Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցի քննարկման ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան անունով խօսք առած է խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ նախ եւ առաջ դիտել տուած է, թէ առաջին օրէն իսկ այս համաձայնագիրը ողջունելի էր Դաշնակցութեան համար, որովհետեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցող լուրջ փոփոխութիւնները կը յուշէին, որ ասիկա արդիւնք պիտի տար: «Այս համաձայնագիրը աննախընթաց է անով, որ հասունցած, նախապատրաստուած եւ բոլոր աշխարհաքաղաքական հանգամանքները հաշուի առած համաձայնագիր է», շեշտած է Ռուստամեան:
Ըստ անոր, դիւրին չէ «կա՛մ, կա՛մ»-ի քաղաքականութենէն անցնիլ «ե՛ւ, ե՛ւ»-ի քաղաքականութեան: «Հայաստանը չէր, որ «կա՛մ, կա՛մ»-ի քաղաքականութեամբ կ’առաջնորդուէր, այլ ատիկա կը կատարէին եւրոպացի գործընկերները. ժամանակը ցոյց տուաւ, որ ատիկա ճիշդ մօտեցում չէր: Հարցը կը դրուի հետեւեալ ձեւով. եթէ դուն ինծի հետ չես, ուրեմն ինծի դէմ ես: Այս իրավիճակը փոխուած է ամբողջ գործընթացին մէջ», նշած է Ռուստամեան` աւելցնելով, որ այս փոփոխութենէն ետք տարբեր ձայներ կը լսուին, յատկապէս Ռուսիայէն, որովհետեւ անոնց փափաքն էր, որ նախորդ կացութիւնը շարունակուի:
Պատգամաւորը ընդգծած է, թէ մենք ցոյց տուինք, որ աշխարհը փոխուած է, եւ այդ բանաձեւով կարելի չէ առաջնորդուիլ:
«Շատ լաւ էր, որ մեր եւրոպացի գործընկերները իրենց այդ գործելաոճէն հրաժարեցան: Եւրոպական այն արժեհամակարգը, որ մենք ալ կը կիսենք, չ’ենթադրեր` «ինծի հետ չես, ուրեմն դէմս ես» տրամադրութիւնը:
Այդ պատճառով ալ մենք այդ արժեհամակարգը իւրացուցինք եւ կը հաւատանք, թէ ասիկա մեզի համար պետականաշինութեան ճիշդ ուղին է, քանի որ չկան աւելի լաւ բանաձեւումներ` մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան հետ կապուած եւ իրաւական պետութեան կայացման վերաբերող, որոնք ձեռք բերուած են Եւրոպայի մէջ», յայտնած է Ա. Ռուստամեան:
Ըստ անոր, եւրոպական երկիրները տեսան, թէ անկախ անկէ, որ Հայաստանի դիմաց դրած են «կա՛մ, կա՛մ»-ի քաղաքականութիւնը, այնուամենայնիւ, Հայաստան հարազատ մնաց այդ արժեհամակարգին: «Մենք ընդունեցինք սահմանադրութիւն` լիովին եւրոպական խորհրդարանական ոգիով, ասիկա չէր կրնար աննկատ մնալ: Մեր սկսած գործընթացէն չհրաժարեցանք, երբ տեղի ունեցան «կա՛մ, կա՛մ»-ի աշխարհաքաղաքական տարանջատումները», ըսած է Ռուստամեան եւ ընդգծած, որ մենք ներկայիս աւելի հասունցած կը գործադրենք այդ համաձայնութիւնները` հաւասարէ հաւասար յարաբերութեան հիման վրայ:
Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ այս համաձայնագիրը ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան, գտնուելով աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ, կրնայ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարել, ինքնիշխան ձեւով իր իրաւունքները ձեռք բերել: «Ասոր պատճառով ցնցումներ կը յառաջանան մեր դրացիներուն մօտ, եւ, բնականաբար, մենք այս դաշտը պէտք է ամրապնդենք: Ասիկա, մեր խորին համոզումով, պիտի երաշխաւորէ արմատական բարեփոխումներու մեծ գործընթացը, զոր Հայաստան սկսած է: Նման վերահսկողութիւն եւ փոխադարձ աջակցութիւն մեզի համար անհրաժեշտ են օդի ու ջուրի նման», դիտել տուած է ան:
Արցախի տագնապին գծով Արմէն Ռուստամեան ըսած է, թէ պէտք է նկատի ունենալ, որ այս համաձայնագիրը ոչ թէ աւելի ուշ պիտի սկսի գործել, այլ կան գործադրութեան ժամանակաւոր ընթացակարգեր, որոնք աւարտած են, եւ Եւրոպական Միութիւնը այդ մասին յայտարարած է: «1 յունիսէն արդէն ժամանակաւոր գործողութեան ընթացակարգերը պիտի սկսին գործել, իսկ այստեղ սեւով ճերմակի վրայ գրուած է, որ անոնք կը վերաբերին նախ եւ առաջ Եւրոպական Միութեան պարտաւորութիւններուն: Հոս է, որ մենք պիտի չարտօնենք, որ երկակի չափանիշներ կիրարկուին: Որքան անոնք կը վերահսկեն մեզի` մեր պետակաշինութեան գործընթացներուն մէջ, այդքան ալ մենք պէտք է վերահսկենք, որ երկակի չափանիշներ չկիրարկուին, եւ Արցախի տագնապին վերաբերող այն բանաձեւումները, որոնք որդեգրուած են, դառնան միս ու արիւն եւ կիրարկուին բոլորին նկատմամբ անվերապահօրէն», եզրափակած է Արմէն Ռուստամեան:



