Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Փոխվարչապետները. «Գործադիրը Պէտք Չէ Երթայ Ամբոխահաճութեան Ճանապարհով»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացուց առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանը, փոխվարչապետներ Տիգրան Աւինեանը եւ Մհեր Գրիգորեանը: Կառավարութեան ղեկավարը շնորհաւորեց փոխվարչապետները կառավարութեան կազմին մէջ ներառուելու առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն: «Մենք կարեւոր աշխատանք ունինք ընելիք եւ պէտք է արդարացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ու հայ ժողովուրդին յոյսերը, որովհետեւ պէտք չէ մոռնանք, որ այստեղ ենք ժողովուրդին որոշումով եւ այստեղէն պէտք է հեռանանք կրկին...


















