Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն-Թեհրան հանդիպումի նախաշեմին  արձանագրուող լարուածութեան բարձր աստիճանին վրայ Իսրայէլ տեղ կը գրաւէ եւ այս անգամ սպառնալիքներ կ՛ուղղէ Պէյրութին: Սպառնալիքը Հըզպալլայի ներգրաւուածութեան որեւէ փորձի դիմաց լիբանանեան կառոյցներ հարուածելն է. մասնաւորաբար կը շեշտուի օդակայանը:

Սպառնալիքներու այս խորապատկերին վրայ, լիբանանեան բանակը կը հաղորդէր, որ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններու հսկողութեան ընթացքին, բանակի յենակէտ մը ենթարկուած է իսրայէլեան կրակոցներու: Անօդաչու սարքեր կը սաւառնէին տուեալ շրջանի օդային տարածքներուն վրայ եւ բանակէն կը պահանջէին լքել թիրախաւորուած դիրքերը:

Առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ սպառնալիքի ճամբով պատասխանատու կը նկատէ պաշտօնական Պէյրութը, եթէ Հըզպալլան ռազմական գործողութիւններու դիմէ իսրայէլեան ուժերուն դէմ: Ոչ ալ առաջին անգամն է, որ լիբանանեան բանակի կեդրոններ կ՛ենթարկուին իսրայէլեան յարձակումի: Այստեղ սակայն այլ ածանցեալ բաժին կայ:

Միջազգային ընտանիքի, միջազգային համապատասխան բանաձեւերու եւ որոշումներու ամբողջ առանցքը Հըզպալլայի ուժերու նահանջին առընթեր այդ դիրքերուն բանակին կողմէ վերահսկողութեան տակ առնուիլն է: Բանակի տեղաբաշխումը հարաւային շրջաններու մէջ: Այս ընթացքին եւ այս առաջադրանքին իր համաձայնութիւնը տուած է նաեւ Իսրայէլ հրադադարի համաձայնութեամբ:

Հիմա ոչ միայն կրակոցներ կ՛ուղղուին բանակի յենակէտին, այլ կը պահանջուի լքել դիրքերը: Այլ խօսքով` պահանջուածը ոչ թէ Հըզպալլայի զինուորական ուժերու հեռացումն է հարաւային շրջաններէն, այլ նաեւ մերժումը որոշ յենակէտերու բանակին կողմէ վերահսկուելուն:

Այս մէկը ցուցանիշ է, որ Իսրայէլ միեւնոյն վարքագիծը կրնայ որդեգրել կամ զինուորական գործողութիւններ իրականացնել այս անգամ բանակային ուժերուն դէմ, երբ իր կողմէ ռազմագիտական կարեւոր կեդրոն նկատուած այս կամ այն դիրքերը ուզէ ամբողջական հսկողութեան տակ առնել:

Կարելի է առարկել, որ անհետեւանք կը մնան  այս պարագային Իսրայէլի առած քայլերը: Իր երկրի անվտանգութեան կամ ինքնապաշտպանութեան սկզբունքներու յայտարարութեամբ ամէն քայլ ու գործողութիւն միջազգային որեւէ երաշխաւորութեան արգելքի չեն հանդիպիր:

Աւելի՛ն. անարձագանգ կը մնան ամբողջ Լիբանանը հարուածելու կամ օդակայանը թիրախաւորելու սպառնալիքները, որոնք կարելի է «ընկալել» դարձեալ անվտանգային կամ ինքնապաշտպանողական յայտարարութիւններու սահմաններուն մէջ:

Թել Աւիւը, պարզ է, որ անհանգիստ է Ուաշինկթըն-Թեհրան ենթադրեալ համաձայնութեան մը թէական գործարքի հաւանականութենէն: Առ այդ, անվերջ կ՛աշխատի ի նպաստ պատերազմական մթնոլորտի սրացման: Իսրայէլի այս առաջադրանքը հող կը գտնէ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, ուր ըստ լրատուութիւններուն երկու թեւ իրար կը բախին: Դիւանագիտութիւնը ռազմական գործողութիւններէն գերադասող եւ պատերազմով Իրանին յանձնուողականութիւնը ապահովող հոսանքներ:

Կացութեան վտանգաւորութեան կամ բռնկումի կարելիութեան աստիճանաչափը բարձր է: Նոյնքան տրամաբանական է նաեւ, որ կողմերը չերթան այդ ընտրանքին, որովհետեւ հետեւանքները ծաւալային առումով շատ ծանր կրնան ըլլալ: Կը շրջանառուի միջին տարբերակի տեսութիւնը: Սահմանափակ, կարճատեւ գործողութիւն, ինչ որ իր նախադէպը ունի:

Իրանի կողմէ յղուող գրաւոր առաջարկներ, ծանրագոյն ճնշումներ, որպէսզի այդ առաջարկները ներառեն ամերիկեան պայմանները: Մինչ Թեհրան կը խօսի փոխզիջումի, սակայն ոչ յանձնուելու կարելիութեան մասին:

Փոխզիջումը յայտնաբար դժգոհ կը ձգէ Իսրայէլը, որ գործարքային տարբերակը խանգարելու տարբեր խաղաթուղթեր կը փորձէ օգտագործել: Անոնցմէ մէկը դէպի Լիբանան  թէժացնելն է իրավիճակը` սպառնալով ամբողջ երկրին. սպառնալով թիրախաւորել կառոյցներն ու յատկապէս մատնանշելով օդակայանը:

Յամենայն դէպս, յայտարարութիւններուն կամ տարածաշրջան հասած ռազմանաւերու տարողութեան համապատասխան չեն պետութիւններու առած քայլերը: Միացեալ Նահանգները բաւարարուեցան իրենց ռազմական-դիւանագիտական անձնակազմը երկրէն հեռացնելով: Տակաւին դեսպանութիւնները չեն թելադրած իրենց քաղաքացիներուն  լքել երկիրը կամ անոնց համապատասխան գործնական քայլերու չեն դիմած:

«Ա.»

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.