Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Տարածքային Ամբողջականութեան Թեհրանի Իւրովի Ընկալումը

Նոյեմբեր 2, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարա-Պաքու-Թեհրան եռակողմ ձեւաչափով կայացած հանդիպումէն բխած հռչակագիրը  անկախ տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ համագործակցութեան առանցքներ ճշդելէն բաժին յատկացուցած էր նաեւ արցախեան հակամարտութեան:

Պէտք է ըսել, որ նման ձեւաչափով տասնեակ մը նախընթաց հանդիպումներ կայացած են արդէն եւ Արցախի հակամարտութեան առումով վերջին հռչակագիրը հիմնական նորութիւն չի բովանդակեր, համեմատաբար տարի մը առաջ գումարուած նախորդ հանդիպումի որդեգրածէն:

Պարզ է, որ այստեղ երկու պետութիւններու գերատեսչութիւններու ղեկավարները ամէն գնով գերակայ սկզբունք պիտի ուզէին նկատել երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը: Չէզոքութեան պահպանման իր ճիգին մէջ Թեհրանը, յայտնաբար պիտի չուզէր միակողմանի դիրքորոշում որդեգրած ըլլալ: Եւ այստեղ է, որ պաշտօնական Թեհրանի ներկայացուցիչը յատուկ արձագանգումով որոշ խուսանաւում կատարեց:

Բայց նախքան այդ արձագանգին անդրադառնալը, նախ հրապարակուած հռչակագիրի բնագիրին մէջ նկատի ունենանք որոշակի բաց դուռ միջազգային օրէնքի երկու սկզբունքներու` տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի համատեղման ուղղութեամբ: Եւ ապա` զուտ իրանեան դիտակէտէ որոշ  խնդիրներու զարգացման կանխարգիլման:

Այսպէս. երբ կ՛ըսուի, որ կողմերը կը շեշտեն իրենց յանձնառութիւնը միջազգային օրէնքի, յատկապէս գերիշխանութեան յարգանքի եւ զօրակցութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անբռնաբարելիութեան, բոլոր վէճերու խաղաղ ճամբով լուծման եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու, առաջին հայեացքով կ՛ենթադրուի, որ բանաձեւը կը վերաբերի յատկապէս Արցախին:

Նախ երբ ընդհանրապէս միջազգային օրէնքին կ՛ակնարկուի, այդ օրէնքը նաեւ կը ներառէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, ինչ որ այստեղ առանց նշուելու, շրջանցուելով` անուղղակիօրէն ակնարկուած է:

Թեհրանը սակայն, այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի ռազմավարական գործընկերներու պէտք ունի` իր հանդէպ Ուաշինկթընի կիրարկած մեկուսացման քաղաքականութեան դէմ կանխարգիլման միջոցներու դիմելու: Պոլթընի տարածաշրջանային այցելութեան ընթացքին կարեւոր հանգրուան էր Պաքուն, ո՛չ միայն իբրեւ սահմանամերձ Իրանի իր հանգամանքով, այլ նաեւ Իրանի մէջ բազմամիլիոնանոց ազգակիցներ ունենալու իրականութեամբ:

Չէ բացառուած, որ անթեղուած անջատողական տրամադրութիւններու բարձրացման գործօններ իրականացուին, այդ ալիքի բարձրացման եւ պաշտօնական Թեհրանի վրայ ճնշամիջոցներ բանեցնելու նպատակադրութեամբ:

Հետեւաբար, ներկայ պայմաններուն մէջ Իրան իր գործընկերներուն միացեալ յանձնառութեան պէտք ունի տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան, վէճերը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու սկզբունքներուն հանդէպ:

Եւ եթէ Անգարայի եւ Պաքուի քաղաքական մղումները կ՛երթան դէպի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի գերակայութեան շեշտում, Թեհրանի առաջնահերթութիւնը տարբեր է, մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ:

Այդ պատճառով ալ հռչակագիրի բովանդակութեան  իր արձագանգումի ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարարը  Արցախի հակամարտութեան առումով բաւարարուած է շեշտելով, որ հանգուցալուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ ճանապարհով միջազգային իրաւունքի եւ նորմերու հիման վրայ: Պարզօրէն, այս յայտարարութեամբ  Իրանի արտաքին գործոց նախարարը խնամքով դուրս մղած է այն ինչ որ Արցախի ուղղութեամբ Անգարայի եւ Պաքուի բանաձեւումով տեղ գտած է հռչակագիրին մէջ: Ընդգծելով, որ տարածքային ամբողջականութեան գերակայութիւնը անպայման չի վերաբերիր Ազրպէյճանին:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հրամանագիր Ստորագրած Է Արտահերթ Ընտրութիւն Նշանակելու Մասին

Յաջորդը

Տի Մարիա Մինչեւ 2021 Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?