Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստանի Արտաքին Եւ Ներքին Անվտանգութիւնը Կը Նկատեմ Բոլոր Առաջնահերթութիւններու Առաջնահերթութիւնը»

December 20, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համակարգին մէջ պէտք է հաւասարակշռուած քայլերով այնպիսի փոփոխութիւններ կատարել, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ-ն) դառնայ աւելի  արդիւնաւէտ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` շնորհաւորելով Ազգային անվտանգութեան մարմիններու ծառայողները իրենց օրուան առիթով այս հաստատումը կատարեց:

Շնորհաւորելէ ետք ծառայողները` վարչապետը ըսաւ. «Բազմիցս ըսած եմ, որ ներքին, արտաքին անվտանգութիւնը կը նկատեմ առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնը: Այդ գործին մէջ կարեւոր կառոյցներէն մէկն է ԱԱԾ-ն: Կրնամ արձանագրել, որ նախորդ մէկուկէս տարուան ընթացքին ԱԱԾ-ն կատարած է իրեն վստահուած գործերը», նշեց վարչապետը: Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ յաճախ անդրադարձ կը կատարուի ԱԱԾ-ի հասցէին հնչող քննադատութիւններուն, սակայն կառոյցի գործունէութեան հսկայական մասը խորքին մէջ անտեսանելի է հանրութեան համար:  «Հայաստանը շրջանի մը մէջ է, ուր իրավիճակը բարդ է, անիկա պարբերաբար կը սրի, եւ մենք երկարաժամկէտ մարտահրաւէրներ պիտի ունենանք  անվտանգութեան, միջազգային, շրջանային իրավիճակի հետ կապուած: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ վերջին տուեալներով, Հայաստանը լաւ տեղ կը զբաղեցնէ աշխարհի անվտանգ երկիրներու ցանկին մէջ», ըսաւ ան:

Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ասիկա չի նշանակեր, որ ծառայութիւնը կամ որեւէ մարմին անթերի կ՛աշխատի, ինչպէս որեւէ երկրի պարագային: Առ այդ, ան կարեւոր նկատեց Հայաստանի պետական կառոյցներու որակի բարձրացումը, որ հետեւողական պէտք է ըլլայ:  Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ժամանակի ընթացքին ծառայութիւնը աւելի նուազ ջանք պէտք է գործադրէ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ, որովհետեւ պիտի ձեւաւորուին աւելի արդիւնաւէտ կեդրոններ, իսկ ԱԱԾ-ն աւելի  պիտի կեդրոնանայ ահաբեկչութեան, սահմանադրական կարգի պահպանման եւ այլ խնդիրներու վրայ:

Աւարտին ան մաղթեց, որ ամէն տարի այս տօնը աւելի բարձր տրամադրութեամբ նշուի. «Վստահ, որ մեր երկրին մէջ անվտանգութեան խնդիրները լուծուած են աւելի բարձր մակարդակով, անվտանգութեան հարցերով զբաղող մարմինները պէտք է կարենան ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ ոեւէ մէկը չկարենայ էական սպառնալիք ստեղծել Հայաստանի, Արցախի հանրապետութիւններուն համար: Մեր անվտանգութիւնը ամուր եւ յուսալի ձեռքերու մէջ է, անիկա պէտք է շարունակուի ի շահ հայ ժողովուրդին», եզրափակեց վարչապետը:

 

Նախորդը

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Քոնսթանթին Քոսաչովին Ներկայացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Վերջին Զարգացումները

Յաջորդը

ՀԵՄ-ականներ. «Երկրին Պաշտպանն Ու Արթուն Պահակը Մենք Ենք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.