Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծին Չընդունուելուն` «Մարդիկ Պէտք Է Սորվին Նախ Իրենց Սխալները Ուղղել» Շեշտեց Արմէն Ռուստամեան

Հոկտեմբեր 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` պատասխանելով անոնց այն հարցումին, թէ արդեօք Դաշնակցութեան խմբակցութի՞ւնը տապալեց Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունումը` ըսած է. «Սովոր ենք, որ նոյնիսկ եթէ Թիֆլիսի մէջ, օրինակ, կառք մը տապալի, մեղաւորը Դաշնակցութիւնն է, ատով չեն  զարմացներ մեզ»:

«Մարդիկ պէտք է սորվին իրենց սխալները ուղղել, եւ ոչ թէ փորձեն զանոնք ուրիշներուն վերագրել», յայտնած է Ռուստամեան:

Անոր համաձայն, խորքին մէջ, եթէ բան մը երկու անգամ փորձելէ ետք չյաջողի, ուրեմն պէտք է ենթադրել, թէ սխալ բան մը կայ: Ան դիտել տուած է, որ համախոհութեամբ ամէն ինչ դիւրին կ՛ընթանայ, սակայն նկատի ունենալով, թէ դեկտեմբերը ճշդուած է, ամէն ինչ անոր յարմարցնելու փորձ կը կատարուի, ուստի նման բաներ բնականաբար պիտի պատահին: «Հիմնական պատճառը անտեսելով, հարցը ուրիշ տեղ կը փնտռեն: Ի՞նչ սապոթաժ, եթէ մեր 7 հոգիէն 5 հոգին թեր քուէարկած է: Եթէ սապոթաժ կը նկատուի այն, որ հարիւր տոկոսի մասնակցութիւն չկայ, ուրեմն բոլոր այն օրէնքները, որոնց 105 հոգիով չեն քուէարկած, սապոթա՞ժ կատարուած է: Ակնյայտ է, չէ՞, որ սապոթաժի մեղադրանքը օդէն ինկած է», շեշտած է ան:

Ռուստամեան դիտել տուած է, որ եթէ իրենց երկու պատգամաւորները չեն եկած, ուրեմն անձնական պատճառներ ունին: Ան միեւնոյն ատեն նշեց, որ չէ կրցած նշեալներուն հետ կապ հաստատել` աւելցնելով, որ անոնք կը բացատրեն, թէ ի՛նչ հարցեր ունեցած են: Մինչ այդ, բացակայ պատգամաւորներէն մէկը անցեալ անգամ թեր քուէարկած էր: Նշենք, որ քուէարկութեան ժամանակ բացակայ էին ՀՅԴ-ի խմբակցութենէն Ռոմիկ Մանուկեանը եւ Անդրանիկ Կարապետեանը:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած առաջարկներուն չընդունուելո՞ւն պատճառով այդ պատգամաւորները չեն եկած ժողովի: Ռուստամեան արձագանգած է. «Նախապէս ալ ըսած ենք, որ նախագիծին համահեղինակ չենք կրնար ըլլալ, քանի որ մեր առաջարկները չեն ընդունուած, մենք կողմ պիտի քուէարկենք, քանի որ յառաջընթաց կայ: Հիմա մենք մեղաւո՞ր ենք, որ ամբողջ կազմով չենք եկած: Թող կազմակերպողները բարի ըլլային, ամէն ինչ ընէին, որ համոզուած ըլլային, թէ նախագիծը պիտի անցնի:  Այդ երկու ձայնի պակսիլը կը նշանակէր, որ պէտք է բոլորին հետ համախոհութիւն գոյացուէր, ոչ թէ այնպէս նկատէին, որ ուզեն, թէ չուզեն պէտք է ապահովեն, այն ալ` հարիւր տոկոս քուէարկութիւն: Եթէ Դաշնակցութենէն մէկ հոգի ալ թեր քուէարկէ, կը նշանակէ, որ Դաշնակցութիւնը իր տեսակէտը յայտնած է: Անպայման պէ՞տք է 100 տոկոսնոց ըլլայ մասնակցութիւնը: Ասիկա ամբողջ աշխարհին մէջ ընդունուած բնական հոլովոյթ է», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Փաշինեան Շեշտած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Ուղղութեամբ Տագնապի Բոլոր Կողմերու Յանձնառութեան Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Մերժեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Բարեփոխումները

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?