Գլխաւոր լուրեր

Աբրահամ Աշճեանի Առեւանգման 43-Ամեակ

Աբրահամ Աշճեանի Առեւանգման 43-Ամեակ

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ տեղադրուեցաւ հետեւեալ գրառումը` Աբրահամ Աշճեանի առեւանգման եւ սպանութեան 43-ամեակին առիթով: «29 դեկտեմբեր 1982-ին թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները կ՛առեւանգեն եւ անծանօթ պայմաններու մէջ կը սպաննեն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի երկար տարիներու անդամ, հայահոծ շրջաններու ապահովութեան կազմակերպական գործիչ Աբրահամ Աշճեանը»:  

Թրամփ. «Քանի Մը Շաբաթէն Յստակ Պիտի Դառնայ,  Եթէ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալը Կարելի Է»

Թրամփ. «Քանի Մը Շաբաթէն Յստակ Պիտի Դառնայ, Եթէ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալը Կարելի Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան վերաբերեալ բանակցութիւններուն արդիւնքը պիտի յստականայ յառաջիկայ շաբաթներուն: Թրամփ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ Մարալակոյի մէջ իր ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Կը կարծեմ այս կամ այն ձեւով քանի մը շաբաթէն պիտի գիտնանք», թէ բանակցութիւնները արդիւնքի յանգա՞ծ են: Ան յայտնեց, որ բանակցութիւնները «չափազանց դժուար» էին: Պատասխանելով...

Ընդունելով Եգիպտոսի Քարիւղի Նախարարը`  Աուն. «Կազի Մեր Կարիքներուն Բաւարարման Համար  Փոխադարձ Հասկացողութեան Արձանագրութեան  Ստորագրումը Ելեկտրականութեան Արտադրման  Կարողութեան Աճ Պիտի Ապահովէ»

Ընդունելով Եգիպտոսի Քարիւղի Նախարարը` Աուն. «Կազի Մեր Կարիքներուն Բաւարարման Համար Փոխադարձ Հասկացողութեան Արձանագրութեան Ստորագրումը Ելեկտրականութեան Արտադրման Կարողութեան Աճ Պիտի Ապահովէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Եգիպտոսի քարիւղի եւ մետաղային հարստութեան նախարար Քարիմ Պատաուին ընդունելու ընթացքին Լիբանանի երախտապարտութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ցուցմունքով լիբանանցի ժողովուրդին տրամադրուած աջակցութեան համար: «Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան համար Եգիպտոսի կողմէ բաւարար բնական կազի տրամադրման համար երկու երկիրներուն միջեւ փոխհասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրումը գործնական ու հիմնական քայլ մըն է, որ Լիբանանը կարող պիտի դարձնէ...

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Եւրոպայի  Երիտասարդ Ընկերվարներու Բիւրոյի Ժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու Բիւրոյի Ժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարներու Բիւրոյի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ` դեկտեմբեր 12-էն 14-ին: ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը ներկայացուց Արփիար Մելիքճեան` ՀՅԴ Նետերլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութենէն: Ժողովի ընթացքին, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քաղաքական ընդդիմութեան գործունէութեան սահմանափակման, ներկայ վարչակարգին կողմէ իրականացուող քաղաքական հետապնդման, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի անդամներու բանտարկութեան հարցերուն: Իր զեկուցումին մէջ ան շեշտը դրաւ Ազրպէյճանի բանտերուն...

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.) «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական այս բարդ իրավիճակը շուտ հանգուցալուծուելու միտումներ ցոյց չի տար: Այլապէս ալ ճգնաժամի մէջ յայտնուած մամուլը կը դիմագրաւէ բազմակի խնդիրներ, նախ եւ առաջ` տնտեսական: Ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան, որ «Ազդակ»-ի ամէնէն համեստ ընթերցողէն մինչեւ հանրածանօթ նուիրատու անուններ տխուր թէ ուրախ առիթներու չեն մոռնար «Ազդակ»-ը: Այստեղ փոքրիկ գումարներէն մինչեւ ուշադրութիւն գրաւողներուն պարագային, ընկալելի պատգամը այն է, որ նոյնիսկ անհատական...

Թրամփ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Նեթանիահուի Հետ  Բանակցութիւնները Կեդրոնական Կազայի Վրայ»

Թրամփ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Նեթանիահուի Հետ Բանակցութիւնները Կեդրոնական Կազայի Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տեղ ըլլար, պիտի ճանչնա՞ր Սոմալիլենտը, ըսաւ. «Ո՛չ: Արդեօ՞ք մէկը գիտէ՞, թէ Սոմալիլենտը ի՛նչ է»: Անդրադառնալով այսօր Մայամիի մէջ Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին` ան նշեց. «Կը նախատեսեմ, որ Նեթանիահուի հետ բանակցութիւնները կեդրոնանան Կազայի վրայ»: «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմի հարցով խաղաղութեան...

Սալամ. «Պէյրութ Այցելած Պատուիրակներու  Գնահատումը Կը Հաստատէ, Որ Կացութիւնը  Վտանգաւոր Է Եւ Մագլցումի Ենթակայ»

Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրէնքը Բարեկարգումի Նախաքայլն Է, Եւ Գնդակը Խորհրդարանի Դաշտն Է»

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարաց խորհուրդի` ելեւմտական բացի օրէնքը վաւերացնելը փրկութեան եւ բարեկարգումի նախաքայլն է եւ կը զուգորդուի լիակատար թափանցիկութեան` պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու տարիներ շարունակ սպասուած իրաւունքները վերականգնելու համար»: «Գնդակը խորհրդարանի դաշտն է, եւ բոլոր կարծիքները կը յարգենք», աւելցուց ան: «Այժմ կը կեդրոնանանք խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելուն վրայ: Կառավարութիւնը անոնց կը...

Բագրատունի. «Օրինագիծը Ելեւմտական  Բացի Օրէնք Կոչելը Տագնապն Ու Տեղի  Ունեցած Գողութիւնը Շպարել Է»

Բագրատունի. «Օրինագիծը Ելեւմտական Բացի Օրէնք Կոչելը Տագնապն Ու Տեղի Ունեցած Գողութիւնը Շպարել Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հիւրն էր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «Լուպնանիա» յայտագիրին, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանի վերջին զարգացումներուն: Բագրատունի հարցազրոյցի սկիզբը նշեց. «Օրինագիծը ելեւմտական բացի օրէնք կոչելը տագնապն ու տեղի ունեցած գողութիւնը շպարել է»` աւելցնելով. «Պահ դրուած գումար ունեցող լիբանանցին իրողապէս միակն է, որ անոր...

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչները Այցելած Են Վիգէն Իւլճեքեանին

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները մարդասիրական այցելութիւն կատարած են Պաքուի մէջ պահուող Վիգէն Իւլճեքեանին: Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցին մէջ յայտնած է անոր իրաւաբանական ներկայացուցիչ Մարիա Լուսիանա Մինասեան: Ան իր եւ Վիգէն Իւլճեքեանի կնոջ անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` «Ումպաքի» բանտին մէջ Իւլճեքեանին այցելելու կարելիութիւն ընձեռելու համար: Այցելութեան ընթացքին Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները Իւլճեքեանին...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Ե.) «Ազդակ»-ը` Ընկերային Ցանցերու Վրայ

«Ազդակ»,  բացի իր կայքէն, արդէն ծանօթ է, որ առկայ է ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներու վրայ` Դիմատետր, X, Ինսթակրամ եւ Թելեկրամ: Այս բոլորին կը հետեւի «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակիցներու երիտասարդ խմբակ մը, որ յատուկ ծրագրաւորումներ եւ ձեւաչափեր կը պատրաստէ «Ազդակ»-ի նիւթերու ելեկտրոնային տարածքներու վրայ տարածման համար: Անշուշտ այս բոլորը հասանելիութեան  նոր աստիճաններ կը գրանցեն «Ազդակ»-ի նիւթերուն համար: Կան բնականաբար տարբերութիւններ. Դիմատետրի...

Ցաւակցագիր

Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խորազգած ցաւակցութիւն կը յայտնէ վաստակաշատ դաշնակցական ընկեր Մասիս Ալեքսանտրեանի, մահուան առիթով` անոր հարազատներուն եւ ընկերներուն: Ալեքսանտրեան ՀՅԴ շարքերուն միացած է 1962-ին: Պատասխանատուութիւններ ստանձնած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի զանազան մարմիններուն մէջ: Երկար տարիներ մաս կազած է ԱՌԻ (Արցախ Ռութց Ինվեսթմընթ) ընկերութեան վարչութեան եւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին` նպաստելով Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրներուն: Մասիս Ալեքսանտրեան մաս...

Կառավարութիւնը Որդեգրեց Ելեւմտական  Բացի Օրինագիծը

Կառավարութիւնը Որդեգրեց Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովի ընթացքին 13 թեր եւ 9 դէմ քուէներով որդեգրեց ելեւմտական բացի օրինագիծը, որ այժմ վաւերացման համար պիտի փոխանցուի խորհրդարանին: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նիստէն ետք յայտարարեց. «Մեզի համար կարեւոր է, որ խորհրդարանը կարելի եղածին չափ շուտ վաւերացնէ ելեւմտական բացի օրէնքը, եւ անոր հիմքը մենք ենք, եւ ոչ թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը»: «Ուշացումի իւրաքանչիւր օրը...

Հերքելով Իրենց Ուղղուած Մեղադրանքները`  Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան  Եւ Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ  Վերջին Խօսք Արտասանած Են

Հերքելով Իրենց Ուղղուած Մեղադրանքները` Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան Եւ Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Վերջին Խօսք Արտասանած Են

Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ զօր. Լեւոն Մնացականեան Պաքուի դատարանին մէջ վերջին խօսք արտասանած են: Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս հայ գերիներու վերջին «դատական նիստ»-ն էր: Լեւոն Մնացականեան կրկին հերքած է իրեն ուղղուած բոլոր մեղադրանքները: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Ան ներկայացուցած է իր խօսքի 51 էջնոց սղագրութիւնը` «դատավարութեան» արձանագրութիւններուն մէջ ներառելու համար: Ապա խօսք արտասանած...

«Քրիստոսին Կ՛աղօթենք, Որպէսզի Լիբանանին,  Պաղեստինին, Իսրայէլին Եւ Սուրիոյ  Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն Շնորհէ»  Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

«Քրիստոսին Կ՛աղօթենք, Որպէսզի Լիբանանին, Պաղեստինին, Իսրայէլին Եւ Սուրիոյ Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն Շնորհէ» Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

Լեւոն ԺԴ. պապը Վատիկանի մէջ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն իր արտասանած խօսքին մէջ հայրական ողջոյն ուղղեց քրիստոնեաներուն, «մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնց վերջերս կատարած առաքելական առաջին այցելութեանս ընթացքին ուզեցի հանդիպիլ»: Ան նշեց, որ գիտէ «զանոնք շրջանցող հզօր հակամարտութիւններուն դիմաց անկարողութեան անոնց զգացումը»: «Քրիստոսին կ՛աղօթենք, որպէսզի Լիբանանին, Պաղեստինին, Իսրայէլին եւ Սուրիոյ արդարութիւն ու խաղաղութիւն շնորհէ», նշեց Լեւոն ԺԴ. պապը:...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Դ.) Եզակի Հանգամանքի Մը Փոխանցած Պարտաւորութիւնները

Տպագիր մամուլի ճգնաժամը հետզհետէ սուր հանգրուաններու մէջ կը տուայտի: Պահ մը շրջանցենք լիբանանեան տպագիր խամրող մամուլին երեւոյթը եւ կեդրոնանանք սփիւռքահայ մամուլին վրայ: Տպագիր օրաթերթի սփիւռքեան աշխարհագրութեան վրայ դժբախտաբար երեք երկիրներու մէջ կը հանդիպինք: Պոլիս, Թեհրան եւ Լիբանան: Մնացեալը կա՛մ ցտեսութիւն ըսած է տպագիր տարբերակին, կա՛մ ալ լաւագոյն պարագային անցած շաբաթաթերթի կշռոյթին: Երեք միջավայրերու մէջ հոսանքին դէմ թիավարելու անխոնջ աշխատանք կը...

Բագրատունի. «Նախքան Խորհրդարանական  Ընտրութիւններու Թուականի Ճշդումը  Եւ Հրաւէր Ուղղուիլը, ՀՅԴ-ի Համար Ընտրական  Համաձայնութիւն Եւ Վերջնական Որոշում Գոյութիւն Չունի»

Բագրատունի. «Նախքան Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Թուականի Ճշդումը Եւ Հրաւէր Ուղղուիլը, ՀՅԴ-ի Համար Ընտրական Համաձայնութիւն Եւ Վերջնական Որոշում Գոյութիւն Չունի»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Ալ Ռաշիտ Նիուզ» կայքի «Ֆաուք Թաուիլա» յայտագիրէն Էլիաս Մըրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով շրջանին մէջ թրքական ազդեցութեան տարածման յայտնեց. «Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը զգուշացնենք շրջանին մէջ թրքական դերակատարութենէն: Անձնաւորութիւններ եւ քաղաքական կարգ մը կողմեր մեր կեցուածքը կը վերագրէին մեր հայ ըլլալուն: Այսօր, սակայն, կը տեսնենք...

«Բանանք Սիրոյ Ու Գթութեան Մեր Աչքերը  Եւ Մեր Կողքին Պիտի Տեսնենք Քրիստոսը»

Հայրապետական Պատգամ Սուրբ Ծննդեան. «Խորհուրդ Մե՛ծ Եւ Սքանչելի՛, Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի»

«Մենք բոլորս կոչուած ենք կառուցելու կենդանի եկեղեցի մը` միշտ երիտասարդ, միշտ շարժուն եւ հաւատքով լեցուն հասարակութիւն մը, որուն անդամ-անդամուհիները կարող են իրարու աջակցիլ, օգնել, ծառայել եւ այսպէս` աշխարհին մէջ ուրախութեամբ ու համերաշխութեամբ վկայել Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ անոր Աւետարանին»: Այս բնաբանով ուզեցի սկսիլ մեր խորհրդածութիւնը Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնախմբութեան առիթով: Ամէն տարի կրկին ու կրկին կը պատմենք Քրիստոսի ծնունդը...

Դաւիթ Բաբայեան Ու Լեւոն Մնացականեանը  Չեն Ընդունած Պաքուի Մէջ  Առաջադրուած Մեղադրանքները

Դաւիթ Բաբայեան Ու Լեւոն Մնացականեանը Չեն Ընդունած Պաքուի Մէջ Առաջադրուած Մեղադրանքները

Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան Պաքուի դատարանին մէջ հերքած են առաջադրուած մեղադրանքները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Անոնք հանդէս եկած են եզրափակիչ խօսքով: Բաբայեան նախորդ նիստին սկսած էր խօսքը: Լեւոն Մնացականեան, անդրադառնալով մեղադրանքներուն, ըսած է` Արցախի մէջ կռուած են ոչ թէ վարձկաններ, այլ կամաւորներ:...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հերթական Հանդիպում

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հերթական Հանդիպում

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 22 դեկտեմբերին, ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ: Ժողովականները արծարծեցին գաղութային, լիբանանեան եւ տարածաշրջանային նորագոյն զարգացումները: Քննարկումի առարկայ հանդիսացաւ Լիբանանի հարաւային շրջանին ապահովական փխրուն վիճակը` ի տես իսրայէլեան շարունակական յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն: Ժողովականները դատապարտեցին իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւնները եւ շեշտեցին զինադադարի համաձայնութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան աճը,...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Գ.) Երիտասարդական Ուղղութիւն

Ապագայ լրագրողներու 5-րդ փուլի մեկնարկը  որոշ նախապատրաստութիւն կ՛ենթադրէր: Այս նախագիծի պատասխանատուները նկատած էին որոշ դժուարութիւն գործնական-տեսական դասընթացքներէն ետք ապագայ լրագրողները համախմբելու եւ աշխատանոցային դրութեամբ քննարկումներ կազմակերպելու համար: Խորհրդակցական հանդիպումները յանգեցան այն եզրակացութեան, որ աշխատանքային ձեւաչափը պէտք է կրէր որոշ փոփոխութիւն: Թիրախային միջավայրը հայկական վարժարաններն ու երիտասարդական միութիւններն էին: Ապագայ լրագրողներու ծրագիրին պատասխանատուները իրենք սկսան այցելել դպրոցներ, տեսակցութիւններ ունենալ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն...

Page 53 of 795 1 … 52 53 54 … 795

Արխիւներ