Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Օրուան Առիթով` Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, Վարչապետն Ու Բարձրաստիճան Պաշտօնեաները Հաստատեցին Ուժեղ Եւ Արդիական Բանակ Ունենալու Կարեւորութիւնը

January 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց բանակի օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին ընկերակցութեամբ  երէկ` կիրակի, 28 յունուար 2018-ին այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու  իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Ներկաներու շարքին էին վարչապետ Կարէն Կարապետեան, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետն ու գլխաւոր դատախազը:

Նշենք, որ բարձրագոյն ղեկավարութեան այցելութենէն անկախ, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելողներու շարքին եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան գլխաւոր թեկնածու Արմէն Սարգսեան: Նախագահի թեկնածուին ընկերակցեցան նախկին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը` Արմէն Սարգսեան եւ գրող-հրապարակագիր Զօրի Բալայեան:

Մինչ այդ, նախագահ Սարգսեանը հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած անձնուիրութեան եւ խիզախութեան համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներու  անդամներուն յանձնած է զոհուած հերոսներուն յետմահու շնորհուած պետական բարձր պարգեւները:

Բանակի օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահը նաեւ յղած է իր շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ անդրադարձած է բանակի կարեւորութեան` երկրի անվտանգութեան եւ շրջանի կայունութեան ու խաղաղութեան համար: Նախագահը իր ուղերձին մէջ ըսած է. «Մեր բանակը, ըլլալով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան յուսալի երաշխիքը, նաեւ շրջանային կայունութեան շատ կարեւոր բաղադրիչն է:

Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պետականութեան եւ կանոնաւոր բանակի բացակայութիւն եւ գիտենք, թէ որքա՛ն սուղ վճարած ենք անոր համար: Ծանր փորձութիւններ տեսած ազգի մը համար սեփական բանակի գոյութիւնն իսկ ունի առանձնայատուկ ընկալում:

«Մեր բանակը համաժողովրդական բանակ է, որ իր ստեղծման օրէն կը զգայ  ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը, կը վայելէ ժողովուրդի վստահութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Վստահ եմ, որ ապագային եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը պիտի գուրգուրան իրենց առաջնեկին»:

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ բանակի այսօրուան վիճակին եւ ըսած. «Գաղտնիք չէ, որ այսօր մենք որակապէս այլ բանակ ունինք` զինուած ամէնէն արդիական զինատեսակներով, յագեցած ժամանակակից սարքաւորումներով: Բայց մենք կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք հետեւողականօրէն բարձրացնել մեր բանակի մարտունակութիւնը: Այդ նպատակով ընդունուած է բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիր, ինչ որ կեանքի պիտի  կոչենք ժամանակացոյցին համապատասխան: Անձամբ ես ջանք պիտի  չխնայեմ, որ մեր բանակը դառնայ աւելի արդիական եւ աւելի ուժեղ»:

Իր խօսքի աւարտին նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Այսօր մենք Եռաբլուր կը գտնուինք: Այս սրբազան տօնին օրը մեր պարտքն է գլուխ խոնարհել հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքին գնով մեզի կեանք եւ ազատութիւն պարգեւեցին: Վշտակից ենք մեր բոլոր զոհուածներու  ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Կոչ կ՛ուղղենք սերունդներուն` մշտապէս վառ պահելու անոնց յիշատակը, Հայաստանի ժողովուրդին այս կարեւոր տօնի խորհուրդն ու իմաստը»:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը Բանակի օրուան առիթով, նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով պարգեւատրած է խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ` hայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար  եւ անոնց շնորհած է բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ
Բանակի Օրուան Նուիրուած Տօնական Համերգին

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան երէկ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած են Բանակի օրուան` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 26-ամեակին նուիրուած «Յաղթանակներու դար» խորագիրով տօնական համերգին:

Վարչապետ Կարապետեան. «Զինուած Ուժերն Էին
Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Ու Գլխաւոր Ձեռքբերումը»

Բանակի օրուան առիթով վարչապետ Կարէն Կարապետեան յղած է շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ շնորհաւորած է հայ ժողովուրդն ու բանակի ծառայողները եւ ըսած. «Հայոց բանակի կազմաւորումը տեղի ունեցած է մեր անկախ պետականութեան ամէնէն ծանր տարիներուն` պարտադրուած պատերազմի պայմաններուն մէջ, եւ այսօր հպարտութեամբ կը նշենք, որ մեր զինուած ուժերն էին Հայաստանի անկախութեան առաջին ու գլխաւոր ձեռքբերումը: Այսօր անկարելի է գերագնահատել հայոց բանակի դերն ու նշանակութիւնը:

Բոլոր զինուորներուն կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ բարի ծառայութիւն` ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան»:

 

Նախորդը

Կարօ Փայլան Կ՛ընդդիմանայ Աֆրինի Դէմ Շղթայազերծուած Յարձակումին

Յաջորդը

Խմբագրական. Ազգը Պաշտպանողը, Տարածաշրջանի Խաղաղապահը, Անվտանգութիւն Հայթայթողը (Հայոց Բանակի Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.