Գլխաւոր լուրեր

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան  2018-2022 Քառամեակի Ա. Լիակազմ Ժողով

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2018-2022 Քառամեակի Ա. Լիակազմ Ժողով

8, 9 եւ 10 սեպտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 2018-2022 քառամեակի Ա. լիակազմ ժողովը: Օրակարգի առաջին բաժինով, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեանց տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի նորաստեղծ կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ կը մեծնայ, եւ երիտասարդ համազգայնականներուն թիւը, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ, կը բազմանայ: Աշխուժ գործունէութիւն ունին Հիւսիսային Ամերիկայի երեք եւ Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները,...

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը Այն Գիտակցութիւնն Է, Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը Այն Գիտակցութիւնն Է, Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայաստան գաղթող լիբանանահայերու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ատիկա ճիշդ է, սակայն դարձեալ չափազանցուած կերպով կը ներկայացուի: «Օրինակ, Երեւանի մէջ հանդիպեցայ ընտանիքի մը, որ թէեւ երեսփոխանական գրասենեակէն օժանդակութիւն կը ստանայ, ընտանեօք Երեւան կը գտնուի, սակայն հաճելի էր զիրենք տեսնել: Այո՛, եթէ պիտի գաղթեն, թո՛ղ գաղթեն Հայաստան, բայց այս ալ խնդիր է: Տարբեր բաներ են հայրենասիրութիւնը եւ գործարարութիւնը:...

Հայաստանի Նախագահը Պիտի Մասնակցի  Արամ Ա. Կաթողիկոսի Քահանայական  Ձեռնադրութեան 50-ամեակի Ս. Պատարագին

Հայաստանի Նախագահը Պիտի Մասնակցի Արամ Ա. Կաթողիկոսի Քահանայական Ձեռնադրութեան 50-ամեակի Ս. Պատարագին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 13 սեպտեմբերին ընդունած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանն ու կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը: Սրբազան հայրը հանրապետութեան նախագահին յանձնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան հրաւէրը` մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուելիք Ս. պատարագին:...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

Հայկական երեսփոխանական պլոքը` նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, ներկայութեամբ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Նիստին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնուեցաւ կառավարութեան կազմութեան եւ անոր վերաբերող յայտարարութիւններուն ու քաղաքական կեցուածքներուն մասին: Պլոքը ընդգծեց, որ երկրին մէջ ներկայիս տիրող մթնոլորտը կ՛անհանգստացնէ ժողովուրդը եւ կը ծանրացնէ անոր նիւթական, տնտեսական եւ...

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը  Այն Գիտակցութիւնն Է,  Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը Այն Գիտակցութիւնն Է, Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանդիպումին, լիբանանահայութեան ներկայ իրավիճակին եւ գաղութը յուզող հարցերու: Երեւանի մէջ վարչապետ Փաշինեանի հետ կատարուած հանդիպումին անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Ճիշդ է, որ հանդիպումը անակնկալ էր լիբանանահայութեան համար, սակայն Փաշինեանի թաւշեայ յեղափոխութենէն քանի մը շաբաթ ետք Կեդրոնական...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը  Շնորհաւորութիւններ Ընդունեց

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը Շնորհաւորութիւններ Ընդունեց

Երէկ` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ընտրութեան առիթով շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն: Նորընտիր առաջնորդին իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին պետական, քաղաքական, ազգային, հասարակական, մշակութային, մարզական, կրթական, առողջապահական եւ այլ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Շնորհաւորողներու շարքին էին արժանապատիւ քահանայ հայրեր, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրաց...

Մեր Կորուստները.  Վաստակաշատ Քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան Մահացաւ

Մեր Կորուստները. Վաստակաշատ Քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան Մահացաւ

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ բազմավաստակ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան: Զաւէն Խտըշեան ծնած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Սահակեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական կրթութիւնը` Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանը: 1952-ին կը յաճախէ ԱԼՊԱ գեղարուեստի դպրոցը: Կը սկսի գեղանկարչութեամբ, սակայն շուտով կ՛անդրադառնայ, որ պէտք է քանդակագործութեամբ զբաղի եւ այդպէս ալ ըրաւ, մինչեւ տարի մը առաջ: 1954-ին կրթութեան նախարարութենէն կը ստանայ կրթանպաստ...

Ակնարկ. Կեդրոնանալ Երկու Փուլերու Վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետին միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցներու հրապարակումը աւելիով թէժացուց ներհասարակական մթնոլորտը: Կը թուի, որ շղթայական հակազդեցութիւններու շարքի դրսեւորումն է, որ տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն մեր երկրին մէջ: Բնականաբար նախ եւ առաջ խիստ մտահոգիչ է, որ անվտանգութեան հետ կապուած հարցերու ծառայութիւններու գլխաւորները կը գաղտնալսուին. եթէ չհրապարակուէր նման ձայնագրութիւն, տրամաբանօրէն կրնանք ենթադրել, որ գաղտնալսումներն...

Արմէն Ռուստամեան. «Կասկածը Լաւ Վահան Է,  Բայց Վատ Սուր, Անով Կարելի Է  Պաշտպանուիլ, Բայց Կարելի Չէ Յարձակիլ»

Արմէն Ռուստամեան. «Կասկածը Լաւ Վահան Է, Բայց Վատ Սուր, Անով Կարելի Է Պաշտպանուիլ, Բայց Կարելի Չէ Յարձակիլ»

12 սեպտեմբերին «Առաւօտ»-ի լրագրողը ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին հարցուցած է, թէ վարչապետ Փաշինեան զո՞վ նկատի ունէր, երբ ըսաւ, թէ իրենք զիրենք յեղափոխական ներկայացնող ուժերը գաղտնօրէն կը բանակցին ՀՀԿ-ին հետ, եւ թէ ՀՅԴ-ն նման բանակցութիւններու մէ՞ջ է հանրապետականներուն հետ: Ռուստամեան պատասխանած է. «Նախ պէտք է դուրս ելլենք այս խորհրդաւորութեան դաշտէն, կասկածի մթնոլորտէն: Եթէ ըսելիք կայ, ըսէք յստակ անուններով, ես պիտի...

«Հայաստանի Մէջ Սպիտակները Յաղթած Են,  Իսկ Սեւերուն Պարտութիւնը Անշրջելի Է»  Կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան

«Հայաստանի Մէջ Սպիտակները Յաղթած Են, Իսկ Սեւերուն Պարտութիւնը Անշրջելի Է» Կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան

Մայրաքաղաքի Դաւթաշէն շրջանին մէջ տեղի ունեցած «Իմ քայլը» դաշինքի քարոզչական հանրահաւաքին մասնակցած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին հրապարակուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) եւ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցի գաղտնալսումներուն, զորս ան որակած է  «դաւադրութիւն եւ յանցագործութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան նկատմամբ»: Փաշինեան յանձնարարած է ԱԱԾ-ին ու ոստիկանութեան` «ամէնէն կարճ միջոցին յայտնաբերել դաւադրութիւն...

Հաղորդագրութիւն.  Յարգանքի Եւ Գնահատանքի  Յուշանուէրներու Յանձնում

Հաղորդագրութիւն. Յարգանքի Եւ Գնահատանքի Յուշանուէրներու Յանձնում

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Համազգայինի 90-ամեակին առիթով պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ա. վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծոռան` Քսենիա Օրլովային եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան (օրին` ընկերակցութեան) հիմնադիր` Համօ Օհանջանեանի թոռան` Էլիզավետա Օհանջանեան-Մեհրապեանին: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ «Նայիրի» բառարաններու գաղափարը մտայղացող եւ զայն իրագործող, ֆորումական (2001) Սէրուժ Ուրիշեանին, եւ այս վերջինին ձեռամբ`...

«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի  100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս  Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցահանդէս

«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցահանդէս

«Ազդակ» օրաթերթի կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2018-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմի շնորհահանդէսը եւ վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Ալպոմը կազմած են Սեդա Գալստեանն ու Գաբրիէլ Փանոսեանը: Ձեռնարկի բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Սիլվիա Սէրայտարեան: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ պէտք է ընկալել կազմակերպուած շնորհահանդէսը. «Հայոց պետականութեան վերածնունդի...

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստանն Ու Վրաստանը  Կը Թեւակոխեն Պատմութեան Շրջան Մը, Զոր Կարելի Է  Բնութագրել Իբրեւ Եղբայրական Եւ Գործընկերային»

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստանն Ու Վրաստանը Կը Թեւակոխեն Պատմութեան Շրջան Մը, Զոր Կարելի Է Բնութագրել Իբրեւ Եղբայրական Եւ Գործընկերային»

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 10 սեպտեմբերին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Հայաստանի նախագահը տեսակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի ու Վրաստանի բարեկամութիւնը պատմական խոր արմատներ ունի, իսկ այսօր կը թեւակոխեն նորագոյն պատմութեան շրջան մը, զոր առանց վարանելու կարելի է բնութագրել իբրեւ եղբայրական եւ գործընկերային: Ան դիտել տուած...

«Մենք Արամի Տեսակն Ենք». ՀՅԴ-ի  Քարոզարշաւի Մեկնարկը Տրուեցաւ  Արամ Մանուկեանի Արձանին Առջեւէն

«Մենք Արամի Տեսակն Ենք». ՀՅԴ-ի Քարոզարշաւի Մեկնարկը Տրուեցաւ Արամ Մանուկեանի Արձանին Առջեւէն

Երեւանի աւագանիի արտակարգ ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկը Դաշնակցութիւնը տուաւ Արամ Մանուկեանի արձանին առջեւէն:  ՀՅԴ-ի կարգախօսն է «Միասին` յանուն Երեւանի»: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, որ ըսաւ, թէ այսօր Դաշնակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 128-ամեակը: Ըստ անոր, այս ընթացքին արձանագրուած են թէ՛ ուրախ ու պայծառ, եւ թէ՛ մութ ու արիւնոտ էջեր: «Այս էջը, զոր կը բանանք, ճակատագրական, բեկումնային պիտի...

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

10 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամները: Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր նկատեց 90-ամեայ կազմակերպութեան ներդրումը հայակերտման ու հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ: Ան յատկապէս նշեց. «Ուժեղ Հայաստանի շահերէն կը բխի ունենալ ուժեղ սփիւռք, ուժեղ սփիւռքի շահերէն կը բխի ունենալ ուժեղ Հայաստան: Պէտք է լծուինք նաեւ սփիւռքի խնդիրներու լուծման: Պետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան...

Սուրիոյ Վարչապետը  Դամասկոսի Միջազգային  Ցուցահանդէսի Բացման Այցելած Է  Հայաստանի Տաղաւար

Սուրիոյ Վարչապետը Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսի Բացման Այցելած Է Հայաստանի Տաղաւար

Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիս այցելած է Հայաստանի տաղաւար, ուր ընդունուած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի կողմէ: «Պիզնես Արմենիա»-ի հանրային կապերու բաժինէն յայտնեցին, որ 6-15 սեպտեմբեր Հայաստանը միասնական տաղաւարով կը մասնակցի Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսին: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած են մեքենաշինութեան, շինանիւթերու արտադրութեան, դեղագործութեան, սննդարդիւնաբերութեան ոլորտներու 33 ընկերութիւններու արտադրանքի նմուշներ ու ծանօթացման գրքոյկներ: Վարչապետ...

Ակնարկ.  Թրքական Տրովադայի Ձին`  Ռազմավարական Առանցքին Մէջ

Ակնարկ. Թրքական Տրովադայի Ձին` Ռազմավարական Առանցքին Մէջ

Թեհրանի միջնախագահական եռակողմ ժողովը, ըստ էութեան միացեալ զինուորաքաղաքական որեւէ նախաձեռնութիւն առնելու որոշումին չէ յանգած: Կարգախօսաբանութիւնը գերակշիռ է ժողովէն բխած յայտարարութիւններուն, ու տակաւին` անոր մասնակից իւրաքանչիւր նախագահի կողմէ կատարուած հրապարակումներուն մէջ: Նախ նկատելի է, որ սուրիական հիմնահարցին հանգուցալուծման յատկացուած ժողովին բացակայ է ի՛նքը` Սուրիան: Մինչ պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ Դամասկոսի կամ սուրիական վարչակարգի հովանաւոր ուժեր եզրաբանութիւնը օգտագործել առանցքի իր միւս երկու...

Փութին Եւ Փաշինեան Կը Շեշտեն  Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ  Յարաբերութիւնները Աւելի  Զարգացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Փութին Եւ Փաշինեան Կը Շեշտեն Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Յարաբերութիւնները Աւելի Զարգացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Ռուսիա Եւ Հայաստան Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Մարդասիրական Առաքելութիւն Պիտի Իրականացնեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 8 սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջագիծ, անդրադարձած են երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան եւ զարգացման հեռանկարներուն` քաղաքական, զինուորական համակարգի, տնտեսական, մարդասիրական եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներուն մէջ: Փութինի...

Երեք Տարուան Ընդմիջումէ Ետք Երէկ  Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի  Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Երեք Տարուան Ընդմիջումէ Ետք Երէկ Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ երեք տարուան ընդմիջումէ ետք 9 սեպտեմբերին մատուցուած է Ս. պատարագ: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի նախագահութեամբ Ս. պատարագը տեւած է շուրջ երկու ժամ: «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, արարողութեան մասնակցած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյ,  թուրք պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հիւրեր` Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ այլ...

Page 538 of 797 1 … 537 538 539 … 797

Արխիւներ