Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը: Նախքան հանդիպումին սկսիլը Սարգսեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին չյստակացուց` կ՛ընդունի՞ արդեօք նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկը:
«Պիտի հանդիպիմ բոլոր կուսակցութիւններուն հետ, որոնք ներկայացուած են Ազգային ժողովին մէջ, նաեւ Ազգային ժողովէն դուրս բոլոր կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, մշակութային, գիտական, կրթական համակարգերու ներկայացուցիչներուն հետ: Որմէ ետք պիտի տամ որոշում, եւ վստահ եղէք, որ հաճոյքով պիտի պատասխանեմ ձեր բոլոր հարցումներուն», ըսաւ ան:
Արմէն Սարգսեան նշեց նաեւ, որ ՀՀԿ խմբակցութեան հետ հանդիպումէն ետք որոշակի յստակութիւն եղաւ իր դիրքորոշման մէջ: Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ ուրախ են ընդունելով նախագահի թեկնածուն:



