Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 141-րդ Լսարան. Կիրօ Մանոյեան Ներկայացուց Հայաստանի Եւ Հայ Դատի Վիճակը` Քաղաքական Վերջին Իրադարձութիւններուն Լոյսին Տակ

Յուլիս 11, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երեքշաբթի, 10 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 141-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի մասին», իսկ զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Եւրոպական խորհուրդին, Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարին ներկայացուած առաջարկներուն` Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան Համապարփակ համաձայնագիրի բանակցութիւններուն առնչութեամբ:

Կիրօ Մանոյեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի մասին, յատկապէս խօսելով այդ բանաձեւերով արտայայտուած եւ դրսեւորուած քաղաքական վիճակին մասին: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի (նաեւ Թուրքիոյ) վերջին ամիսներու ներքին քաղաքական կեանքը Արեւմուտքի  եւ յատկապէս Եւրոպայի ուշադրութեան կեդրոնը եղած է եւ ստեղծած մթնոլորտ մը, որ մէկ կողմէ դիւրացուցած է Հայ դատի աշխատանքները, միւս կողմէ սակայն այլ վտանգ մը յառաջացուցած է: Թուրքիոյ պարագային Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիացի գաղթականներու հարցը մէկ կողմէ իբրեւ ճնշող, միւս կողմէ զսպող ազդակն է, իսկ Ազրպէյճանի պարագային եւրոպացի կարգ մը պատգամաւորներու, երկիրներու ներկայացուցիչներու կաշառակերութեան, փտածութեան բացայայտումներու հարցն է, որ նեղացուցած է Եւրոպան: Այս բոլորը համեմատելի են Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին հետ: Ճիշդ է, որ Հայաստանի հետ Եւրոպայի կնքած համաձայնագիրին սկզբնաւորութիւնը, կազմութիւնը եւ ամբողջ գործընթացը եղած է նախկին իշխանութեան օրերուն, սակայն Հայաստանի մէջ եղած խաղաղ իշխանափոխութիւնը եկաւ արագացնելու Եւրոպայի այն կարծիքը, որ համաձայնագիրին կնքումը անհրաժեշտութիւն է: Այս ամբողջ մթնոլորտը, թէ՛ Հայաստանի համար, թէ՛ յատկապէս Եւրոպայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն համար կարելիութիւն կու տայ աւելի աշխուժ աշխատանք կատարելու: Այս իմաստով որոշ փոփոխութիւն մը նկատելի է նաեւ Արցախի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու  կեցուածքին մէջ (թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ), երբ նախագահ Բակօ Սահակեան Ուաշինկթըն այցելեց:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգավիճակին ազդեցութեան` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ: Ան խօսեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի երկու հանդիպումներուն մասին` մատնանշելով իշխանափոխութենէն առաջ եւ ետք տեղի ունեցած յայտարարութիւններու եւ Ռուսիոյ քաղաքական դէմքերու կեցուածքներու տարբերութիւնները: Ան անդրադարձաւ Ռուսիոյ կարգ մը մտավախութիւններուն (թաւշեայ յեղափոխութեան ազդեցութիւնը ներքին ընդդիմութեան վրայ) եւ Հայաստանի նոր իշխանութիւններու հաւասարակշռուած կեցուածքներուն: Իսկ շրջանի պարագային, որքան Արեւմուտքին մօտենալու կարելիութիւնները կը մեծնան Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն պատճառով, ատիկա մարտահրաւէր է, որ այնպէս մը չընկալուի, որ Հայաստանը Ռուսիոյ համար վտանգ է:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու ազդեցութեան` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վրայ, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ անոնց հետագայ ազդեցութեան` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն իմաստով:

Լսարանի աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ Հայաստանի քաղաքական կեանքի, Հայ դատի եւ շրջանային զարգացումներուն մասին ուղղելու հարցումներ, որոնց պատասխանեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն:

Նախորդը

ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 52-րդ Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Հանոյ Միացեալ Նահանգներուն Յանձնեց Վիեթնամի Պատերազմին Ժամանակ Զոհուած Ամերիկացի Զինուորներու Աճիւններ

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?