Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոհա. «Անհրաժեշտ Է Անմիջապէս Դադրեցնել Որեւէ Մագլցողական Քայլ, Եւ Վերադառնալ Երկխօսութեան Սեղան»

March 6, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանի Ծոց-Եւրոպա նախարարական արտակարգ առցանց ժողովի ընթացքին վերահաստատեց իր դատապարտումը «իրանեան յարձակումներուն, որոնք թիրախաւորեցին քաթարեան հողերը, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պետութիւններուն եւ եղբայրական պետութիւններուն վրայ իրանեան յարձակումները»:

«Անհրաժեշտ է անմիջապէս դադրեցնել որեւէ մագլցողական քայլ եւ վերադառնալ երկխօսութեան սեղան, առաջնահերթութիւն տալ բանականութեան ու իմաստութեան եւ աշխատանք տանիլ ճգնաժամը զսպելու ուղղութեամբ այնպէս, որ պահպանուի շրջանի անվտանգութիւնը», նշեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը:

«Քաթարեան հողերուն վրայ իրանեան յարձակումը անոր գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում մը կը նկատուի, բարի դրացնութեան սկզբունքներուն համահունչ չէ, եւ կարելի չէ զայն որեւէ արդարացման կամ պատրուակի հիմամբ ընդունիլ», ըսաւ ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց «Սրի Լանքայի ծովեզերքին մօտ իրանեան յածանաւ մը ընկղմելով ահաւոր արարք մը գործելու յանցանքով»` զգուշացնելով. «Խօսքս ձեր միտքը պահեցէք. Միացեալ Նահանգներ մեծապէս պիտի զղջան այս նախադէպին համար»:

Աւստրալիոյ վարչապետ Անթընի Ալպանեզ իբրեւ նախազգուշական քայլ Միջին Արեւելքի մէջ «զինուորական կարողականութիւններու» տեղակայումը յայտարարեց:

«Շնորհակալութի՛ւն աւստրալիացիներուն, որոնք իրենց քաղաքացիներուն օգնելու համար դէպի վտանգաւոր կացութիւն կ՛ուղղուին», ըսաւ ան:

Վարչապետը «կարողականութիւններու» մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չտուաւ, սակայն աւստրալիական «Էս.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ խօսքը օդանաւերու մասին է:

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յայտարարեց, թէ իր երկրին Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին զինուորական մասնակցութիւնը չի կրնար բացառել:

Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց. «Յածանաւ մը Կիպրոս պիտի ուղարկենք` ընկերակցելով ֆրանսական օդանաւակիրի մը եւ յունական ծովուժին պատկանող այլ նաւերու»:

Ֆրանսական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, թէ ամերիկեան օդանաւերուն կ՛արտօնէ Միջին Արեւելքի մէջ ֆրանսական ռազմակայանները օգտագործելու:

Աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, որ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիշ Մերց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Իրանի հետ հակամարտութեան աւարտի ձեւի եւ պայմաններուն մասին հարցումներ հարցուցած է:

«Մերց պնդեց իմանալ, թէ նախագահ Թրամփ նախապէս մտածա՞ծ է Իրանի մէջ գործողութիւնները աւարտելու ձեւին ու պայմաններուն մասին», նշեց օրաթերթը:

Գերմանիոյ վարչապետը երեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին զօրակցութիւն յայտնած էր Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի նպատակներուն եւ կոչ ուղղած զայն «կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու»` Եւրոպայի վրայ անոր տնտեսական հետեւանքներէն խուսափելու համար:

Իրանի փրկարարական ծառայութեան պետը յայտարարեց, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր իրանեան 29 նահանգներ եւ 172 քաղաքներ ամերիկեան եւ իսրայէլեան յարձակումներու ենթարկուած են:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, թէ ամերիկեան «Էֆ-15» օդանաւ մը ջախջախուած է արեւմտեան Իրանի մէջ: Անոր անձնակազմը անկարգելով էջք կատարած է իրանեան հողի վրայ: Ամերիկեան-իսրայէլեան միացեալ ուժ մը կրցած է անձնակազմի անդամները փրկել:

«Փոլիթիքօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը Փենթակոնէն խնդրած է հետախուզութեան սպաներ ուղարկել Իրանի դէմ գործողութիւններուն` ոչ նուազ քան 100 օր տեւողութեամբ աջակցելու համար:

Ծերակոյտը Խոչընդոտեց Թրամփի
Զինուորական Լիազօրութիւնները
Սահմանափակող Որոշումը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 53 դէմ եւ 47 թեր քուէներով խոչընդոտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առանց Քոնկրեսի լիազօրութեան Իրանի դէմ զինուորական լիազօրութիւնները խոչընդոտող որոշումի մը որդեգրումը:

Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր նախապէս յայտարարած էր. «Միջին Արեւելքի մէջ քաոսին պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ Թրամփի ուսերուն է»:

Քրեմլին. «Մեր Պատերազմը Չէ»

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, թէ Իրան անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի յարձակումներուն սկսելէն ի վեր Մոսկուայէն զինուորական օգնութիւն չէ խնդրած:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Մոսկուան Թեհրանէն այդ առնչութեամբ դիմում մը չէ ստացած:

Փեսքով պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիան Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն պիտի միջամտէ՞, նշեց. «Միջին Արեւելքի պատերազմը մեր պատերազմը չէ, եւ չենք կրնար զայն դադրեցնել, որովհետեւ ատիկա զայն բռնկեցնողներուն հարցն է, եւ անոնք պէտք է զայն դադրեցնեն»:

Բրիտանացի Նախարար Մը. «Իրանեան Տագնապը
Թերեւս Շաբաթներու Կամ Ամիսներու Վրայ Երկարի»

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Հէյմիշ Ֆալքոնըր յայտարարեց, թէ գոյութիւն ունին ցուցանիշեր, թէ իրանեան տագնապը թերեւս շաբաթներու կամ ամիսներու վրայ երկարի:

Ֆալքոնըր բրիտանական խորհրդարանին առջեւ յայտարարեց. «Կացութիւնը կը զարգանայ, սակայն գոյութիւն ունին ցուցանիշեր, թէ այս տագնապը օրերու համար չէ, այլ շաբաթներու, եւ թերեւս ալ` ամիսներու»:

Տնտեսական Հետեւանքներ

Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Իրանի պատերազմին ուժանիւթի շուկաներուն վրայ ազդեցութիւնը ժամանակաւոր է եւ աննշան` համեմատած Միացեալ Նահանգներու զինուորական նպատակներու իրագործման:

«Այս կացութիւնը հաստատօրէն ժամանակաւոր պիտի ըլլայ», ընդգծեց ան:

«Աշխարհի տարածքին քարիւղի մատակարարումները առատ են, եւ ամերիկեան արտադրութիւնը մրցանշային մակարդակի վրայ է: Ուստի պիտի շրջանցենք այս տագնապը», աւելցուց նախարարը:

Ռայթ նաեւ յայտնեց, թէ Հորմուզի նեղուցի փակումը ժամանակաւոր է, եւ ամերիկեան ծովուժը մտադիր է քարիւղատար նաւերուն ընկերակցիլ այդ նեղուցին մէջ, որուն ճամբով սովորաբար աշխարհի մէջ քարիւղի օրական սպառումին շուրջ մէկ հինգերորդը կը տեղափոխուի:

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Ամերիկեան ծովուժը, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, պիտի սկսի Հորմուզի նեղուցին մէջ քարիւղատար նաւերուն ընկերակցիլ»:

«Պլումպըրկ Նիուզ» հաղորդեց, որ Չինաստան իր քարիւղի մեծագոյն զտարաններուն յայտնած է, թէ քարիւղի արտադրութիւններու արտածումը կ՛առկախէ` Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի պատճառով քարիւղի մատակարարումներուն մէջ տագնապի յառաջացման հետզհետէ աճող վտանգի լոյսին տակ:

Հարաւային Քորէայի խորհրդարանի անդամ մը յայտնեց. «Մեզի կենսական մատակարարումներ փոխադրող 7 քարիւղատար նաւեր անկարող են Հորմուզի նեղուցէն անցնելու»:

Ըստ Յառաջդիմութեան ամերիկեան կեդրոնի զեկուցումին, Իրանի դէմ պատերազմը մինչեւ հիմա ամերիկացի հարկատուներուն 5 միլիառ տոլար արժած է, եւ կը նախատեսուի, որ գործողութիւններու շարունակութեամբ այդ ծախսը աճի:

Գերմանական տնտեսական հիմնարկը նախատեսեց, որ գերմանական տնտեսութիւնը յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին Իրանի պատերազմին պատճառով կրնայ 40 միլիառ եւրոյի (46,4 միլիառ տոլա) հասնող վնասներ կրել:

 

 

Նախորդը

Իրանի Դէմ Քիւրտերու Յարձակո՞ւմ

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Սփիւռքի Նուիրուած Խորհրդաժողով Մը Լոս Անճելըսի Մէջ, Եւ Ինչո՞ւ Հիմա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.