Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի  Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի  Եւ Կիներու Կազմակերպութեան Ժողովներուն

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Եւ Կիներու Կազմակերպութեան Ժողովներուն

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 24-25 նոյեմբեր 2017-ին, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ` հիւրընկալութեամբ Սպանիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան: Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը: Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր նիւթեր. Ձախի հետ կերտել ապագան` ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ համերաշխութիւն. Բազմաթիւ տագնապներով աշխարհի մը մէջ` աշխատանք կայունութեան...

Սուրիոյ Երեսփոխան Նորա Արիսեան Կը Տեսակցի Հայերու Պաշտպան Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի Հետ

Սուրիոյ Երեսփոխան Նորա Արիսեան Կը Տեսակցի Հայերու Պաշտպան Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի Հետ

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Բրիտանիոյ Լորտերու տան անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի, Սուրիա այցելեց և հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ բարձրաստիճան դէմքերու հետ, որոնց կարգին` Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին եւ խորհրդարանի անդամներուն հետ, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ վերականգնման այս փուլին եւ տիրող իրավիճակին: Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ կոչ ուղղեց պատուիրակութեան անդամներուն` Սուրիոյ իսկական պատկերը փոխանցելու, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Սուրիոյ...

Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ».  Արցախեան Արտադրութիւններու  Ցուցահանդէս-Վաճառքի Բացում

Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ». Արցախեան Արտադրութիւններու Ցուցահանդէս-Վաճառքի Բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին, երէկ` ուրբաթ, 1 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան տօնավաճառի` արցախեան արտադրութիւններու եւ ձեռագործներու ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին անունով խօսք  առաւ Մարալ Մահսէրէճեան: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը արցախեան շարժման...

Ակնարկ.  Լսարաններու Մշակոյթը. Նոր Ձեւաչափը

Ակնարկ. Լսարաններու Մշակոյթը. Նոր Ձեւաչափը

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ բաւական ճանապարհ անցած է լսարաններ կազմակերպելու մշակոյթը: Ժողովրդային հանդիպումներ, մամլոյ տարբեր ներկայացուցիչներու կողմէ նախաձեռնուած լսարաններ, հոգեւոր սուրբգրային սերտողութիւններ, բժշկական-առողջապահական բնոյթի բացատրողական հանդիպումներ, ուսանողական եւ երիտասարդական հաւաքներ, արուեստագէտներու հանդիպումներ, քաղաքացիական խնդիրներ քննարկող խումբ կամ լրագրական դասընթացքներու հետեւողներ ու տակաւին Դիմատետրի ընկերներու ոչ վիրթուալ, այլ միատեղ հանդիպելու օրինակներ` կու գան շատ կարեւոր ներդրում մը ապահովելու լիբանանահայ համայնքի կազմակերպ...

Արմէն Ռուստամեան ԵՏՄ-էն Դուրս Գալու Մասին.  «Կը Քննարկենք Հարց Մը, Որ Խաղէն Դուրս Է»

Արմէն Ռուստամեան ԵՏՄ-էն Դուրս Գալու Մասին. «Կը Քննարկենք Հարց Մը, Որ Խաղէն Դուրս Է»

Երէկ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին մէջ քննարկուեցաւ «Ելք» խմբակցութեան` Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) Հայաստանի դուրս գալու առաջարկին Ազգային ժողովի նիստերու օրակարգ մտցնելու հարցը: ՀՅԴ-ի տեսակէտը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Պատգամաւորը նախ նշեց, որ այս հարցը այնքան քննարկուած է, որ բովանդակային վերլուծութիւններու կարիք չկայ, ապա անդրադարձաւ  այն դրոյթին, որ մեր երկրի...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ  «Թեսլա»-ի Հիմնադիրին Թուրքիա Այցելութիւնը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ «Թեսլա»-ի Հիմնադիրին Թուրքիա Այցելութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դատապարտած է ելեկտրական շարժակներով բանող ինքնաշարժներ արտադրող ամերիկեան «Թեսլա» ընկերութեան հիմնադիր Էլոն Մասքի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան նաեւ այցելած էր հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի դամբարանը: Ըստ «Թայմթիւրք»-ի, Թուրքիա այցելած Մասք հանդիպած էր երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Կողմերը քննարկած էին «Թեսլա»-ի եւ թրքական ընկերութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Մասքի...

Նախարար Վիգէն Սարգսեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Մինսք

Նախարար Վիգէն Սարգսեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Մինսք

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Պիելոռուսիոյ  պաշտպանութեան նախարարին հրաւէրով, 27 նոյեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Մինսք: 28 նոյեմբերի երեկոյեան պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Պիելոռուսիոյ զինուորական ակադեմիային մէջ : Հանդիպումին ընթացքին նախարար Վիգէն Սարգսեանին ներկայացուած է ակադեմիայի կառուցուածքը, ուսումնառութեան հոլովոյթը: Հայկական պատուիրակութիւնը շրջագայած է ակադեմիային մէջ եւ  ծանօթացած սաներուն համար ստեղծուած պայմաններուն: Հանդիպումին որոշում տրուած է ուսումնասիրել հայկական եւ  պիելոռուսական...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2017-ին իր կազմակերպած ռատիոթոնի ընթացքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուեցաւ 90.560 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ հիմնադրամի «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրին, որուն շնորհիւ Արցախի տարածքին պիտի հորատուին արտեզեան ջրհորներ եւ պիտի հաստատուին ոռոգման ցանցեր, ինչպէս նաեւ հանրային կառոյցները պիտի օժտուին արեւային ուժանիւթով բանող համակարգերով: Այս տարուան ռատիոթոնը անգամ մը եւս...

Խմբագրական.  Բերքառատ Հանգանակութիւն

Խմբագրական. Բերքառատ Հանգանակութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2017-ի հանգանակութեամբ գոյացած գումարը, ինչպէս յայտարարուած է, պիտի յատկացուի արթեզեան ջրհորներու հորատումի եւ ոռոգման նոր ցանցի կառուցումի եւ արեւային ուժանիւթով բանող համակարգի տեղադրման: Երկու նպատակներն ալ Արցախի ժողովուրդի կենսական կարիքներուն հետ սերտօրէն առնչուած են  եւ ըստ էութեան հիմնովին կը սատարեն երկարաժամկէտ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացման: Ապագայագիտութիւնը այս երկու ուղղութիւններուն վրայ յատուկ ուշադրութեամբ կը կեդրոնանայ` ընդգծելու համար...

Զարիֆ. «Հայաստանը Իրանին Համար  Միշտ Շատ Լաւ Դրացի Եղած Է»

Զարիֆ. «Հայաստանը Իրանին Համար Միշտ Շատ Լաւ Դրացի Եղած Է»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց  նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը: Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ  խօսած է երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի աշխուժ  փոխադարձ այցելութիւններուն մասին եւ ընդգծած, որ անոնք կարելիութիւն կու տան աւելի մեծ հոգատարութեամբ զարգացնելու երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան հիմքին վրայ կառուցուած միջպետական յարաբերութիւնները: Նախագահ Սարգսեան հանդիպումին առիթով անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնած է...

Լիբանանի Մէջ Սպանիոյ Դեսպանը  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Լիբանանի Մէջ Սպանիոյ Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, 28 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Ժոզէ Մարիա Ֆերրէն: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու հրամայականը: Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ անդրադառնալու վերջին տասնամեակներուն Սպանիա հաստատուած հայ համայնքին: Վեհափառ...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Միասնական  Ռուսիա Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Միասնական Ռուսիա Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ Տումային մէջ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող իշխող քաղաքական ուժին` Միասնական Ռուսիա կուսակցութեան պատուիրակութիւնը: Ողջունելով հիւրերը եւ ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնը իրաւամբ կը բնութագրուի իբրեւ  ռազմավարական եւ դաշնակցային, հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ փաստած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը յատկանշուին մշտական աշխուժ քաղաքական երկխօսութեամբ, արտաքին քաղաքական համակարգումի բարձր մակարդակով, արդիւնաւէտ աշխատանքով միջազգային հարթակներուն վրայ,...

Հրանդ Մարգարեան այցելեց Մօնթէվիտէօ

Հրանդ Մարգարեան այցելեց Մօնթէվիտէօ

Հանդիպումներ քաղաքական դէմքերու հետ Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութներ այցելութիւններու ծիրեն ներս, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեան այցելեց Ուրուկուայ և մայրաքաղաք Մօնթէվիտէօ: Կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ թէ պետական և թէ համայնքային մակարդակներու վրայ։ Իրեն կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Հարաւայի Ամերիկայի ԿԿի անդամներ, Էտուարտօ Կոստանեանը և Արփի Հոճաճանեանը։ Պետական մակարդակի վրայ ընկ Հ. Մարգարեանի առաջին հանդիպումը, հայասէր և Հայ Դատի պաշտպան ծերակուտական, Ուրուկուայ-Հայաստան...

«Կը Զօրակցինք Նախագահ  Աունի Նախաձեռնութեան»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կը Զօրակցինք Նախագահ Աունի Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւիրած քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց նախագահական պալատ: Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի նախագահ Աունի նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է երկրին քաղաքական աշխատանքը հունի մէջ դնել: «Մաղթեցինք, որ նախագահ Աուն այդ նախաձեռնութեան կառչած մնայ` մինչեւ տագնապին լուծումը»,...

Պուրճ Համուտի Ոստիկանուհիներու  Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութիւնը

Պուրճ Համուտի Ոստիկանուհիներու Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութիւնը

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, երէկ` երկուշաբթի, 27 նոյեմբեր 2017-ին, «Մասթըր Մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանի ոստիկանուհիներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ռոմի Եուսեֆ: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Պուրճ Համուտը առաջին քաղաքապետութիւնն էր, որ քաջալերեց կիներու ներկայութիւնը քաղաքապետարանի ոստիկանութեան մէջ: Այսօր մօտաւորապէս 40 կին ոստիկաններ ունի քաղաքապետարանը:...

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Եւրոպական Միութիւնը Ստորագրել Են Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Խմբագրական. Բազմաշառաւիղ Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարեւոր Անկիւնադարձը

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած արեւելեան գործընկերութեան համաձայնագիրը բազմաթիւ ուղղութիւններով հեռանկարային նոր հորիզոններ կ՛ուրուագծէ մեր երկրին համար: Կար ընդհանուր տպաւորութիւն, որ այս առաջադրանքը առաւելաբար գերակայ էր մեր երկրին համար, որ Վիլնիւսի մէջ լուրջ խոչընդոտի հանդիպած էր իրականացնելու համար «Թէ-թէ»-ի վարքագիծը: Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութիւնը փաստօրէն խանգարած էր, որ Երեւանը ստորագրէ երկարատեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Ըստ էութեան...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Նախարարներու  Վեհաժողովը Միաձայնութեամբ Ընդունեց  Երեւանի Մէջ Վեհաժողովի Կազմակերպման  Վերաբերեալ Հայաստանի Բոլոր Առաջարկները

Ֆրանսախօս Երկիրներու Նախարարներու Վեհաժողովը Միաձայնութեամբ Ընդունեց Երեւանի Մէջ Վեհաժողովի Կազմակերպման Վերաբերեալ Հայաստանի Բոլոր Առաջարկները

26 նոյեմբերին Փարիզի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու  նախարարներու 34-րդ համաժողովին ներկայացուեցաւ 2018-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վեհաժողովի մասնակիցներու հաստատման ներկայացուց կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու նստաշրջաններու  ժամկէտերը, վեհաժողովի խորհրդանիշը, կարգախօսը եւ քննարկումներու հիմնական նիւթերը: Հայաստանի առաջարկով որոշուեցան Ֆրանսախօս երկիրներու Երեւանի վեհաժողովը 11-12 հոկտեմբեր 2018-ին, իսկ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու  նիստերը...

«Պատանիի Օր»-ը Նշուեցաւ Հանդիսաւոր  Շուքով` Շուշիի Ազատագրման 25-ամեակի Խորհուրդով

«Պատանիի Օր»-ը Նշուեցաւ Հանդիսաւոր Շուքով` Շուշիի Ազատագրման 25-ամեակի Խորհուրդով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին երէկ` կիրակի, 26 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ տարիներու աւանդութիւն դարձած «Պատանիի օր»-ուան հանդիսութիւնը` «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին» կարգախօսով: Ձեռնարկին ներկայ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները: Լիբանանի եւ Հայաստանի...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէ.  Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակի  Նշում Եւ Զինուորական Ցուցադրութիւն

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէ. Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակի Նշում Եւ Զինուորական Ցուցադրութիւն

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 25 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ֆանարի ժողովրդային տուներուն կից տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 74-ամեակի նշում եւ զինուորական ցուցադրութիւն: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Ժտէյտէ-Սատ Պաուշրիէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, Ֆանարի քաղաքապետ Ժորժ Սալամէ, Ֆանարի հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան  եւ ընկերային, մշակութային, բարեգործական միութիւններու...

Բոլոր Հայկական Վարժարաններուն  Մասնակցութեամբ «Անսխալ Գրենք»  Մրցումի Կազմակերպում

Բոլոր Հայկական Վարժարաններուն Մասնակցութեամբ «Անսխալ Գրենք» Մրցումի Կազմակերպում

Երէկ` կիրակի, 26 նոյեմբեր 2017-ին, խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին առջեւ... «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին մասնակցող փոքրիկներն էին, որոնք արդէն ճշդուած ժամէն իսկ առաջ եկած էին ապրելու համար իրենց առաջին փորձառութիւնը` նկատի առնելով, որ աւանդութիւն դարձած այս մրցումին կը մասնակցին չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները: Այսպէս, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը յաջորդաբար...

Page 592 of 796 1 … 591 592 593 … 796

Արխիւներ