Աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 28 յունիսի առաւօտեան նախաճաշած է Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավար կազմին հետ:
Նախագահը կարեւոր նկատած է երկկողմանի տնտեսական գործակցութեան խթանման վերաբերող իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ընդգծած է Հայաստանի շահագրգռուածութիւնը` Հազարամեակի մարտահրաւէր ծրագիրին հետ աշխատելու վերաբերեալ:
Հայաստանի նախագահը նաեւ անհրաժեշտ սեպած է բարձր մակարդակի այցելութիւններու աշխուժացումը:
Օր մը առաջ նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած էր նաեւ Համաշխարհային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի հայ աշխատակիցներու ակումբի անդամներէն խումբի մը հետ:
Ան նաեւ այցելած էր Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթի կղզիի յուշահամալիր: Ան ծաղկեպսակ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած է յայտնի պետական գործիչին յիշատակին, որ իր պաշտօնավարման տարիներուն հանդէս եկած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ու քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ: Թէոտոր Ռուզվելթ նաեւ յայտնի էր Ցեղասպանութենէն տուժածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ իր համարձակ դիրքորոշումով:



