Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն
Սուրբ Ծնունդը միայն յիշատակելի տօն չէ, այլ` խորիմաստ յայտարարութիւններու կողքին, մարդկային արժանապատուութեան` իբրեւ Քրիստոսով թանկագոյն պարգեւի մասին է` Աստուծոյ սրտէն ու էութենէն շնորհուած: Ծննդեան պատգամը կը հասնի մեզի այսօր, մինչ կորսուած կը թուին ըլլալ մարդու արժանիքն ու պատիւը: Յովհաննէս աւետարանիչ կը գրէ Տէր Յիսուսի ծնունդին` իբրեւ նշանակալի խորհուրդի մասին. «Բանը մարմին եղաւ» (Յովհ. 1.14): Ծնունդով Աստուծոյ Խօսքը մարդկային կենդանութիւն ստացաւ:...




















