Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Համաներումը Դրական Երեւոյթ Է»

November 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու ՀՅԴ ցուցակը տակաւին որոշուած չէ, որոշուած չէ նաեւ, թէ ով պիտի գլխաւորէ ցուցակը:

Պատասխանելով այն հարցումին թէ հաւանակա՞ն է, որ ցուցակին մէջ ըլլան անակնկալ անուններ, Ռուստամեան ըսաւ, որ անակնկալներով լեցուն է կեանքը, այո՛ կրնան նաեւ այդպիսի անակնկալներ ըլլալ: Դիտարկման` Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանը ըսած է, թէ ՀՅԴ-ն վարկանշային թեկնածուներ չունի, եւ այդ երկու առ հարիւրնոց սահմանը յաղթահարելու դրութիւնը նուէր էր  շարք մը կուսակցութիւններու, այդ կարգին նաեւ Դաշնակցութեան համար, Ռուստամեան արձագանգեց.

«Մեր վարկանշայինները, որ հիմա այստեղ պատգամաւոր են, հապա ովքե՞ր են, անոնք վարկանշային չե՞ն: Ամէն մէկը թող ինքն իր մասին  խօսի: Յատկապէս, այս նախընտրական փուլին կոչ կ՛ուղղեմ չհրապուրուելու եւ այնպիսի բաներ չխօսելու, որ յետոյ չկարենան պատասխան տալ, այս փուլը կ՛անցնի, քիչ մը աւելի առարկայական եղէք ձեր գնահատականներուն մէջ եւ ամէն պարագայի ճիշդը խօսեցէ՛ք»:

Ան ըսաւ, որ իրենք Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն վրայ  շատ լուրջ ջանք թափած են, որ վերացուի այս գործող վարկանշային ընտրակարգը:

Իսկ «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով համաներումին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ համաներումը միշտ ալ դրական երեւոյթ է, որովհետեւ մարդասիրական քայլ է, եւ բնական է, որ իրենք կողմ պիտի քուէարկէին անոր:

Անդրադառնալով ցմահ ազատազրկուածներուն` Ա. Ռուստամեան ըսաւ. «Կը ցաւիմ, որ ցմահ դատապարտուածներուն հետ կապուած համաներման լուծում չկայ, որովհետեւ առաջարկ կար պատգամաւորներուն կողմէ, որ անոնք նոյնպէս ընդգրկուէին ցուցակին մէջ, բայց այս նախագիծի տրամաբանութիւնը դրական կը նկատեմ, որովհետեւ արդէն վաղաժամկէտ ազատման փաստ կայ»:

Ռուստամեանի կարծիքով` համաներումը շարունակական բնոյթ պէտք է ունենայ, որովհետեւ կան մարդիկ, որ իսկապէս հասկնալի չէ, թէ ի՛նչ գործերով եւ ի՛նչ հիմքերով ժամանակին դատապարտուած են ծանր պատիժի:

 

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Պելճիքայի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Համաներում Յայտարարելու Մասին Օրէնքի Նախագիծը

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.