Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ազգային Ժողովի Նախագահ Արա Բաբլոյեան Հանդիպում Ունեցած Են

Օգոստոս 28, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը, հանդիպումի նախաձեռնութեամբ նախապէս հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի նախագահը` երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին իր կատարած յայտարարութեամբ:

Բարձրացուած հարցերուն շուրջ քննարկումներու լոյսին տակ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ղեկավարները մասնաւորապէս արձանագրած են.

– Անկախ քաղաքական հայեացքներէ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իւրաքանչիւր անձ ունի խօսքի եւ տարբերող կարծիքի ազատութեան իրաւունք:

– Դատարաններու անկախութիւնը երկրին մէջ արդարադատութեան ապահովման կարեւորագոյն երաշխիք է, հետեւաբար օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման ու հաւասարակշռումի մեքանիզմը որեւէ ձեւով պէտք չէ խաթարուի:

– Արդարադատութեան իրականացման համար Հայաստանի դատական համակարգը իր ամբողջ գործիքակազմով ինքզինք չէ սպառած, այսուհանդերձ, եթէ քաղաքական քննարկումներու լոյսին տակ կողմերը գտնեն, որ կայ անհրաժեշտութիւն «անցումային արդարադատութեան» հիմնարկին, ապա ատիկա պէտք է իրականացուի սահմանադրութեան եւ համապատասխան օրէնսդրական դաշտի փոփոխութիւններով եւ միեւնոյն ժամանակ որեւէ ձեւով չվնասէ արդարադատութեան:

– Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ 7 յունիս 2018-ին հաւանութեան արժանացած կառավարութեան ծրագիրին համաձայն, «արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին»: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով իրականացնելու պարագային մեքանիզմներու շարքին հանրաքուէն կրնայ ըլլալ ամէնէն ժողովրդավարականը, քանի որ փոփոխութեան ենթակայ սահմանադրութիւնը ընդունուած է հանրաքուէով: Այսուհանդերձ, այս հարցով որեւէ տարբերակի ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ հանրային եւ քաղաքական լայն քննարկումներու հիմամբ: Այդպիսի կարելիութիւնները սպառած չեն թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ հանրային լայն շրջանակներու մէջ:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Գնահատական Տուած Է Քաղաքական Ներկայ Իրավիճակին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (28 Օգոստոս 2018)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?