Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Դաշնակցութիւնը վստահ է, որ Երեւանի քաղաքապետի իր թեկնածուն` Միքայէլ Մանուկեանը լաւատեղեակ է քաղաքի խնդիրներուն եւ ընտրուելու պարագային պիտի վարէ մարդուժի -անձնակազմի ճիշդ քաղաքականութիւն:
«Միքայէլ Մանուկեանը` իբրեւ հմուտ ղեկավար, լաւագոյնս դրսեւորած է ինքզինք: Մեր խորին համոզումով, քաղաքը հմուտ ղեկավարման կարիք ունի: Ան կը տիրապետէ Երեւանի վիճակին: Քաղաքապետը նախ եւ առաջ պէտք է քաղաքը իր տասը մատներուն նման ճանչնայ, գիտնայ, թէ ո՛ւր ի՛նչ խնդիրներ կան: Ան նաեւ պէտք է գտնէ լաւագոյն մարդուժն ու անձնակազմը, որոնք այդ գործին գիտակներն են», դիտել տուած է Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեանին համաձայն, որեւէ իշխանութեան կարեւորագոյն ցուցանիշը մարդուժի եւ անձնակազմի ընտրութեան քաղաքականութիւնն է: Քաղաքապետը պէտք է փնտռէ ու գտնէ լաւագոյն անձերը, որոնք պիտի լուծեն քաղաքի բոլոր խնդիրները: «Ես կասկած չունիմ, որ Միքայէլ Մանուկեանը այդ մէկը կ՛ընէ», ըսած է Ռուստամեան եւ աւելցուցած, որ հին անձնակազմը պէտք չէ աշխատանքէ արձակուի, այլ պէտք է պահել անոնք, որոնք լաւապէս աշխատած են:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Դաշնակցութիւնը ինչո՞ւ անվերապահ կերպով կը սատարէ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին` Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ կուսակցութիւնը չէ աջակցած եւ չի ալ պատրաստուիր աջակցիլ անոր:
«Ընդհանրապէս, ժողովուրդը պէտք չէ կուռքեր ստեղծէ: Դժբախտաբար, ես 88 թուականէն այդ վիճակը տեսած եմ, նորէն նոյն սխալը չկրկնենք: Կուռքեր չկան, ոչ ոքի խորհուրդ կու տամ անվերապահօրէն մէկու մը աջակցելու: Մեր անվերապահ պաշտպանութիւնը արժեհամակարգին կը վերաբերի միա՛յն», ըսած է ան:
Պատգամաւորը շեշտած է, որ իրենք կ՛ըսեն` մի՛ դատեր, որ չդատուիս, բայց եթէ կը դատես, ուրեմն ատիկա պէտք է ընես առանց ցասումի եւ կողմնակալութեան: «Այս է հանրայայտ ճշմարտութիւնը, եթէ անգամ մը մենք մեր կիրքերով, զգացումներով եւ անաչառ չըլլալով դատեցինք, վաղը ատիկա պիտի դառնայ սկզբունք եւ յետոյ ատոր դէմ պէտք է պայքարինք: Կարելի չէ անարդարութեան դէմ պայքարիլ ոչ արդար միջոցներով. այս է մեր ըսածը` ըլլա՛յ Ռոպերթ Քոչարեանի, թէ ոեւէ ուրիշի պարագային», յայտնած է Ռուստամեան:
Ան նաեւ նկատել տուած է, որ մեղադրուողը եւս իր իրաւունքները ունի: «Մենք այդ մակարդակին հասած ազգ ենք, մենք քարէ դարուն չենք ապրիր, որ զգացումներով դատենք: Եթէ դատարանը մեղաւոր նկատէ, թող ամէնէն խիստ պատիժը տրուի, վերջանայ հարցը, բայց պէտք չէ դատարանէն առաջ անցնիլ: Այդպէս կարելի է ոեւէ մէկը դատել, եւ մենք այդպիսով պիտի ունենանք հասարակութիւն, ուր բոլորը բոլորին դէմ լարուած են: Այդ մթնոլորտը ես, դժբախտաբար, կը տեսնեմ, եւ ատիկա զիս կը մտահոգէ», նշած է Արմէն Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը պիտի համագործակցի՞ Քոչարեանին հետ` Ռուստամեան ըսած է, որ իրենք կը համագործակցին ոեւէ անձի հետ, որ կը կիսէ ՀՅԴ-ի մօտեցումներն ու նպատակները: «Այդպէս եթէ ըլլար, մենք ՀՀՇ-ին հետ ալ պէտք չէ համագործակցէինք, ՀԱԿ-ին հետ քառեակ պէտք չէ կազմէինք, երբ ուղղակի մեզի հետ հարց ունեցած են: Մենք Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ընդունած ենք մեր գերագոյն մարմինին մէջ, եւ ինչ քարկոծում ըսես` եղած է նաեւ այդ ժամանակ: Բայց մենք նկատած ենք, որ ճիշդը այդ է, որովհետեւ մենք մեր երկրին մէջ թշնամիներ պէտք չէ ունենանք», նշած է ան:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կը կիսէ՞ Քոչարեանի կողմնակիցներուն այն մտահոգութիւնները, թէ անոր նկատմամբ քաղաքական հետապնդում կը կատարուի` Ռուստամեան յայտնած է, որ քաղաքական բանտարկեալներուն առնչուած կան հինգ չափորոշիչներ, բայց անոնք չեն կիրարկուիր ոեւէ մէկուն նկատմամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ ըսել, թէ ո՛վ քաղաքական բանտարկեալ է:
Ռուստամեանի համաձայն, ասիկա նկատի ունենալով, պէտք է սպասել ապացոյցներու ամբողջացման, որպէսզի անկէ ետք մեղադրանք առաջադրուի: «Մենք այսօր ունինք 10 զոհեր, եւ պէտք է գտնել մեղաւորները` անաչառօրէն կատարելով բոլոր բացայայտումները, իր ամբողջութեան մէջ: Իսկ երբ կ՛առաջադրուի մեղադրանք, որ դեռ պէտք է փաստուի, այդ պարագային ան կրնայ ատով արդարանալ», աւելցուցած է ան:
Արմէն Ռուստամեան խօսած է նաեւ վարչապետին` սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու մտադրութեան մասին եւ դիտել տուած է, որ մենք պէտք է շարունակենք գործել այն հիման վրայ, որ Հայաստանի մէջ օրէնսդրական կարգաւորումները, Սահմանադրութիւնը անշրջանցելի են: Ըստ անոր, Հայաստան միջազգային տարբեր կառոյցներու հետ ձեւաւորած է օրէնսդրական դաշտը, զոր կարելի չէ մէկ օրէն ոչնչացնել: «Մենք չենք պատրաստուիր հակասահմանադրական որեւէ քայլի մասնակից դառնալ», յայտարարած է ան:
Պատգամաւորը ըսած է, թէ վարչապետին կողմէ հրապարակը հնչած բոլոր գաղափարները քննարկման կարգ ու ձեւ ունին: «Բայց դատարաններ կան, պետական մարմիններ կան, ճիշդ ուղի չէ մէկ օրուան մէջ այնպէս համարել, որ անոնք գոյութիւն չունին: Չեմ կարծեր, թէ վարչապետը ատիկա նկատի ունի, քանի որ Ազգային ժողովի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք լաւատեսութիւնը, այդ առումով, աւելցած է: Մենք ալ պատրաստ ենք բոլոր քննարկումներուն մասնակցելու, մեր լուման ներդրելու, հասկնանք ի՛նչ կ՛ուզենք ընել եւ ինչի՛ համար», նշած է ան:
Ռուստամեան շեշտած է, որ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները այսօր մէկ ուղի ունին` այդ ալ երկու անգամ վարչապետ չընտրելն է: Ան ըսած է, թէ չի կարծեր տեղին է վարչապետին այն մտավախութիւնը, որ խորհրդարանը կրնայ գաղտնի կերպով վարչապետ ընտրել: «Եթէ ան դաւադրութիւններ կը տեսնէ, եւ վարչապետին խօսքերէն ատիկա նկատելի է, ես, ճիշդը ըսեմ, նման բանի հիմքեր չեմ տեսներ: Ցարդ չէ եղած նման պարագայ, որ բանի մը պայմանաւորուինք եւ չկատարենք: Ազգային ժողովը իր ներկայ կարգավիճակով որեւէ ձեւով չի խոչընդոտեր գործադիրին աշխատանքները, այն օրէնքները, որոնք անհրաժեշտ են, կ՛ընդունուին, նոյնիսկ անձեռնմխելիութենէն զրկել իր գործընկերը: Չեմ պատկերացներ, թէ այդ կասկածը ինչէ՞ն կը յառաջանայ, եթէ կայ նման կասկած, ճիշդ պիտի ըլլայ այդ մասին խօսիլ, որպէսզի հասկնանք` իրակա՞ն է, թէ՞ ոչ», ըսած է ան:
Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ եթէ այդ կասկածը փարատելու համար այդ ուղին կ՛ընտրուի, նորէն պէտք է Ազգային ժողովին միջոցով կատարուի: «Ատոր համար 70 ձայնի կարիք կայ, այդ ալ նոյն Ազգային ժողովը պիտի ընէ, չէ՞: Եթէ նախապէս կայ այն տպաւորութիւնը, որ այստեղ ինչ-որ դաւադրութիւններ կան, 70 ձայնի պարագային այդ դաւադրութիւնը չի՞ գործեր», նշած է ան:
Եթէ ժողովուրդը կ՛որոշէ, որ Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի, Ռուստամեանի համաձայն, ամբողջ աշխարհը ժողովուրդին իշխանութիւնը կը հասկնայ մէկ ձեւով` հանրաքուէ, ոչ թէ հրապարակ: Ան դիտել տուած է, որ հրապարակի որոշումը կարելի չէ նկատել ամբողջ ժողովուրդինը` աւելցնելով, որ իրենք դէմ չեն հանրաքուէին, սակայն այդ պարագային բոլոր հարցերը պէտք է դրուին հանրաքուէի եւ ոչ միայն ասիկա: