Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Ժողովուրդը Ինք Պէտք Է Որոշէ Իր Ճակատագիրը

Նոյեմբեր 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

30-31 հոկտեմբերին Արցախ էին Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ, «Բարեկարգչական շարժում» կուսակցութեան միջազգային կապերու գծով նախագահ Ժան-Ժաք Ֆլաոն եւ նոյն կուսակցութեան միջազգային կապերու փոխնախագահ Ճուլի Սզման, որոնք Արցախ հասած են ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեանի ընկերակցութեամբ:

Արցախի մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, Արցախի Հանրապետութիւն–Պելճիքայի ֆրանսախօս օրէնսդիրներու, գիտական ու հասարակական ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ բարեկամութեան շրջանակի անդամներու հետ, այցելած է Ստեփանակերտի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն, «Հալօ Թրասթ» կազմակերպութեան Արցախի գրասենեակ, իսկ 31 հոկտեմբերին` հանդէս եկած մամլոյ  ասուլիսով:

Ասուլիսին սկիզբը Ժան-Ժաք Ֆլաոն նշած է, որ ուրախ է Արցախի մէջ  գտնուելու եւ իրողութիւններուն անձամբ ծանօթանալու առիթին համար: Ան տեղեկացուցած է, որ Պելճիքայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունէն  ելեկտրոնային նամակ ստացած է, ուր իրեն «ահաբեկիչ» անուանած են. «Ազրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը հակառակ ազդեցութիւն պիտի  ունենայ այն առումով, որ ես աւելի ու աւելի պիտի սիրեմ Արցախի Հանրապետութիւնը, եւ աւելի պիտի ամրապնդուի անոր բարեկամը ըլլալու պատրաստակամութիւնս: Իսկ ինքզինք ժողովրդավար երկիր նկատող Ազրպէյճանի դեսպանատան կողմէ նման արձագանգ մը շատ զարմանալի է ու մտահոգիչ»:

Ան յանձնառութիւն ստանձնած է վերադառնալէն ետք նպաստել Արցախի մասին Պելճիքայի հասարակական ու քաղաքական շրջանակները տեղեկացնելուն, քանի որ այս շրջանի մասին տեղեկացուածութիւնը  այնտեղ բարձր մակարդակի վրայ չէ:

Ժան-Ժաք Ֆլաոն եւ Ճուլի Սզման առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելեն Արցախ` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին հրաւէրով: «Ուրախ եմ այս հիանալի երկիրն ու ժողովուրդը բացայայտելու, իրականութեան, մշակոյթին ծանօթանալու համար: Բարձր կը գնահատեմ յառաջ շարժելու ձեր հաստատակամութիւնը», նշած է Ճուլի Սզման` աւելցնելով, որ Արցախի մէջ յատկապէս տպաւորուած է «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնով, որմէ Պելճիքան կրնայ օրինակ առնել:

Անդրադառնալով հաւանական համագործակցութեան մասին հարցումին` Պելճիքայի խորհրդարանի անդամը ընդգծած է բնական զբօսաշրջութեան գաղափարը, որուն կարելիութիւնը կու տան Արցախի մէջ առկայ մշակութային եւ կրօնական կոթողները:

Անոր համաձայն, Պելճիքան կը գտնուի Եւրոպայի սիրտին մէջ եւ միշտ փորձած է համախոհութեամբ լուծել բոլոր հարցերը. «Իսկ 1 յունուար 2019-էն  սկսեալ Պելճիքան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ պիտի ըլլայ: Պելճիքայի վարչապետը եւ մեր կուսակցութեան անդամ արտաքին գործոց նախարարը պիտի աշխատին պատերազմական եւ սառած տագնապներու, այդ կարգին նաեւ Արցախի հարցին շուրջ եւ պիտի փորձեն թեթեւցնել հակամարտող երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը, օժանդակել անոնց միջեւ տագնապի լուծման»:

«Արցախի ժողովուրդը ինք պէտք է որոշէ` կ՛ուզէ՞ անկախ մնալ, թէ՞ միանալ Հայաստանին: Ատիկա ձեր իրաւունքն է, որուն մենք պէտք է զօրավիգ կանգնինք», նշած է Ժան-Ժաք Ֆլաոն:

 

Նախորդը

Համաներման Մասին Օրինագիծը Ընդունուեցաւ. 660 Դատապարտեալի Ներում Շնորհուեցաւ

Յաջորդը

Փաշինեանը Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Վարչապետ Չընտրուեցաւ. Խորհրդարանը Ինքնալուծարուեցաւ

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?