Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պատուիրակութեան Հանդիպումները` Հայաստանի Տնտեսական Զարգացման Եւ Ներդրումներու Եւ Գիւղատնտեսութեան Նախարարներուն Հետ

Օգոստոս 28, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պիզնես Արմենիա»-ի եւ լիբանանեան «Կարտենիա կրէյն տոր» ընկերութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած  է լիբանանցի գործարարներէ եւ պետական պաշտօնեաներէ կազմուած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, նախորդ 2 օրերու մշակութային-ճանաչողական օրակարգէն ետք պատուիրակութիւնը 27 օգոստոսին գործնական քննարկումներու սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանի հետ հանդիպումով: Հանդիպումին մասնակցած է «Պիզնես Արմենիա»-ի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանը, քննարկուած են նոր ներդրումներու հետ կապուած հարցեր:

Աւելի կանուխ` 2017-ի դեկտեմբերին եւ 2018-ի մարտին (վարչապետի գլխաւորութեամբ) տեղի ունեցած են հայաստանեան գործարար առաքելութիւնները դէպի Լիբանան:

Լիբանանցի ներդրողները Հայաստանի մէջ հիմնականին մէջ հետաքրքրուած են գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթային, կառուցապատման եւ այլ ոլորտներով: Այցելութեան վերջին օրը նախատեսուած է հանդիպում` «գործարար զրոյցներ» ձեւաչափով:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ գիւղատնտեսութեան, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան, զբօսաշրջութեան, վերականգնուող ուժանիւթային եւ ուժանիւթի խնայողութեան հիմնադրամներու ղեկավարներու հետ: 5-օրեայ գործարար առաքելութեան ընթացքին լիբանանցի ձեռներէցները պիտի այցելեն նաեւ Շիրակի մարզ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն կը հաղորդեն, թէ նախարար Արթուր Խաչատրեան  ընդունած է 5-օրեայ այցելութեամբ Հայաստան գտնուող լիբանանեան պատուիրակութիւնը` Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Գառնիկ Պետրոսեան եւ Գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Գեղամ Գէորգեան:

Հանդիպումը նպատակ ունէր քննարկելու երկու երկիրներուն միջեւ գործարար կապերու ամրապնդման եւ նոր ներդրումային ծրագիրներու  իրականացման կարելիութիւնները: Ողջունելով հիւրերը` նախարար Արթուր Խաչատրեան նշած է, որ ուրախ է հիւրընկալելով բարեկամ երկիրէ նման ներկայացուցչական կազմով պատուիրակութիւն մը` ընդգծելով, որ միշտ պատրաստակամ են ներդրելու առաւելագոյն ջանքեր Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ, որոնք կը նպաստեն գիւղատնտեսութեան մարզի զարգացման: Դեսպան Մայա Տաղեր իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար` յոյս յայտնելով, որ հանդիպումը կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ: Հանդիպումին սկիզբը Գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Գեղամ Գէորգեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուցած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան վերջին տարիներու  աճի ուժականութիւնը, զարգացման միտումներն ու ուղղութիւնները, կառավարութեան ծրագիրով նախանշուած առաջնահերթութիւնները, պետական օժանդակութեան ծրագիրները եւ այլն:

Այնուհետեւ կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում` մարզին մէջ համագործակցութեան հեռանկարներու  շուրջ: Միջին Արեւելքի մէջ չիփսի արտադրութեան յառաջատար «Տահեր կրուփ» ընկերութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ իրենք հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ գետնախնձորի մշակութեան եւ չիփսի գործարան հիմնելու հարցով` նպատակ ունենալով պատրաստ արտադրանքը  արտահանել դէպի Ռուսիա եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան այլ երկիրներ:

Լիբանանցի գործարարները հետաքրքրուած են նաեւ Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական այլ մարզերու մէջ եւս ներդրումներ կատարելու հարցով:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանին Շնորհակալութիւն Յայտնած Է` Անոր Հայանպաստ Գործունէութեան Համար

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունած Է Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?