Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշելու Բանաձեւը

June 28, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի Հանրային պաշտօնէութեան եւ հանգստեան կոչուելու հարցերով յանձնախումբը 25 յունիսին 4 թեր եւ 1  ձեռնպահ քուէով վաւերացուց Թուրքիայէն նահանգային ներդրումները ետ քաշել պահանջող թիւ 1597 բանաձեւը, որ այժմ պիտի փոխանցուի Արդարադատութեան յանձնախումբին:

Նահանգային խորհրդարանին կողմէ անցեալ տարի վաւերացուած սոյն բանաձեւին հեղինակը խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանն է, որ նոյն յանձնախումբին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին բանաձեւը կապեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ուրացման քայլը պատժելու կարեւորութեան հետ:

Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները դուրս բերել Թուրքիայէն` իբրեւ հակազդեցութիւն Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն որեւէ՛ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող, կամ անոր կողմէ կառավարուող, կամ անոր հետ առնչուող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ: Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց այս քայլը` յիշեցնելով, որ Հայ դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն այս հարցով մօտէն կը գործակցի ներդրումները ետ քաշելու արշաւը նախաձեռնած Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ Ատրին Նազարեանի հետ:

 

Նախորդը

«Փտածութիւնը Հաշուետուութեան Կանչելու Ժամանակը Հասած Է, Իսկ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Անհրաժեշտ Լուծումը Պիտի Գտնենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ալպանիոյ, Թուրքմենիստանի, Լիբանանի Եւ Քանատայի Քաղաքացիները Կրնան Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Այցելել Հայաստան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.