Ազգային ժողովը արտահերթ նիստի երկրորդ ընթերցումով քննարկեց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած` «Համաներման մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը:
Յիշեցնենք, որ կը նախատեսուի 660 դատապարտեալի համաներում շնորհել: Նախանցեալ օր Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով 72 կողմ ձայնով ընդունած էր օրինագիծը: Երէկուան քննարկումներէն ետք, թէեւ որոշ տարաձայնութիւններ կային, սակայն նախագիծը ընդունուեցաւ 75 կողմ ձայնով: