Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հնգօրեայ Ժամկէտին Իմաստը

March 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջինարեւելեան պատերազմին վերջ դնելու նպատակով աշխուժացած ըլլալ  կը թուին միջնորդական առաքելութիւնները: Անգարա – Սէուտական Արաբիա գիծին վրայ խօսակցութիւններէն մինչեւ Գահիրէի առած դիւանագիտական քայլերը բազմաթիւ երկիրներու  ուղղութեամբ այդ առաջադրանքի մասին կը յուշեն:

Ուշագրաւը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրար հակասող յայտարարութիւններէ ետք կը հաստատէ, որ երկխօսութիւն կայացած է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ, դրական որակելով զայն: Մինչ Իրան կը հերքէր նման տեղեկութիւններ, Ուաշինկթըն հնգօրեայ ժամկէտի մասին կը խօսէր, նոյնիսկ անկէ աւելի առաջ Իրանէն ակնկալելով բանակցային նախագիծի շուրջ համաձայնիլ:

Այս բոլորին մէջ պարզը այն է, որ Ուաշինկթըն պատերազմական դադարի, կանգառի, զինադուլի կամ ընդհանուր ելք գտնելու մասին կը խորհի: Կան յոխորտանքային յայտարարութիւններ, Իրանի ամբողջ ռազմական կարողականութիւնը չէզոքացուցած, հիւլէական համակարգերը կազմաքանդած ըլլալու եւ ուժանիւթային ոլորտին եւ Իրանի համար կենսաճանապարհային նշանակութիւն ունեցող կէտերու վրայ վերահսկողութիւն հաստատած ըլլալու առումներով:

Ռազմագիտական դիտանկիւնով Հորմուզի նեղուցի կամ Խարք կղզիի կարգավիճակի փոփոխութիւն չ՛երեւիր: Իսկ եթէ ուժանիւթային ոլորտի վրայ նոր վերահսկողութեան հարցը տակաւին յստակացած չէ, այդ կը նշանակէ, որ ենթադրեալ բանակցային հանգոյցը անոր կը վերաբերի:

Մինչեւ պատերազմին բռնկումը բանակցային օրակարգի կէտերը հիւլէական թղթածրարն էր, իրանեան փրոքսիներն ու հեռահար հրթիռներու արտադրողականութիւնն էին: Հիւլէականին առումով, Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, որ խաղաղ նպատակի համար օգտագործելի է իր հիւլէական համակարգը եւ որեւէ կերպ մտադիր չէ հիւլէականի ռազմականացումին: Փրոքսի կէտերը` Կազայէն Իրաք, Եմէնէն Սուրիա եւ Լիբանան արդէն նախկին դրուածքը չունէին: Հեռահար հրթիռներու արտադրողութեան կասեցումը  կը շարունակէր քննարկելի նիւթ մնալ:

Հիմա, այդ բոլորը կրնան վերափոխուիլ: Սակայն  եթէ առանց արմատական փոփոխութեան, ա՛յս պայմաններուն մէջ սկսին բանակցութիւնները, կ՛արձանագրուին քանի մը դիտարկումներ:

– Բանակցութիւնները Իրանի կողմէն կը վարեն ներկայ վարչակարգի ներկայացուցիչները: Այդ կը նշանակէ, որ Իրանի մէջ չէ իրականացուած պահանջուած վարչակարգի փոփոխութիւնը:

– Իրանը շարունակած է պահպանել իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Չէ իրականացած Իրանի մասնատումը:

– Հակառակ նախաբռնկումի քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերուն, պատերազմի ժամանակ ընդհանրապէս միաւորուած մնացած է հասարակութիւնը:

– Քրտական գործօնէն եւ ազգաբնակչութենէն ակնկալուած շարժումը չէ խմորուած, եւ անջատողական քայլեր չեն արձանագրուած:

Այս հանգամանքներով եւ դրուածքով Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու ձեռնարկումը կ՛անհանգստացնէ Իսրայէլը: Այս նախաբանակցային հանգրուանի առկայութեամբ ալ կը բացատրուի Թել Աւիւի կողմէ դէպի Լիբանան յարձակումներու սաստկացումը կամ ուղղակիօրէն հարաւային Լիբանանի անջատման կամ բռնակցման գործողութիւններու սանձազերծումը:

Ուաշինկթընի համար կը  թուի, որ ո՛չ վարչակարգի փոփոխութիւնը, ո՛չ Իրանի ժողովրդավարացումը էական խնդիրներ են կամ հետապնդուած նպատակներ: Թրամփեան փիլիսոփայութեամբ պատերազմական գործողութիւններ ձեռնարկելը Իրանի դէմ  տնտեսական ներդրում է, աւելի ուշ ուժանիւթի աղբիւրներու արտահանման ծրագիրներու վրայ իր գերշահոյթները ապահովելու: Գալիք բանակցութիւններուն հիմնական կէտը այս կրնայ ըլլալ, որուն դիմաց Իրան պիտի պահանջէ իր պատժամիջոցներու ամբողջական վերացում կամ տնտեսական կատարեալ ապաշրջափակում: Այս բոլորին մէջ Իսրայէլի նպատակն է հասնիլ Լիթանի եւ տիրապետել ջրային պաշարներու: Այստեղ հնգօրեայ ժամկէտը շատ նեղ է սակայն:

Եթէ Ուաշինկթըն Հորմուզի գերշահոյթներուն իր ուզած մասնաբաժինը ստանայ, Իսրայէլի անվտանգային խնդիրները նոյն առաջնահերթութիւնները կրնան չունենալ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Փաքիստան Պատրաստ Է Իրան- Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները Հիւրընկալելու

Յաջորդը

Մահացաւ Լիբանանի Մշակութային Կեանքի Գործիչներէն Թորոս Սիրանոսեանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.