26 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարին կից անձնակազմի նիստ, որուն ընթացքին ամփոփուած են 2017-ի արդիւնքներն ու նախանշուած են ընթացիկ տարուան հիմնական ընելիքները: Հայկական երկու հանրապետութիւներու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման շրջագիծին մէջ նիստին մասնակցած են նաեւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչները:
Նիստի ընթացքին 2017 ուսումնական տարուան մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստակամութեան, մարտական հերթապահութեան արդիւնքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն վերաբերեալ հիմնական հաշուետու զեկուցումով հանդէս եկած է Հայաստանի զինուած ուժերու հրամանատար, գնդապետ-զօրավար Մովսէս Յակոբեան: Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ անցեալ ուսումնական տարուան ծրագրուած կարգով շարունակուած են զօրքերու պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան չափորոշիչներու, ուսումնական-մարտական խնդիրներու կատարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, մարտական հերթապահութեան կրման պայմաններու եւ ամրաշինական կառոյցներու կատարելագործման ուղղուած աշխատանքները:
Զեկուցումներով հանդէս եկած են նաեւ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալները, որոնք, ըստ համապատասխան ուղղութիւններու, ներկայացուցած են 2017-ի ընթացքին իրականացած գործերը եւ յառաջիկայ աշխատանքային ուղղութիւնները:
Ամփոփելով 2017 թուականը` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է, որ հայկական զինուժը պատուով կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրները, ընդ որում` կեանքի կոչուած են շարք մը նոր ու բացառիկ ծրագիրներ: Նախարար Սարգսեան շեշտած է, որ 2017-ն կարեւոր տարի էր պաշտպանական մարզին վերաբերող օրէնսդրութիւնը ամբողջութեամբ վերատեսութեան ենթարկելու եւ զինուորական ծառայութեան ու զինուորի կարգավիճակի մասին նոր առանցքային դրութիւններ սահմանելու համար:
Անդրադառնալով ընկերային ծրագիրներուն` նախարարը չափազանց կարեւոր նկատած է բացառիկ թափանցիկութեան սկզբունքով գործող Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամի գործունէութեան շարունակականութիւնը: Հիմնադրամ, որ նիւթական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ հերոսացած կամ հաշմանդամ դարձած զինուորներու ընտանիքներուն: Լուծուած է նաեւ զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինուորներու անօթեւան ընտանիքներու բնակարաններով օժտելու հարցը:
Նախարար Վիգէն Սարգսեան խօսած է նաեւ յառաջիկային սկսող ընկերային նոր ու բացառիկ ծրագիրի մը մասին, որ զինուորներուն բնակարաններ տրամադրելու կարելիութիւն կու տայ` վարկերու աննախադէպ պայմաններով: Ծրագիրը շուտով պիտի ներկայացուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարին, տարին յատկանշուած է զինուորական կրթութեան վերաբերող բարեփոխումներով, որոնց մեկնարկը տրուած է Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի` նոր ու գերժամանակակից պայմաններով ուսումնական համալիր տեղափոխութեամբ: Յառաջիկային պիտի վերակառուցուի եւ վերազինուի նաեւ Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական համալսարանը:
Նախարար Սարգսեան նիստի մասնակիցներուն նաեւ տեղեկացուցած է, որ բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրը արդէն պատրաստ է եւ ներկայացուած երկրի ղեկավարին: Այդ ծրագիրով կը նախատեսուի զինուած ուժերը հասցնել նոր ու բացառիկ մակարդակի:



