Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Հորսթ Զեհոֆեր ներկայիս աշխատանք կը տանի` Վրաստանն ու Հայաստանը «ապահով երկիրներ»-ու շարքին դասելու: Այս հաստատումը կատարած է Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներէն Շթեֆան Մայեր` աւելցնելով, որ ապաստան տալու մասին դիմումներու մշակման հոլովոյթը արագացնելու նպատակով, նախարարը մտադիր է Վրաստանը եւ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Մարոքը, Թունուզը եւ Ալճերիան նշեալ դասաւորման մէջ առնել: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիամաքս» լրատու գործակալութիւնը:
Վրաստանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ ապաստանեալի խնդրագիրներուն թիւը մեծ է, սակայն շատ քիչ թիւով դիմումներու դրական որոշումներ կը տրուին, ըսած է Մայեր:
2017-ին Գերմանիայէն ապաստան ստանալու խնդրագիր ներկայացուցած են Վրաստանի 3462 եւ Հայաստանի 3857 քաղաքացիներ:
2018-ի սկիզբը, ներկայ խորհրդարանական համաձայնական դաշինքին ստեղծումէն առաջ, մասնակի համաձայնութիւն գոյացած էր Մարոքը, Թունուզը եւ Ալճերիան «ապահով երկիրներ»-ու ցանկին մէջ ընդգրկելու: Այժմ, նախարարը կ՛ուզէ ցանկին վրայ աւելցնել Հայաստանն ու Վրաստանը եւս:



