Եռօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, 26 յունիսին ելոյթով հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Տըրքսեն մասնաշէնքին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 100-ամեակին:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին միացեալ ջանքերով կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնը եզրափակեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին տեղի ունեցած 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն շարքը:
Հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկած է ելոյթով, ուր մասնաւորապէս անդրադարձած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դերին ու նշանակութեան, կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններն ու անոնց խորացման անհրաժեշտութիւնը, խօսած հզօր եւ զարգացած երկիր ունենալու մասին, որով աշխարհի բոլոր հայերը իրենք զիրենք հպարտ կը զգան:
«Մեր այսօրուան ուղերձը յստակ է: Մենք պէտք է յաղթենք: Մենք ո՛չ միայն կրնանք նոր Հայաստան կառուցել, այլեւ հզօր երկիր մը, որով բոլորս հպարտ պիտի ըլլանք եւ աշխարհի վրայ մեզ հպարտ պիտի զգանք, որ հայ ենք», նշած է հանրապետութեան նախագահը:
Ընդունելութեան մասնակցած են ամերիկահայ համայնքի տարբեր շրջաններէ հասած քանի մը հարիւր անդամներ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի եւ Ծերակոյտի անդամներ, վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: