«Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանցի Ժողովուրդի Ձգտումներուն Իրականացման Համար Առաջնահերթութիւն Տալու Ուղիղ Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Քաթարցի Պատուիրակը
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ Պըն Սալեհ Խլէյֆին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: «Լիբանան կը գնահատէ Քաթարի դերը` իրեն ցուցաբերած աջակցութեան միջոցով յաղթահարելու դժուար պայմանները, եւ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ այդ աջակցութեան շարունակութեան», ըսաւ նախագահ Աուն: «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքը դիւրացնելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշումը անհրաժեշտ է` հասնելու...




















