտնած է նաեւ, որ նախարարները բանակցութիւններու ընթացքին կարծիքներ փոխանակած են ուղղութիւններու վերաբերեալ, որոնք կրնան առաջնորդել տագնապի լուծման:

«Իբրեւ երեք համանախագահներէն մէկը` մենք պիտի աշխատինք երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծման խաղաղ ուղիի վրայ», ընդգծած է Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշած է նաեւ, որ դիւանագիտութիւնը կրնայ օգնել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու «մեռեալ կէտէն»:

Լաւրով. «Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Փակուղային Յարաբերութիւնները
Չեն Վնասած Տագնապի Լուծման Շուրջ Համագործակցութիւնը»

Հակառակ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու խոր տարակարծութիւններուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը վնաս չէ կրած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդուի: Ղարաբաղեան տագնապի լուծումը միջնորդ երկիրներու տեսանկիւնէն բացառիկ է այն բանով, որ հակառակ խոր տարակարծութիւններուն, որոնք այժմ կուտակուած են մեր յարաբերութիւններուն մէջ, նախ եւ առաջ քոնկրեսի եւ Դեմոկրատական կուսակցութեան, Հանրապետական կուսակցութեան զգալի մասին ռուսաֆոպիական քաղաքականութեան պատճառով… Ի հարկէ, բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ յարաբերութիւնները խոր փակուղիի մէջ են, սակայն ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ համագործակցութիւնը չէ տուժած մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն պատճառով», ըսած է Լաւրով:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով նաեւ յայտարարած է, թէ Ռուսիան հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ հասարակաց դիրքերէ:

«Համանախագահները, դեսպանները կը հանդիպին նախարարներուն հետ, պարբերաբար այցելութիւններ կը կատարեն շրջան: Ես յոյսով եմ, որ անցեալ ամիս նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը պիտի նպաստէ տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացին», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Աշխատանքային Այցելութեամբ Հասած Է Ֆրանսա

Յաջորդը

Ռամոս Շուրջ 10 Օր Պիտի Բացակայի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.