Վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպումի համար Երեւան մեկնած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան:
Անոնք յաջողութիւն մաղթեցին սփիւռքի նախարարին, որմէ ետք քննարկեցին սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները, հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման նոր միտումները` ընդգծելով լիբանանահայութեան կարեւոր հանգամանքն ու իւրայատուկ կարգավիճակը` սփիւռքահայութեան կազմակերպական, հոգեւոր, մարդուժի պատրաստութեան, մշակութային եւ նման ոլորտներու ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ:
Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններուն նոր թափ հաղորդելու առաջադրանքին ընդառաջ լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը: