Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Մարթին Սոննըպոռն Կ՛առաջնորդէ 25 Հոգիէ Բաղկացած Պատուիրակութիւն Մը Դէպի Արցախ

August 28, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ օգոստոս 2018-ին դէպի Արցախ կատարած իր առաջին այցելութենէն ետք, Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի անդամ Մարթին Սոննըպոռն անգամ մը եւս Արցախ կը գտնուի` այս անգամ առաջնորդելով 25 անդամէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներառէ շարք մը գերմանացի դասախօսներ, լրագրողներ եւ կուսակցական անդամներ: Պատուիրակութեան կ՛ուղեկցին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ  Էվինեան եւ ծրագիրներու պատասխանատու Աշխէն Ֆիքովա:

Երկուշաբթի, 26 օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի խորհրդարանի «Եւրոպայի հետ բարեկամութեան խումբ»-ի անդամներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը ընդգծեցին նման այցելութիւններու կարեւորութիւնը` իբերւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ պարտադրուած ընկերային մեկուսացման դէմ պայքարի միջոց: Մասնակիցները շեշտեցին բանակցային հոլովոյթին` արցախեան իշխանութիւններու վճռական անհրաժեշտութիւն ունեցող ապագայ մասնակցութիւնը` տագնապին խաղաղ եւ կայուն լուծման հասնելու նպատակով:

Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Արցախի մէջ գործող «Հալօ Թրասթ» ականազերծման միջազգային կազմակերպութիւնը: Այնուհետեւ պատուիրակութեան մաս կազմող երկու անդամներ հանդէս եկան հանրային դասախօսութեամբ մը, որուն ընթացքին հիւրերն ու Ստեփանակերտի քաղաքացիները կարելիութիւն ունեցան միտքեր փոխանակելու:

Մեկնաբանելով այցելութիւնը` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Անցեալ տարի մեր նախաձեռնած` Մարթին Սոննըպոռնի առաջին այցելութեան ընթացքին, ան խոստացաւ շատ աւելի մեծ խումբով վերադառնալ Արցախ, որպէսզի անմիջական կապ հաստատէ տեղւոյն բնակչութեան հետ, եւ ահա այստեղ կը գտնուինք 25 գերմանացի մտաւորականներու հետ: Մենք չափազանց ուրախ ենք մասնակցելու Սոննըպոռնի ձեռնարկած այս այցելութեան, որ պիտի օգնէ զգալիօրէն ամրապնդելու երկու ժողովուրդներուն միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող կապերը եւ ստեղծելու նոր կամուրջներ»:

Կարապետեան շարունակեց ըսելով. «Այս այցելութիւնը նաեւ կը հանդիսանայ իբրեւ յստակ ուղերձ աշխարհին, որ Ազրպէյճանի վառած հակահայ քաղաքականութիւնը` Արցախի մեկուսացման փորձերը եւ Արցախ այցելողներուն դէմ սպառնալիքները, ձախողած քաղաքականութիւն է: Այժմ ժամանակն է, որ միջազգային քաղաքական գործիչներ եւ յատկապէս Եւրոպական Միութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները հետեւին Սոննըպոռնի օրինակին եւ այցելեն Արցախ, հանդիպին ու լսեն ժողովուրդին եւ մասնակցին անոնց հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին»:

Յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութեան անդամները պիտի հանդիպին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ եւ պիտի այցելեն Արցախի օդակայան:

Շաբաթ, 24 օգոստոսին, Արցախ հասնելէ առաջ, գերմանական պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Սոննըպոռնի առաջնորդած պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Նախորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կ՛ընդգծէ Լիբանանցիներուն Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը` Առկայ Բոլոր Միջոցներով

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան Կը Պատասխանէ Ամուլսարի Հարցով Իր Եւ Դաշնակցութեան Հասցէին Ուղղուած Քննադատութիւններուն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.