Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Մէջ Գումարուեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Ազգային Ժողովներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յանձնախումբի Նիստը

December 18, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովներուն միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի 14-րդ նիստը` Արարատ Միրզոյեանի եւ Աշոտ Ղուլեանի համանախագահութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան` կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը: Ըստ անոր, տուեալ ժամանակաշրջանին գումարուած են մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստեր, տեղի ունեցած են նաեւ տարբեր ձեւաչափով հանդիպումներ: Ղուլեան առանձնացուց Արցախի Ընտրական օրէնսգիրքի ընդունման ժամանակ քննարկումներուն մասնակցելու, օրէնսդրութեան կատարելագործման տեսանկիւնէն մասնագիտական օժանդակութիւն եւ խորհրդատուութիւն տրամադրելու Հայաստանի իրենց գործընկերներու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու խորհրդարաններու կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու յանձնախումբերուն միջեւ ստորագրուած նոր յուշագիրը:

Ա. Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին եւ բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք իրենց աշխատանքին մէջ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են Արցախին` միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին բարձրաձայնելէ մինչեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարանականներ Արցախ հրաւիրելով եւ անոնց ընկերակցելով:

Իր հերթին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ յանձնախումբը, ըստ էութեան, պաշտօնական կարեւորագոյն խողովակն է, որով կը դրսեւորուի երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններու համագործակցութիւնը: Ըստ անոր, Հայաստանի Ազգային ժողովին համար առաջնային նպատակ է տարբեր հարթակներու վրայ խօսիլ ինքնորոշման իրաւունքի մասին եւ պաշտպանել ազգային շահերը. ան անդրադարձաւ այս բոլորը կատարելու նպատակով դիմուած միջոցներուն:

Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ այս տարի արդէն երկու նիստ գումարած են, իսկ յանձնախումբի նիստը լաւագոյն պատրուակն է անգամ մը եւս Արցախ այցելելու:

Խօսելով յառաջիկայ տարի Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն մասին` Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ ազատ ու մրցակցային ընտրութիւններու կազմակերպումը այլընտրանք չունի:

Պատասխանելով «Ապառաժ»-ի հարցումին` Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ կայացած ընտրութիւնները, Հայաստանի մէջ նախորդ տարիներուն կայացած ընտրութիւններուն հետ բաղդատելով, պէտք է հաստատել, եւ միշտ արձանագրուած է, որ անցած են բաւական ժողովրդավար, մրցակցային մթնոլորտի մէջ:

Համագործակցութեան յանձնախումբի նիստի օրակարգին վրայ երկու հարց ներառուած էր` ղարաբաղեան տագնապին շուրջ խօսոյթը տարբեր հարթակներու վրայ եւ Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին Հայաստանի օրէնքի նախագիծի ընդհանուր ռազմավարութեան եւ աշխատանքային տարբերակի դրոյթներու մասին:

Նիստին մասնակիցները միտքեր փոխանակեցին միջխորհրդարանական յանձնախումբի հետագայ  կատարելիքներուն մասին:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Գոհունակութիւն Յայտնեց Հայաստանի Բարեփոխումներուն Գծով

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Վերաբնակեցման Ուղղութեամբ ՀՅԴ-ի Աշխատանքները Շարունակական Են»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.