Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Ուժանիւթի Նախարարը Հայաստան Կ՛այցելէ

Յուլիս 10, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 9 յուլիսին ընդունած է Իրանի ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ ընդգծած է դրացի ու բարեկամ Իրանի հետ մեծ թափով զարգացող յարաբերութիւնները, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ համագործակցութեամբ յագեցած օրակարգը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-իրանական տնտեսական օրակարգին շուրջ` կարեւոր նկատելով ընթացիկ միացեալ ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Անոնք համակարծիք եղած են, որ Իրանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի ժամանակաւոր համաձայնագիրը բազմաթիւ ծրագիրներ կեանքի կոչելու նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:

Իրանի ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանեան այցելած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ կարեւոր նկատած է հայ-իրանական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը եւ յոյս յայտնած, որ միացեալ ջանքերով պիտի յաջողին յառաջիկային եւս լիարժէքօրէն օգտագործել երկկողմանի կապերուն մէջ առկայ մեծ ներուժը: Ան համոզում յայտնած է, որ բարեկամական եւ դրացիական առողջ յարաբերութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել հայ-իրանական յարաբերութիւնները` ընդգծելով առեւտրատնտեսական ծաւալներու յաւելման նպատակով քայլերու դիմելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռեզա Արտաքանեան վարչապետին փոխանցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի ուղերձն ու Իրան այցելելու հրաւէրը: Իրանի ուժանիւթի նախարարը գործարար կապերու ամրապնդման մէջ հեռանկարային նկատած է ազատ տնտեսական գօտիներու ծիրին մէջ համագործակցութիւնն ու ներդրումներու ներգրաւումը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ միասնաբար իրականացուող ծրագիրներուն ընթացքին եւ նոր նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչման կարելիութիւններուն: Կողմերը կարեւոր նկատած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը եւ քննարկած միջկառավարական յանձնախումբի յառաջիկայ նիստին վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային նշանակութեան եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցերու շուրջ:

 

Նախորդը

Վաղը Պրիւքսելի Մէջ Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպում

Յաջորդը

Թենիս. «Ուիմպըլտըն. Ճոքովիչ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Խաչանովը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?