Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներուն Հանդիպումը

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հանդիպումը

Երէկ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը: Այս մասին իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան: Մինչ այդ, Վիեննայի մէջ  տեղի ունեցած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Սթեֆան Վիսքոնթիի եւ Էնտրիւ Շոֆըրի միջեւ հանդիպումը: Հանդիպումին ներկայ էր ԵԱՀԿ-ի գործող...

Պետական Պիւտճէի Նախագիծի  Քննարկման Ժամանակ.  «Կ՛ակնկալենք Աւելի Արդիւնաւէտ  Փոփոխութիւններ»  Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Պետական Պիւտճէի Նախագիծի Քննարկման Ժամանակ. «Կ՛ակնկալենք Աւելի Արդիւնաւէտ Փոփոխութիւններ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ այս օրերուն կը քննարկուի 2018-ի պետական պիւտճէի նախագիծը: ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցած է խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Ան նշած է, որ պիւտճէի նախնական տարբերակին շուրջ իրենց տեսակէտը յայտնած են: «Ըսած ենք, որ պիւտճէն կը դիտարկենք իբրեւ տնտեսական զարգացման հիմքեր ստեղծող, որոշ չափով գօտիները սեղմող եւ հետագայ  զարգացումներուն պատրաստուող: Կայ վստահութիւն կառավարութեան բարեփոխումներուն նկատմամբ: Լիայոյս ենք,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէն ողջունած է վարչապետ Հարիրիի` իր հրաժարականը յետս կոչելու կեցուածքը, որ կարելի է նկատել ընդառաջում բոլոր  լիբանանցիներուն փափաքին, սկսեալ հանրապետութեան...

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Քննարկէ  Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական  Եւ Քաղաքական Ժողովներուն Քառամեայ Գործունէութիւնը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Քննարկէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովներուն Քառամեայ Գործունէութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի բացման նիստէն ետք, յաջորդական 5 նիստերու վրայ, ներկայացուեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները` տեսերիզի ճամբով, եւ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կրօնական ժողովի տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու եւ զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին: Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցին ժողովուրդին տանող այլ ծիրերուն,...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Նոր Տարուան Առիթով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նոր Տարուան Առիթով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Երէկ` չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 15 գեղանկարիչ եւ քանդակագործ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը բացումը: Ցուցահանդէսը կը հովանաւորէր Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր: Համազգայինի ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւորին, ինչպէս նաեւ այս նախաձեռնութեան իր նպաստը բերած Սարգիս Պուտագեանին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Համազգայինի...

Արցախի Մէջ.  Պետականութեան Վերականգնման 100-ամեակին  Նուիրուած Տօնակատարութիւններու  Նախապատրաստական Աշխատանքներ

Արցախի Մէջ. Պետականութեան Վերականգնման 100-ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւններու Նախապատրաստական Աշխատանքներ

5 դեկտեմբերին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով տեղի ունեցած է  հանդիպում, որուն կը մասնակցէին Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահվերդեանը, «Ապառաժ»  թերթի խմբագիր Արա Պուլուզեանը: Հանդիպումի քննարկման հիմնական նիւթը հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման հարցն էր: Նշուած է, որ անհրաժեշտ է կապ հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան...

Աղուան Վարդանեան Կոչ Կ՛ուղղէ`  Լափշինի Վերաբերող Ազգային Ժողովի  Յայտարարութիւն Հրապարակելու

«ՀՅԴ-ն 2018-ի Պետական Պիւտճէին Վերաբերեալ 8 Առաջարկ Ներկայացուցած Է» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

ՀՅ Դաշնակցութիւնը 2018-ի պետական պիւտճէի վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուցած է: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը: Ան հերքեց մամուլի հրապարակումները այն մասին, որ Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը մերժած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցած բոլոր առաջարկները: «Առաջարկներ կատարելու ժամկէտը անցած է, մենք առաջարկներ կատարած ենք արդէն: Բայց պիւտճէի ամփոփաթերթիկը տակաւին չէ ներկայացուած, երբ  ըլլայ` կը տեսնէք, կը համոզուիք: Մամուլը շատ...

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը  Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Զանազան Մարզերը Յատուկ Ուշադրութեամբ Ծրագրելու Անհրաժեշտութիւնը Երէկ` երեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017: Քառօրեայ ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Բացման նիստին իր հայրապետական պատգամը...

Համազգայինը Ալֆորվիլի Մէջ`  Մշակութային Տան Հրաւէրով

Համազգայինը Ալֆորվիլի Մէջ` Մշակութային Տան Հրաւէրով

23 նոյեմբերէն մինչեւ 26 նոյեմբեր 2017 Ալֆորվիլի (Փարիզ, Ֆրանսա) քաղաքապետութեան Մշակութային բեւեռի (Pole Culturel-POC) ընդարձակ սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի Հայկական մշակութային տան (MCA) կողմէ տասնամեակէ մը ի վեր տարեկան յաճախականութեամբ տեղի ունեցող «Արմէն-Լիվր» («Արմէն գիրքեր») անունը կրող ձեռնարկը: Իւրաքանչիւր ձեռնարկին իբրեւ պատուոյ հիւր կը հրաւիրուի միութիւն մը կամ անհատ մը: Այս տարուան հիւրը Համազգայինն էր: Բացման օրը (հինգշաբթի,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին. 5-8 Դեկտեմբեր 2017 Անթիլիաս, Լիբանան

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին. 5-8 Դեկտեմբեր 2017 Անթիլիաս, Լիբանան

Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օրէնսդիր մարմին: Ձեր ներկայութիւնը մայրավանքին մէջ կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որպէս ժողովուրդի՛ եկեղեցին: Եկեղեցի մը, որուն կեանքին ու առաքելութեան գործնապէս մասնակից է մեր ժողովուրդը: Եկեղեցի մը, որուն առաքելութիւնը ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ չէ, այլ ուղղուած է մեր ժողովուրդին: Ահա թէ ինչո՛ւ, խօսելով Մեծի Տանն...

ՀՅԴ-ն Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական  Կուսակցութեան Խորհուրդի Ժողովին

ՀՅԴ-ն Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան Խորհուրդի Ժողովին

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան (ԵԸԿ) խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 1-2 դեկտեմբեր 2017-ին, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ` հիւրընկալութեամբ Փորթուգալի Ընկերվարական կուսակցութեան: Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 500 մասնակիցներ` երեսփոխաններ, հրաւիրեալներ եւ գործիչներ: ՀՅԴ-ի կողմէ խորհուրդի ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ժողովի բնաբանն էր «Յառաջդիմական Եւրոպա` վերանորոգում»: Ժողովը քննարկեց Եւրոպայի ապագայի,...

Վարդանեան. «Սեւծովեան Տնտեսական  Համագործակցութեան Խորհրդարանական  Վեհաժողովը Քաղաքական Կառոյց Չէ»

Վարդանեան. «Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովը Քաղաքական Կառոյց Չէ»

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովը զուտ տնտեսական ֆորում է եւ որեւէ լիազօրութիւն չունի քաղաքական հարցեր, յատկապէս տագնապներ քննարկելու եւ գնահատականներ տալու, խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան անդամ Աղուան Վարդանեան` անդրադառնալով վեհաժողովի նիստին ընթացքին ընդունուած հակահայկական յայտարարութեան: «Ընդունուած հռչակագիրը կառոյցի 25-ամեակին նուիրուած...

Արցախի Մէջ.  «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Հետ Քննարկուած Է 2018-ի Պիւտճէի Նախագիծը

Արցախի Մէջ. «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Հետ Քննարկուած Է 2018-ի Պիւտճէի Նախագիծը

1 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի եւ ելեւմուտքի նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին  քննարկուած է 2018-ի պիւտճէի նախագիծը: Խմբակցութեան անդամներուն կողմէ հարցումներ ուղղուած են Ազգային Ժողովին ներկայացուած Արցախի Հանրապետութեան 2018-ի պիւտճէի  օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ: Կառավարութեան հետ քննարկումներուն ընթացքին «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամները հնչեցուցած են չօգտագործուող բնակարաններու շահագործման, վթարային...

Աւելի Քան 700 Հայորդի Համախմբող  Ընթրիք-Հաւաք` Զահլէի Մէջ.  «Զահլէն Յաւելեալ Ուշադրութեան  Առարկայ Պիտի Դարձնենք»  Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

«Յաջողեցաք Զահլէին Պատիւը Պահել, Որովհետեւ Հաւատացիք, Որ Ձեր Պատիւը, Հայու Պատիւը, Լիբանանցիի Պատիւն Է, Որ Կը Պահէք» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով Զահլէի մէջ 2 դեկտեմբերին կազմակերպուած 700 հայորդիներու ընթրիք-հաւաքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խօսքը: Այսօր այս հաւաքը բացառիկ արժէք ունի. պիտի զարմանաք, որ պիտի չխօսիմ Դաշնակցութեան մասին, ո՛չ ալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին, այլ պիտի խօսիմ հայութեան մասին: Սայիտ Աքըլ հպարտօրէն ըսած է. «Սաննինը եւ Արարատը երկու...

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը` Արցախի Մէջ.  «Մենք Կրնանք Եւ Պիտի Պաշտպանենք Մեր Սահմանը»

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը` Արցախի Մէջ. «Մենք Կրնանք Եւ Պիտի Պաշտպանենք Մեր Սահմանը»

Արցախի Հանրապետութիւն տրուած աշխատանքային այցելութեան երկրորդ օրը` 2 դեկտեմբերին, հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմերու  ներկայացուցիչներուն հետ դիտած է Արցախի Հանրապետութեան հարաւարեւելեան հատուածին մէջ պաշտպանութեան բանակի համահաւաք զօրախումբին կողմէ կազմակերպուած  ռազմափորձերը, խրախուսած զինուորները: Նոյն օրը, հանրապետութեան նախագահը ներկայ...

Արմէն Ռուստամեան. «Ակնյայտ Է,  Որ Պայմանաւորուածութիւնները  Ազրպէյճանի Համար Ինքնանպատակ Են»

Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրին` Ստորագրումով Ազրպէյճանի Շարք Մը Փաստարկներ Չէզոքացուեցան

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի կարծիքով` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կարելիութիւններ կու տայ Եւրոպական Միութեան հետ խորացնելու նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները: Միաժամանակ, ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ այն տեսակէտին, որ շրջանակային համաձայնագիրին մէջ տնտեսական հատուածը` Հայաստան-Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան  համաձայնագիրին հետ համեմատած, աւելի քիչ է: Դիտարկման,...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 135.  «Քրտական Գործօնը` Շրջանի Նորագոյն  Իրադարձութիւններուն Լոյսին Տակ»  Նիւթով Դասախօսութիւն

Մամլոյ Լսարան Թիւ 135. «Քրտական Գործօնը` Շրջանի Նորագոյն Իրադարձութիւններուն Լոյսին Տակ» Նիւթով Դասախօսութիւն

«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին,  երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ դոկտ. Վիգէն Չթըրեան ներկայացուց «Քրտական գործօնը` շրջանի նորագոյն իրադարձութիւններուն լոյսին տակ» նիւթով դասախօսութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պետօ Տեմիրճեան: Ան ըսաւ, որ Վիգէն Չթըրեան Լիբանան կը գտնուի ներկայացնելու համար իր հեղինակած «Բաց վէրքեր. հայեր, թուրքեր եւ դար մը Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ գիրքին...

ԼՕԽ-ը Կրթանպաստ Տրամադրեց  264 Աշակերտներու

ԼՕԽ-ը Կրթանպաստ Տրամադրեց 264 Աշակերտներու

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու ու աշակերտներու: Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց Սիւզան Օհանեան: Ապա օրուան պատգամը ուղղեց Յակոբ Հաւաթեան, որ...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային  Այցելութեամբ Հասած Է Արցախ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Հասած Է Արցախ

Հանրապետութեան նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ երէկ  աշխատանքային այցելութիւն տուած է Արցախի Հանրապետութիւն: Նախագահ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցած է աւանդաբար կազմակերպուող տարեվերջեան խորհրդակցութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարներու եւ  բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու  մասնակցութեամբ: Քննարկուած են բանակաշինութեան...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի  Հարցազրոյցը` Ուրուկուէյի  «Կոմիտաս» Ձայնասփիւռի Կայանի Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հարցազրոյցը` Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» Ձայնասփիւռի Կայանի Հետ

Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութներ այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հարցազրոյց մը ունեցած է Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» ձայնասփիւռի կայանին հետ: Զրուցավար Կարօ Հեքիմեանի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է ընդհանրապէս Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, յատկապէս` բանակին, պարտադիր զինուորական ծառայութեան մասին օրէնքին, Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակին, Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման հարցին, Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ դերակատարութեան, անոր...

Page 591 of 796 1 … 590 591 592 … 796

Արխիւներ