Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն

January 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիրի մասնաշէնք` Երեւանի առաջին քաղաքային հիւանդանոցին մէջ տեղակայուած Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն, որ ստեղծուած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) եւ պաշտպանութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ` երկրի նախագահին աջակցութեամբ եւ բազմաթիւ բարերարներու ու անհատ քաղաքացիներու կողմէ տրամադրուած միջոցներու շնորհիւ:

Նախագահը պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, ԵՊԲՀ-ի նախագահ Արմէն Մուրադեանի եւ շարք մը բարերարներու ընկերակցութեամբ շրջած է վերականգնողական կեդրոնին մէջ, ծանօթացած իր նախորդ այցելութենէն ետք` քանի մը ամսուան ընթացքին կատարուած մեծ ծաւալի աշխատանքներուն, զինուոր հաշմանդամներու համար հիմնուած վերականգնողական մասնագիտական կեդրոնի ընթացիկ գործունէութեան ու զարգացման հետագայ ծրագիրներուն: Սերժ Սարգսեան զրուցած է նաեւ կեդրոնին մէջ արդէն իրենց վերականգնողական բուժումը ստացող հայրենիքի պաշտպաններուն հետ:

Համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրադեանի հաստատումով` կեդրոնը պիտի գործէ իբրեւ ամբողջական վերականգնողական համալիր, ուր  զինուորական հաշմանդամներու առողջական հարցերէն բացի պիտի լուծուին նաեւ ընկերային համարկումի, կրթութեան եւ աշխատանքի հարցեր, անիկա յագեցած է գերժամանակակից վերականգնողական սարքերով եւ շրջանին մէջ միակն է իր կարելիութիւններով:

Մուրադեան այս նախագիծի իրագործման հարցով բեկումնային  նկատած է անցեալ տարուան 12 յուլիսին տեղի ունեցած նախագահի այցելութիւնը կեդրոնի շինարարական հրապարակ, որ, ըստ անոր, նոր խթան հանդիսացաւ հետագայ աշխատանքին համար:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է այս շատ կարեւոր  գաղափարը իրականութիւն դարձուցած բոլոր անձերուն, նախ եւ առաջ` կեդրոնին մէջ վերականգնողական բուժում ստացող հայրենիքի պաշտպաններուն` նուիրումի եւ անմնացորդ ծառայութեան համար:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Յարգանքի Տուրքի Մատուցում` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին Ան Մեր Պետականութեան Վերականգնման Մարմնաւորումն Է

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Արմէն Սարգսեանի Թեկնածութեան Չսատարելու Պատճառ Չենք Տեսներ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.