Նիկոլ Փաշինեան. «Պետութիւնը Պարտաւոր Է Ժամկէտային Ծառայողներուն Ապահովել Կենցաղային Իրեր»
10 մայիսին Դիմատետրի ուղիղ հեռարձակումով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ժամկէտային զինուորներուն առնչուած հարցի մը մասին, որ վաղուց առկայ է, եւ որուն մասին զինուորներուն ծնողները միշտ բողոքներ ներկայացուցած են: «Այս պահէն սկսեալ որեւէ պարագայի ձեր զաւակներուն համար մի՛ ուղարկէք մաքրութեան վերաբերող պարագաներ, հագուստ, զինուորական կօշիկ եւ սնունդ: Եթէ զինուորական ծառայութեան մէջ եղող ձեր զաւակները ըսեն, որ չունին վերոնշեալները` ակռայի...




















