Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը

August 23, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը,  գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, մասնակցութեամբ Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեանի, օգոստոս 22-ին,  այցելեց  Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թաւշեայ յեղափոխութեան արձանագրած դրական անդրադարձները եւ այդ ուղղութեամբ ժողովրդային ակնկալութիւնները, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի հայութեան մօտ արթած մթնոլորտն ու զայն պաշտպանելու վճռակամութիւնը:

Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի ամդամ, Լիբանանի ՀՅԴ կազմակերպութեան անունով պատուիրակութիւնը վարչապետ Փաշինեանին փոխանցեց Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու անոր ամրապնդման, շեշտելով, որ անխուսափելի խոչընդոտներու և դժուարութիւններու դիմաց՝ անհրաժեշտ է պահպանել ժողովրդային միասնութիւնը եւ գործակցութեան ոգիով առաջքը առնել զայն խանգարելու որեւէ կասկածելի փորձի:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Հայաստանի վարչապետին նաեւ փոխանցեց Լիբանանի հայութեան անցեալին փաստած պատրաստակամութիւնն ու վճռակամութիւնը՝ մնայուն կերպով դրական արձագանգելու Արցախի ու Հայաստանի հզօրացման ճիգին եւ միաժամանակ տագնապելու՝ այդ ճամբուն վրայ դրսեւորուող որեւէ բացթողումի կամ տատանումի ժամանակ:

Վարչապետ Փաշինեանի փոխանցուեցաւ Հայաստան-Լիբանան տարբեր ոլորտներու մէջ Դաշնակցութեան քաղաքական ներկայացուցիչներու պատրաստակամութիւնը՝ խթանելու տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, մշակութային և զբօսաշրջային կապերը:

Վարչապետ Փաշինեան իր ուրախութիւնը յայտնեց տուեալ հանդիպումին համար՝ նշելով, որ իրեն համար Լիբանանը, Լիբանանի հայութիւնն ու երիտասարդութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունին, մանաւանդ յեղափոխութեան ընթացքին անոնց ունեցած զօրակցական կեցուածքներուն կապակցութեամբ:

Փաշինեան նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է երկխօսութեան ու գործակցութեան շարունակութիւնը եւ յեղափոխութեան յաջողութեան ի սպաս՝ քաղաքական առողջ ուժերը միացնելու ճիգին արդիւնաւորումը:

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԻ
ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.