Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Տօնոյեան. «Պէտք Է Աւելցնել Թշնամիի Ներթափանցման Խումբերու Ոչնչացման Հաւանականութիւնը»

Օգոստոս 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է. «Մինչեւ այժմ հայկական զինուած ուժերը ունեցած են յստակ արտայայտուած ցամաքային ուժի կերպար` օդային գերակայութեան համար պայքարին մէջ ապաւինելով միայն հակաօդային եւ ցամաքային հրթիռային միջոցներու: Ժամանակները, սակայն, փոխուած են: Զինուած ուժերուն հաղորդուելիք տարաշարժուն կերպարը կը պահանջէ նաեւ կործանիչ-ռմբակոծիչներու առկայութիւն, քանի որ ոչ մէկ հրթիռային համակարգ կը փոխարինէ այս կարողութիւնը` օգտագործման ճկունութեան եւ դիմակայունութեան առումով»:

«Շանթ-2018» ռազմավարական հրամանատարական կազմի ռազմափորձին ընդառաջ պաշտպանութեան նախարարութեան  վարչական համալիրին մէջ ընթացող նախապատրաստական հաւաքի շրջագիծին մէջ 28 օգոստոսին դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը:

Դաւիթ Տօնոյեան պաշտօնատար անձերու ներկայացուցած է իր տեսլականը պաշտպանութեան մարզի գործունէութեան զարգացման առաջնահերթութիւններու եւ անոնցմէ բխող գերակայ խնդիրներու  վերաբերեալ: Անդրադառնալով զինուած ուժերու զարգացման նախադրեալներուն` պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է անընդհատ սորվելու, բարեփոխուելու եւ բանակը աւելի տարաշարժուն` մեքենայ դարձնելու իրողութիւնը:

«Հորիզոնական հաղորդակցութիւնը, առանց դիւանակալական քաշքշուքներու, պէտք է դառնայ բնական ընթացք, սովորութիւն եւ ոչ թէ բացառութիւն: Պիտի վերացնենք փոխադարձ գործակցութիւնը արգելակող կամ լրջօրէն բարդացնող արհեստական արգելքները` բացառելով այն աշխատելաոճը, երբ առանձին օղակներ յառաջ կը քշեն  իրենց օրակարգերը` չիմանալով զանոնք միաւորող ընդհանուր մտայղացումը»,  նշած է պաշտպանութեան նախարարը:

Չափազանց կարեւոր նկատելով բանակի սպառազինման, կառավարման համակարգի արդիականացման եւ անձնակազմի մարտունակութեան ամրապնդման միտուած քայլերը` նախարար Տօնոյեան վստահեցուցած է, որ այս պահուն ընթացքի մէջ են սպառազինութեան ծրագիրներու թարմացման աշխատանքները, որոնց շրջագիծին մէջ  կը ծրագրուի ձեռքբերել նաեւ բազմագործառոյթ օդուժ: «Մինչեւ այժմ հայկական զինուած ուժերը ունեցած են յստակ արտայայտուած ցամաքային ուժի կերպար` օդային գերակայութեան համար պայքարին մէջ ապաւինելով միայն հակաօդային եւ ցամաքային հրթիռային միջոցներուն: Ժամանակները, սակայն, փոխուած են: Զինուած ուժերուն հաղորդուելիք տարաշարժուն կերպարը կը պահանջէ նաեւ կործանիչ-ռմբակոծիչ օդուժի առկայութիւն», շեշտած է նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

Զինուած ուժերուն առջեւ դրուած գերակայ խնդիրներու շարքին  նախարար Տօնոյեան նշած է նաեւ մարտական հերթապահութեան կրման ձեւերու կատարելագործման առաջնահերթութիւնը` շեշտելով, որ եկած է ամէնօրեայ մարտական խնդիրի իրականացման եղանակներուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու ժամանակը:

«Մեր նպատակն է զգալիօրէն նուազեցնել անձնակազմի` թշնամիի նշանառու կրակի տակ գտնուելու տեւողութիւնը, բարձրացնել պաշտպանուածութեան եւ դիմակայունութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ աւելցնել թշնամիի ներթափանցման խումբերու դարանակալման ու ոչնչացման հաւանականութիւնը», նշած է պաշտպանութեան նախարարը:

Նախորդը

ՀԱՊԿ-ի Եւ ԵՏՄ-ի Ազրպէյճանի Անդամակցութեան Հարցը Դիտարկելու Պարագային Հայաստան Պիտի Օգտագործէ Վեթոյի Իր Իրաւունքը

Յաջորդը

«Մենք Քոչարեանին Չենք Աջակցած Եւ Չենք Ալ Պատրաստուիր Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?