Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հայաստանէն 11 Երիտասարդ Արուեստագէտներու Ցուցահանդէս

July 13, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 12 յուլիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէն 11 երիտասարդ արուեստագէտներու` Լուսինէ Աբրահամեանի, Ժորա Գասպարեանի, Գայ Ղազանչեանի, Հայկ Ղազարեանի, Ռաֆայէլ Մանուկեանի, Ռոմէօ Մելիքեանի, Սիլվա Մկրտչեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Արա Շահումեանի, Պետօ Պօղոսեանի եւ Յակոբ Վարդանեանի գեղանկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն այս իւրայատուկ ցուցահանդէսին առիթով, ապա ըսաւ, թէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին հետ համագործակցաբար կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը, եւ ահաւասիկ այսօր կը վայելենք ստեղծագործութիւնները երիտասարդ ստեղծագործողներու, որոնք բոլորն ալ նոր շունչով, նոր ոգեւորութեամբ եկած են: Ան ըսաւ. «Մեր առաքելութիւնը յստակ է. այս սերունդին ճամբան հարթելու համար մենք ունինք պարտականութիւն, որ կը կատարենք մեծ ուրախութեամբ: Այս իրագործումը հայրենիք-սփիւռք կապերու գծով կարեւոր քայլ  մը կը նկատենք, հակառակ երկրի տնտեսական եւ քաղաքական դժուարութիւններուն»: Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ալ Մաշրեք» ապահովագրական ընկերութեան, որ ստանձնած է ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը:

Այնուհետեւ Հայաստանէն եկած տասը  արուեստագէտները ներկայացուցին իրենք զիրենք, ապա սրտի եւ երախտագիտական խօսքեր յայտնեցին ներկաներուն:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը միշտ ալ կը պահպանէ իր լաւագոյն աւանդութիւնները: Ներկայացուած բազմաժանր ստեղծագործութիւնները արուեստագէտներու ջանքին արգասիքն են, որոնք մտայղացուած են կտաւներու վրայ եւ քանդակներով:  «Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ արուեստի տարբեր բնագաւառները համեմատելով` իմ տպաւորութիւնս այնպիսին է, որ գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ոլորտին մէջ կը պահպանուի սերունդներու ժառանգականութիւնը», ըսաւ դեսպան Մկրտչեան, ապա խօսքը ուղղելով արուեստագէտներուն յայտնեց. «Ուրախալի է, որ պահպանելով նախորդներու աւանդութիւնները, ստեղծած էք նորը` դնելով անոր մէջ ձեր շունչը եւ նոր աշխարհընկալումը»: Խօսքի աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց արուեստագէտներուն:

Ձեռնարկի աւարտին Ալեքս Տապաղեան կիթառով ճոխացուց մթնոլորտը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 11 արուեստագէտներու 80 ստեղծագործութիւնները:

Նշենք, որ ցուցահանէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 28 յուլիս 2018, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. «Ազդակ»-ի Լուսանկարներու Արխիւը Կը Համալրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտիչներու Նոր Լուսանկարներով

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Արամ Մանուկեան. Նամականի» Հատորին Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.