Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Դէմ Քիւրտերու Յարձակո՞ւմ

March 6, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ իրանեան քրտական խմբաւորումները Իրանի հիւսիս-արեւմուտքին դէմ ցամաքային յարձակում շղթայազերծած են:

Իսրայէլեան աղբիւր մը «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնած է. «Իրանի վերաբերեալ քիւրտերուն առնչուող խօսակցութիւնը ճիշդ է եւ մեծ կարեւորութիւն ունի»:

Իրանեան բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեց Իրանի արեւմուտքին մէջ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած Սանանեժ քաղաքը: Իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ քրտական խմբաւորումներու կեդրոնատեղիները յարձակումի ենթարկուած են:

Իրանի հետախուզութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Յեղափոխական պահակագունդին հետ ոչնչացուցինք թիրախները անջատողական խմբաւորումներու, որոնք փորձեցին արեւմտեան սահմանին ճամբով ներթափանցել»:

Իրանեան քրտական կուսակցութիւններու դաշինքի տեղեկատուութեան պատասխանատուն, սակայն, նշեց. «Քրտական ուժերուն Իրանի մէջ ցամաքային գործողութիւններ շղթայազերծելու լուրերը ճիշդ չեն»:

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Մասրուր Պարզանիի գրասենեակը յայտարարեց. «Ոչ մէկ իրաքցի քիւրտ սահմանը անցաւ, եւ այդ առնչութեամբ շրջանառուող լուրերը սխալ են»:

Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Նեճիրֆան Պարզանի իր կարգին յայտարարեց. «Մարզը որեւէ հակամարտութեան կամ զինուորական մագլցումի մասնակից պիտի չըլլայ»:

Աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը փորձէ Իրաքի քրտական ղեկավարութիւնները համոզել իրանցի քիւրտերուն Իրան մուտքը արտօնելու:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թրամփ այս շաբաթ Իրանի քիւրտ փոքրամասնութեան ղեկավարներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին «ամերիկեան օդային լայնածաւալ աջակցութիւն» խոստացած է:

Քրտական հայրենասիրական միութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը համաձայն, «Իրաքի քիւրտերէն ամերիկեան պահանջը ճամբան բանալն է, Իրաքի մէջ գործող իրանեան քրտական խմբաւորումներուն աշխատանքը չխոչընդոտելը, եւ անոնց գումակային աջակցութիւն տրամադրելը»:

«Թրամփ կիրակի օր Հայրենասիրական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Պաֆել Թալապանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յստակ էր. ան մեզի ըսաւ, որ քիւրտերը պէտք է այս ճակատամարտի մասնակից կողմերէն մէկը ընտրեն` կա՛մ Ամերիկայի եւ Իսրայէլի հետ ըլլալ, կա՛մ Իրանի», ըսաւ ան: Մասուտ Պարզանիի ղեկավարած Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութենէն պաշտօնատար մը հաստատած է այս տեղեկութիւնը:

«Աքսիոս»-ի համաձայն, Մասուտ Պարզանի եւ Պաֆել Թալապանի վերապահութիւն յայտնած են Իրան որեւէ ցամաքային ներխուժման մասնակցութեան նկատմամբ: «Մոնիթըր», սակայն, նշեց, որ Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանին այլեւս դէմ չէ իրանցի քիւրտերուն Իրան անցնելուն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Քրտական հայրենասիրական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Պաֆել Թալպանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին «սահմաններուն վրայ ահաբեկչական շարժումները» մատնանշած է:

Արաղչի ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել սահմաններուն անվտանգութիւնը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիա յայտարարած է, թէ մօտէն կը հետեւի շարժումներուն իրանեան Քրտական ազատ կեանք խմբաւորման, որ ըստ Անգարայի, Իրանի անվտանգութեան ու շրջանի կայունութեան կը սպառնայ:

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Եւ «Սի.Էն.Էն»-ի. Իրանեան
Քրտական Զինեալ Խմբաւորումներ
Ուաշինկթընի Հետ Քննարկած Են
Իրանեան Ուժերու Վրայ Յարձակում Մը

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ իրանեան քրտական զինեալ խմբաւորումներ անցնող օրերուն Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի արեւմտեան հատուածին մէջ իրանեան ապահովական ուժերու վրայ յարձակումի մը կարելիութեան եւ ձեւին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարած են:

Աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ նպատակը հիմա` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու սպանութենէն ետք, իրանցի ընդդիմադիրներու ըմբոստութեան ճամբան հարթելն է:

Աղբիւրները նշած են, որ տակաւին գործողութեան ու հաւանական ժամկէտի շուրջ վերջնական որոշում չէ տրուած` աւելցնելով, որ քրտական զինեալ խմբաւորումները Միացեալ Նահանգներէն զինուորական աջակցութիւն խնդրած են, իսկ Էրպիլի եւ Պաղտատի մէջ իրաքցի ղեկավարներ անցնող օրերուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կապի մէջ եղած են:

Երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին նշած են, թէ զինեալ խմբաւորումները «Սի.Այ.Էյ.»-էն աջակցութիւն ստանալու շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն:

«Սի.Էն.Էն.», որ չորեքշաբթի օր զրուցած է իրանեան Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Հիժրիի հետ, կը հաղորդէ, որ Թրամփի վարչակազմը աշխուժ բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի ընդդիմադիր խմբակներու եւ Իրաքի մէջ քիւրտ ղեկավարներու հետ` անոնց զինուորական աջակցութեան տրամադրման շուրջ:

«Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, թէ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ Իրանի քիւրտերու ընդդիմադիր ուժերը յառաջիկայ օրերուն պիտի մասնակցին Իրանի արեւմուտքին մէջ ցամաքային գործողութեան:

Նշենք, որ ընդդիմադիր քրտական խմբաւորումներու հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող ճամբարները վերջին օրերու ընթացքին իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ յարձակումներու ենթարկուեցան:

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը յայտարարեց. «Շրջանի մէջ ընթացող հակամարտութիւններուն մասնակից չենք»:

 

Նախորդը

Նախիջեւանի Մէջ Իրանեան Երկու Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ինկան. Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Կը Պատրաստուինք Հակադարձելու»

Յաջորդը

Տոհա. «Անհրաժեշտ Է Անմիջապէս Դադրեցնել Որեւէ Մագլցողական Քայլ, Եւ Վերադառնալ Երկխօսութեան Սեղան»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.