Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի: Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սուրիացի դատապարտեալներ Սուրիա տեղափոխելու շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ նշանակուած է Կարծր թափօններու կառավարման ազգային մարմինի վարչական խորհուրդը: Նախագահ Աուն նիստի ընթացքին յայտնած է, որ սահմանադրութեան կիրարկման մէջ բացեր գոյութիւն...

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

Ռուսիան պատրաստ է «Թրամփի ուղի»-ին միանալու տարբերակները ուսումնասիրելու: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Ինչ կը վերաբերի «Թրամփի ուղի» նախագիծին, ինչպէս անիկա կը կոչուի, մենք կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը` ուսումնասիրելու մեր միանալու հաւանական տարբերակները, ներառեալ հաշուի առնելով «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու եզակի փորձը: «Սակայն նախ, հաւանաբար, կ՛արժէ ուշադիր ուսումնասիրել այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ շահագործման...

Խմբագրական.   Շրջանցումներ Եւ Հիմնական Օրախնդիրներ

Խմբագրական. Շրջանցումներ Եւ Հիմնական Օրախնդիրներ

Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի օրը անշուշտ առիթ է մեր զինեալ ուժերէն սահմանները պահպանող միաւորին դերակատարութիւնը արժանապէս գնահատելու  եւ անոր անփոխարինելի ու հայրենիքի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովող գործառոյթի նշանակութիւնը հերթական անգամ լոյսին բերելու: Բանակի օրուան առիթով վարչապետին հրապարակած ուղերձի հետեւեալ բաժինը լուսարձակի տակ պէտք է բերել եւ հետագայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարել: Եւ այսպէս. «Բանակի զարգացումը շարունակաբար ընթանալու է, որովհետեւ բանակը...

Քալիպաֆ. «Պատրաստ Ենք Միացեալ Նահանգներու Հետ  Բանակցելու, Եթէ Բանակցութիւնները  Անկեղծ Ու Իսկական Ըլլան»

Քալիպաֆ. «Պատրաստ Ենք Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցելու, Եթէ Բանակցութիւնները Անկեղծ Ու Իսկական Ըլլան»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու, եթէ բանակցութիւնները անկեղծ եւ իսկական ըլլան»: Քալիպաֆ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Յարձակումի ենթարկուելու պարագային Իրան պիտի հակադարձէ, եւ ամերիկացի հազարաւոր զինուորներ պիտի վտանգուին»: «Հակառակ բանակցութիւններուն նկատմամբ դրական տրամադրուած ըլլալուն, Թեհրան չի կարծեր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ձգտածը այսպիսի երկխօսութիւն է: Ան միայն կ՛ուզէ իր...

Ռուպիօ. «Իրանի Վրայ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ»

Ռուպիօ. «Իրանի Վրայ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներու ընթացքին ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Իրանի դէմ կրկին հնչած զինուորական գործողութիւններու սպառնալիքներուն յայտարարեց, թէ ներկայիս Իրանի վրայ յարձակումի որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունի: Ռուպիօ ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ներկայութեան ուժեղացման նպատակը «մեր անձնակազմին նկատմամբ Իրանի հաւանական սպառնալիքներէն պաշտպանուիլն է»: Թեհրանի կառավարութեան փոփոխութեան...

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

Երէկ Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ հայ-ամերիկեան ԹՐԻՓՓ նախագիծին, որ, ըստ Ռոպերթ Քոչարեանի, պիտի դառնայ լուրջ անվտանգային սպառնալիք Հայաստանի համար: Քոչարեանի համաձայն, «անիկա հայ-ամերիկեան ծրագիր է` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար: Հայաստանը նոյնիսկ կողմ չէ այստեղ, այլ կը դառնայ կիսակողմ»: Քոչարեանի վերլուծութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգները այս ծրագիրին մէջ 0 տնտեսական շահ...

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս  Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ Աունի

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ Աունի

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու հայ համայնքին վերաբերող հարցեր: Նախագահը ծանօթացաւ երանելի Կոմիտաս քհնյ. Քէօմիւրճեանի սրբադասման թղթածրարին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի երանելի յայտարարման համար ընթացող աշխատանքներուն: Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. բարձր գնահատած է...

Ակնարկ.  Սպառնալ Եւ Բանակցիլ

Ակնարկ. Սպառնալ Եւ Բանակցիլ

Ամերիկեան նաւատորմերու տարածաշրջան ժամանումը առաջին հայեացքով պատերազմի նախաշեմին մասին կը խօսի: Յայտարարութիւններու յաջորդականութիւնը սակայն դիւանագիտական լուծումներու ճամբան բաց կը պահէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը խօսեցաւ Թեհրանի կողմէ Ուաշինկթընին փոխանցուած բազմաթիւ ուղերձներու մասին` ընդգծելով, որ Իրան կ՛առաջարկէ  համաձայնիլ Ուաշինկթընի հետ: Ապա նոյն առաջարկը ինք կատարեց` թելադրելով Իրանին երթալ գործարքի: Գործարքի փակագիծերը չեն բացուած տակաւին, սակայն պարզ է, որ խօսքը առկախուած բանակցութիւններու վերսկսման...

Թրամփ. «Յաջորդ Յարձակումը Շատ Աւելի Վատ  Պիտի Ըլլայ. Կը Յուսանք, Որ Իրան  Բանակցութեան Սեղան Կը Նստի»

Թրամփ. «Յաջորդ Յարձակումը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ. Կը Յուսանք, Որ Իրան Բանակցութեան Սեղան Կը Նստի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ հսկայ «Արմատա» մը արագօրէն դէպի Իրան կ՛ուղղուի` աւելցնելով, որ անիկա Վենեզուելա ուղարկուածէն մեծ է: Ան զգուշացուց, որ նաւատորմիղը պատրաստ է իր առաքելութիւնը կատարելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային ուժ կիրարկելու: «Յուսանք, որ Իրան շուտով բանակցութեան սեղան կու գայ նստելու եւ բանակցելու արդար ու անաչառ համաձայնութիւն մը` առանց հիւլէական զէնքերու: Համաձայնութիւն մը, որ լաւ է բոլոր...

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Արաղչի. «Անցնող Օրերուն Ուիթքոֆի Հետ Չհաղորդակցեցայ Եւ Բանակցութիւններ Չխնդրեցի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Անցնող օրերուն ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ չհաղորդակցեցայ եւ բանակցութիւններ չխնդրեցի»: «Իրան կապի մէջ է միջնորդ պետութիւններուն հետ, որոնք խորհրդակցութիւններ կը կատարեն», աւելցուց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ամանի իր կարգին յայտնեց. «Ներկայիս Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ չկան, սակայն պատգամներու փոխանակում կայ»` աւելցնելով. «Նոյնիսկ եթէ Ուաշինկթընի հետ բանակցութեան սեղան նստինք,...

Ռուստամեան. «ԵԽԽՎ-ն Ունի  Իր Առաջնահերթութիւնները»

Ռուստամեան. «ԵԽԽՎ-ն Ունի Իր Առաջնահերթութիւնները»

Եթէ Սթրազպուրկի մէջ ընդունուած ԵԽԽՎ-ի «Վեհաժողովի վերահսկողութեան ընթացակարգի յառաջընթացը» խորագիրով բանաձեւը կը նկատուի ընդդիմութեան տապալում, ապա, ուրեմն, պէտք է ընդդիմութեան տապալում նկատել նաեւ այն իրողութիւնը, որ Արեւմուտքը ամբողջութեամբ կը պաշտպանէ այս իշխանութիւնները: Սա, կը կարծեմ, ոեւէ մէկուն համար նորութիւն չէ: Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամներն Ու  «Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Այցելեցին Եռաբլուր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամներն Ու «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելեցին Եռաբլուր

Հայոց բանակի կազմաւորման 34-րդ տարեդարձին առիթով, երէկ` 28 յունուարին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներն ու «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն: Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Եռաբլուրի մէջ` ի յիշատակ նահատակ հայորդիներու, որոնք անմնացորդ նուիրուեցան հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին: «Հակառակորդը կը խօսի խաղաղութեան մասին, բայց ամէն օր յատուկ նշանակութեան նոր ստորաբաժանումներ ու զօրամասեր կը ձեւաւորէ, իսկ Հայաստան նոր յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ու կառոյցներու...

Թրամփ. «Թեհրան Կ՛ուզէ Համաձայնագիր Կնքել»

Թրամփ. «Թեհրան Կ՛ուզէ Համաձայնագիր Կնքել»

Իրանի հետ կացութիւնը «փոփոխական է», որովհետեւ «մեծ նաւատորմիղ» մը ուղարկուած է շրջան: «Աքսիոս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` նշելով, որ Թեհրան կ՛ուզէ համաձայնագիր կնքել: «Մենք Իրանի մօտ մեծ նաւատորմիղ ունինք: Աւելի մեծ, քան Վենեզուելայի պարագային է», ըսած է Թրամփ: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ տարբերակ մնալ: «Անոնք կ՛ուզեն գործարք...

Կութիերես Կառչած Կը Մնայ Ապահովութեան  Խորհուրդի Դերակատարութեան

Կութիերես Կառչած Կը Մնայ Ապահովութեան Խորհուրդի Դերակատարութեան

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես պաշտպանեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դերակատարութիւնը` զայն նկատելով աշխարհի մը մէջ, ուր «անտառի օրէնքը» կը տիրէ, խաղաղութեան առնչուող որոշումներ պարտադրելու «միակ» լիազօր մարմինը: «Ամբողջ աշխարհի վրայ օրէնքի գերակայութիւնը կը փոխարինուի անտառի օրէնքով: Մենք ականատես կը դառնանք միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումներու եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նկատմամբ ակնյայտ արհամարհանքի», նշեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը: «Կազայէն Ուքրանիա, եւ աշխարհի բոլոր կողմերուն...

Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանատան Վրայ  Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանատան Վրայ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը թիրախաւորող յարձակում մը ձախողութեան մատնուած է, եւ երեք ազրպէյճանցիներ ձերբակալուած են: Նախքան այդ, Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, հաղորդած էր, որ հետաքննութիւններու հիմամբ, ապահովական մարմինները կասկածած են, թէ ազրպէյճանցի երեք քաղաքացիներ Պաքուի մէջ կրօնական ատելութեան դրդապատճառով Պաքուի մէջ օտար դեսպանատան մը վրայ ահաբեկչական յարձակում կը ծրագրէին: Անոնցմէ մէկը...

Պարրաք. «Իրաքի Մէջ Իրանի Կողմէ Նշանակուած  Կառավարութիւն Մը Պիտի Չկարենայ Իրաքցիներուն  Եւ Սուրիացիներուն Աւելի Լաւ Ապագայի  Ձգտումները Իրագործել»

Պարրաք. «Իրաքի Մէջ Իրանի Կողմէ Նշանակուած Կառավարութիւն Մը Պիտի Չկարենայ Իրաքցիներուն Եւ Սուրիացիներուն Աւելի Լաւ Ապագայի Ձգտումները Իրագործել»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի շուրջ «արդիւնաւէտ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ: Պարրաք «Էքս»-ի վրայ երկուշաբթի գիշեր գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Այս գիշեր արդիւնաւէտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ պարոն Մասուտ Պարզանիի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ կացութիւնը, եւ զինադադարը պահպանելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները, մասնաւորաբար Քոպանիի մէջ կարիքաւորներուն հասնիլը...

Պարրօ. «Ֆրանսա Կ՛աջակցի Հայաստանի` Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Պարրօ. «Ֆրանսա Կ՛աջակցի Հայաստանի` Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Ֆրանսա կ՛աջակցի Հայաստանի` Ազրպէյճանի  եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ: Ան նշած է, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանի բարգաւաճման վրայ: «Մենք արծարծեցինք համաշխարհային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, ներառեալ Սուրիոյ, Կազայի եւ Իրանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները,...

Ակնարկ.  Ապու Տապիի Հետ Առնչուած Հանգամանքներ

Ակնարկ. Ապու Տապիի Հետ Առնչուած Հանգամանքներ

Ապու Տապիի երկօրեայ հանդիպումները աւելի երեւոյթ են, քան բովանդակութիւն: Պաշտօնական լրահոսները կը խօսին դրական մթնոլորտի, երկխօսութիւնը բաց պահելու, հարցերու լուծման ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու  եւ ամէնէն յատկանշականը այս գործընթացը շարունակելու մասին: Տարակարծութիւններ, անհամաձայնութիւններ տեսանելի չեն յայտարարութիւններուն մէջ: Ըստ էութեան սակայն համաձայնութիւնները եւս տեսանելի չեն: Դէպի խաղաղութիւն ուղղուելու ակնարկներ կան, սակայն կը բացակային ժամկէտները, հրադադարի շուրջ նախնական համաձայնութիւնը: Այս առումները կ՛ընդգծուին ամերիկացի...

Բագրատունի. «Երբ Հիմնահարցեր Կան, Բնական Է,  Որ Եկեղեցին Անոնց Մասին Խօսի»

Բագրատունի. «Երբ Հիմնահարցեր Կան, Բնական Է, Որ Եկեղեցին Անոնց Մասին Խօսի»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Ալֆա Նիուզ» լրատուական ցանցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը նշեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ վերջին երկու օրերուն արձանագրուած զարգացումները հայերով բնակուած շրջաններէն հեռու են, համայնքը այս հարցին մէջ չէ տուժած, սակայն Լիբանանի ապագային եւ կացութեան առումով հեռանկարային անյստակութիւններ կան, եւ այն, ինչ որ կը պատահի Լիբանանին, բնականաբար...

Թեհրան. «Եթէ Որեւէ Յարձակումի Ենթարկուինք,  Իրանի Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Համապարփակ»

Թեհրան. «Եթէ Որեւէ Յարձակումի Ենթարկուինք, Իրանի Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Համապարփակ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քաղաքներուն մէջ ցոյցերու բռնաճնշումը մարդու իրաւունքներու բացայայտ խախտում է: Նախարարութիւնը նշեց, որ Իրան կը դիմագրաւէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ խառնածին պատերազմ մը, որուն նպատակը շրջանի անվտանգութեան քայքայումն է: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Իրանի վրայ որեւէ յարձակում պիտի արժանանայ իրանեան համապարփակ ու ցաւ պատճառող հակադարձութեան` շեշտելով, որ Իրան...

Page 47 of 795 1 … 46 47 48 … 795

Արխիւներ