Նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ու Գերագոյն Մարմինի անդամներու հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Սարգսեանի առաջադրման հարցը քննարկած են, խօսած են իրենց պատկերացումներուն եւ այն նոր էջին մասին, որ պիտի բացուի Հայաստանի համար:
«Խորհրդարանական համակարգին մէջ բոլոր կառոյցները նորովի ձեւաւորելու խնդիր կայ, եւ մեր խորին համոզումով, լաւ սկիզբը գործի կէսն է, եւ այդ լաւ սկիզբը իրարու հետ ընելու մասին խօսած ենք, քննարկած Հայաստանի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին խնդիրները: Ուզած ենք փոխանցել, որ ասիկա պատմական մեծ առաքելութիւն է, որ պէտք է նախագահը իրականացնէ», ըսաւ Ռուստամեան:
Ան նշեց, որ իրենց եւ թեկնածուին մօտեցումները այնքանով կը համապատասխանեն, որ Սարգսեանն ալ կ՛ըսէ` խօսքը կը վերաբերի չորրորդ հանրապետութեան:
«Մենք ժամանակին նոյն գնահատականը տուած ենք, որ խորհրդարանական համակարգին անցնելով կը ձեւաւորուի Հայաստանի 4-րդ հանրապետութիւնը», նկատել տուաւ ան:
Պատասխանելով «Երկիր»-ի հարցումին, թէ հանդիպումէն ետք յստակ դիրքորոշում ունի՞ն Սարգսեանին սատարելու հարցով, Ռուստամեան ըսաւ. «Ասիկա նախնական հանդիպում էր: Մենք Գերագոյն մարմին-Բիւրօ միացեալ արդիւնքները պիտի ամփոփենք, եւ ան ալ իր վերջնական որոշումը պիտի տայ: Եթէ ան համաձայնի առաջադրուիլ, մենք ամենայն հաւանականութեամբ պիտի պաշտպանենք անոր թեկնածութիւնը: Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան չսատարելու պատճառ չենք տեսներ, որովհետեւ ան իսկապէս կը պատկերացնէ այն պատմական մեծ առաքելութիւնը, որ այսօր պէտք է իրականացնէ: Լաւագոյն անձերէն մէկն է, որ կրնայ իսկապէս հայութիւնը միաւորելու կարեւոր հոլովոյթ մը իրականացնել թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս»:



