Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Սարգսեան. «Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ` Իմ Խնդիրս Կը Նկատեմ Հայ-Ռուսական Ռազմավարական Յարաբերութիւններու Հետագայ Ամրապնդումը»

Ապրիլ 11, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի նախագահի պաշտօնին վրայ Արմէն Սարգսեան իր առաջին հարցազրոյցը տուած է: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին ան անդրադարձած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, ղարաբաղեան տագնապին, տնտեսական հարցերուն:

«Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները իրապէս յատուկ են դաշնակցային, ռազմավարական բնոյթով, կը ներառեն ամէնէն բարձր մակարդակով աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն, արդիւնաւէտ համագործակցութիւն տնտեսական, զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Կ՛ամրապնդուի մեր փոխադարձ գործակցութեան խորհրդարանական չափով:

«Կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխադարձ գործակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, Եւրասիական տնտեսական միութեան, ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի շրջանակներու, ինչպէս նաեւ այլ բազմակողմանի հարթակներու մէջ, ինչ որ էապէս կը հարստացնէ հայ-ռուսական համագործակցութեան ամբողջ համալիրը», ըստ նախագահի կայքին, ԹԱՍՍ-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արմէն Սարգսեանը` շարունակելով. «Վերջին տարիներուն Հայաստանի ու Ռուսիոյ ղեկավարութեան` Սերժ Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Փութինի միացեալ ջանքերուն շնորհիւ մեր բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը աստիճանաբար զարգացած են, նոր որակ եւ աշխուժութիւն ձեռք բերուած են, համալրուած են նոր ուղենիշներով եւ շեշտադրումներով: Յատկանշական է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով պետական փոխադարձ այցելութիւններ տեղի ունեցած են վերջին տասնամեակի ընթացքին: Միաժամանակ, իրականացուած աշխատանքներու եւ ձեռքբերումներու հետ միասին մենք հետագայ աշխատանքի հսկայական ներուժ ու լայն դաշտ ունինք»:

«Ե՞րբ կը նախատեսէք ձեր առաջին այցելութիւնը Ռուսիա», այս հարցումին  պատասխանելով` նախագահ Սարգսեան նշած է. «Բնականաբար, շատ հետաքրքրուած եմ, որ ամէնէն մօտ ժամանակին Հայաստանի նախագահի կարգավիճակով այցելեմ Մոսկուա: Աւանդաբար, Հայաստանի ղեկավարները առաջին պաշտօնական այցելութիւնները կը կատարեն Մոսկուա: Առայժմ յստակ ժամկէտ չկայ»:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` նախագահ Արմէն Սարգսեան ռուսական գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է. «Ի  վերջոյ շրջանային բոլոր տագնապները պիտի լուծուին, անոնք յաղթահարելի են: Պատմութիւնը աւելի դաժան տագնապներ տեսած է: Արդէն 25 տարիէ  աւելի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւնները կ՛ընթանան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով` համանախագահ երկիրներ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի առաջարկած լուծման սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ: Ռուսիան, իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, առանցքային դեր ունի ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ:

«Յիշեցնեմ, որ 23 տարի առաջ Ղարաբաղի մէջ եռակողմ զինադադարը հաստատուեցաւ Ռուսիոյ միջնորդութեան շնորհիւ: Մենք բարձր կը  գնահատենք տագնապի խաղաղ քաղաքական լուծման ուղղութեամբ այդ միջնորդական ջանքերը: Ակնյայտ է, որ տագնապին լուծման համար  անհրաժեշտ է խաղաղութեան ու համաձայնութեան հասնելու կամք: Խաղաղութեան հասնելու համար Հայաստանը իր կողմէ կը կատարէ ամէն կարելին եւ կ՛ակնկալէ, որ ազրպէյճանական կողմը նոյն վերաբերմունքը ցուցաբերէ»:

Հարցազրոյցին ընթացքին խօսուած է նաեւ Հայաստանի` կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելուն հարցը: «Քաղաքական նոր համակարգի պայմաններուն մէջ պետական իշխանութիւնը լիովին բաժնուած է խորհրդարանի, կառավարութեան ու նախագահի հաստատութիւններուն միջեւ: Վստահ եմ, որ միացեալ ջանքերով մենք պիտի կարենանք լուծել այն սուր խնդիրները, որոնք ծառացած են մեր հասարակութեան առջեւ, որովհետեւ միայն համախմբուած, համերաշխ հասարակութիւնը կրնայ արդիւնաւէտօրէն արձագանգել ժամանակի մարտահրաւէրներուն», նշած է նախագահ Սարգսեան:

Խօսելով Հայաստանի մէջ արտասահմանեան ներդրումներ բերելու անհրաժեշտութեան մասին` նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է. «Անհրաժեշտ է այնպէս մը ընել, որ իւրաքանչիւր կարողական ներդրող գիտնայ, թէ ի՛նչ կը սպասէ իրեն, այսինքն` ի՛նչ պայմաններով պիտի  աշխատի, ինչպիսի՛ն է երկրի օրէնսդրութիւնը, ուր ան ներդրում պիտի կատարէ: Իսկ բարենպաստ ներդրումային միջավայր ապահովելու համար պէտք է ջանասիրութեամբ աշխատիլ: Պէտք է մտածել երկրի տնտեսական եւ ներդրումային գրաւչութեան, օրէնքի գերակայութեան հետագայ ամրապնդման եւ օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասարութեան մասին», ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:

«Ի՞նչ նշանակութիւն ունի Ռուսիան ձեզի համար», այս հարցումին նախագահ Սարգսեանը հետեւեալ պատասխանը տուած է. «Ինծի համար Ռուսիան նախ եւ առաջ եղբայրական երկիր է, որուն հետ մեզ կը կապեն մեր ժողովուրդներու բարեկամութեան ամուր կապերը»: «Իբրեւ  Հայաստանի նախագահ` ես, անկասկած, իմ խնդիրս կը նկատեմ հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումը, մեր ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդումը, մարդկային յարաբերութիւններու զարգացումը», նշած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Ասիկա Հասունցած. Նախապատրաստուած Համաձայնագիր Է»

Յաջորդը

13-15 Ապրիլին Երեւան Կը Հիւրընկալէ Եւրոպայի Քոնկ Ֆուի Բաց Ախոյեանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?