Արա Յարութիւնեան Նշանակուեցաւ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Յատուկ Յանձնարարութիւններու Գծով Ներկայացուցիչ
Նախագահ Բակօ Սահակեան 2 յուլիսին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, Արա Յարութիւնեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:




















