Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Եգիպտոս, ուր հանդիպումներ ունեցաւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի մէջ հարկային քաղաքականութիւնը եւ մեծ ներդրողներու համար գործող արտօնեալ պայմանները: Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում` Արցախի տնտեսութեան որոշ ոլորտներու մէջ ներդրումներու իրականացման հեռանկարներուն վերաբերեալ:
Այցելութեան ծիրին մէջ Մասիս Մայիլեան հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի Հարաւային Սինայի նահանգապետ Խալետ Ֆուտա Սիտիք Մոհամետի հետ: Ան բարձր գնահատեց Եգիպտոսի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական համայնքին նկատմամբ աւանդական բարեկամական վերաբերմունքը` նշելով երկրի զարգացման առումով հայերուն ունեցած կարեւոր ներդրումն ու դերակատարութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի տնտեսական զարգացման առաջնահերթ ուղղութիւնները: Այս պարունակին մէջ արտաքին գործոց նախարարը, յատկապէս առանձնացնելով զբօսաշրջութեան ոլորտը, անդրադարձաւ Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութեան բարձրացման վերաբերեալ հանրապետութեան մէջ իրականացուող տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններուն, որոնք բաւական գոհացուցիչ արդիւնքներ կ՛ապահովեն:
Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան հաստատման եւ զարգացման գծով:
Գահիրէի մէջ Մասիս Մայիլեան նաեւ այցելեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի հետ:



