Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Արաբ Պաշտօնատարի Մը Եւ «Աքսիոս»-ի.  Ուաշինկթըն-Թեհրան Ժողովները Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Գումարուին Թուրքիոյ Մէջ

Ըստ Արաբ Պաշտօնատարի Մը Եւ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն-Թեհրան Ժողովները Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Գումարուին Թուրքիոյ Մէջ

Արաբ պաշտօնատար մը ԱՖՓ  լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ժողովները գումարուին 6 փետրուարին Թուրքիոյ մէջ»: Նախքան այդ, Թեհրան կոչ ուղղած էր` շարունակելու իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները, իսկ Ուաշինկթըն Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը զգուշացուցած էր համաձայնութիւն չգոյացնելու հետեւանքներէն: «Հաւանական է, որ Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի բանագնացներու եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ ժողով մը գումարուի», նշեց պաշտօնատարը: «Հաւանական...

Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի Հարստացման Մակարդակը 60 Առ Հարիւրէն 20 Առ Հարիւրի Նուազեցնելու

Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի Հարստացման Մակարդակը 60 Առ Հարիւրէն 20 Առ Հարիւրի Նուազեցնելու

Իրան պատրաստ է իւրանիոմի հարստացման մակարդակը նուազեցնելու, սակայն ատոր համար պէտք պիտի ըլլայ վճարել: Այս մասին յայտարարեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանի: Անոր համաձայն, Թեհրանը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իւրանիոմի հարստացման մակարդակը 60 առ հարիւրէն 20 առ հարիւրի նուազեցնելու: Ան նշած է նաեւ, որ ասիկա կը կատարուի ներքին պահանջները սպասարկելու համար միայն: Շամխանի նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու...

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Լիբանանի համար գերիշխանական ճակատ»-ի պատուիրակը ընդունելով յայտնեց. «Օտար պետութիւններուն Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերականգնումն ու անոր աջակցիլը բնական արդիւնք են Լիբանանի ներկայիս կատարածին` պետութեան հաստատ հիմերու վրայ վերակառուցման, մասնաւորաբար օրէնքի իշխանութեան տարածման եւ զէնքի մենաշնորհի գործադրման առումներով: Անոնք երկու հարցեր են, որոնցմէ ետդարձ չկայ, ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, եւ աշխատանք կը տանինք զանոնք հաւասարապէս ողջախոհութեամբ, իրատեսութեամբ ու...

Արցախի Նախկին Ղեկավարներու Դատավարութիւնը Պիտի Վերսկսի 5 Փետրուարին

Արցախի Նախկին Ղեկավարներու Դատավարութիւնը Պիտի Վերսկսի 5 Փետրուարին

Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական գործիչներու դատավարութիւնը պիտի վերսկսի 5 փետրուարին: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Պաքուի զինուորական դատարանէն ստացուած տեղեկութիւնը: Արցախի երեք նախկին նախագահներուն եւ 2023 սեպտեմբերին գերեվարուած արցախցի միւս գործիչներուն դէմ յարուցուած քրէական գործով վերջին դատական նիստը տեղի ունեցած էր 26 դեկտեմբեր 2025-ին: Այդ նիստէն ետք գործը քննող դատաւորը հեռացած էր խորհրդակցական սենեակ`...

Սպանական Լլէյտա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանական Լլէյտա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

30 յունուարին Սպանիոյ Լլէյտայի քաղաքապետարանի լիագումար նիստի ընթացքին Քաթալոնիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ ազգերու միջազգային կեդրոնը եւ Քաթալոնիոյ մէջ գործող հայկական «Արարատ» միութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցին` պահանջելով Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ անոր տարեկան ոգեկոչումը Լլէյտա քաղաքին մէջ: Միջնորդութիւնը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ: Որոշումին համաձայն, այս տարուընէ սկսեալ Լլէյտայի մէջ պիտի սկսի Ցեղասպանութեան յիշատակման տարեկան ծրագիր, որուն մեկնարկը պիտի տրուի լուսանկարիչ լրագրող Անտրիւ Ֆեռնանտեսի...

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան լարուածութեան համապատկերին վրայ փոխսպառնալիքներն ու հռետորաբանութիւնը կը խօսին պատերազմի նախաշեմին գտնուելու մասին: Ամերիկեան ռազմանաւեր կը մօտենային Իրանի մերձակայ ջուրեր, մինչ Թեհրանի ներկայացուցիչները կը խոստանային ամբողջ տարածաշրջանը բռնկեցնել, եթէ Ուաշինկթըն սկսէր հարուածել Իրանը: Յայտարարողական մակարդակի այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ սակայն, մերթ ընդ մերթ բանակցութիւններու վերսկսման ակնարկներ կ՛ըլլային երկու կողմէն: Իրանի պարագային կար երկու ուղղութիւն: Հանրապետութեան նախագահին անձամբ եւ անոր...

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Հաւանական է, որ քանի մը օրէն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկ կատարուի»: «Բանակցութիւնները հաւանաբար պիտի կայանան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ, եւ տակաւին ժողովին վայրն ու ժամանակը չեն ճշդուած», նշեց լրատու գործակալութիւնը: Իրանի կառավարութենէն լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան հրամայեց Միացեալ...

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնեց Իրանի հետ գործարքի կնքման հասնիլ: Նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին զգուշացուց, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ որեւէ յարձակում շրջանային պատերազմի պիտի յանգեցնէ: Թրամփ պատասխանելով Խամենէիի զգուշացումին վերաբերեալ լրագրողներու հարցումին յայտնեց. «Անշուշտ այդպէս պիտի ըսէ»: «Կը յուսանք համաձայնութեան հասնիլ: Եթէ համաձայնութիւն չգոյացնենք, այդ ատեն պիտի տեսնենք, թէ իրաւունք ունի՞, թէ՞...

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հնդկաստանի զինուած ուժերու պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատար զօր. Անիլ Չաուհանը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Չաուհան յայտնած է Հնդկաստանի զինուած ուժերու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համագործակցութեան զարգացումը առկայ ուղղութիւններով եւ նախաձեռնելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նոր ուղղութիւններ: Պապիկեան բարձր գնահատած պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը` կարեւոր նկատելով փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրներու կանոնաւոր իրականացումը: Անոնք քննարկած են նաեւ...

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

Մինչեւ Հայաստանի մէջ հերթական ընտրութիւնները, այսինքն` մինչեւ այս տարուան յունիսը, մենք կրնանք խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: Այս մասին Ազրպէյճանի խորհրդարանի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի երեսփոխան Կուտրաթ Հասանկիւլիեւ: Անոր համաձայն, ատոր համար Հայաստան պէտք է պարտաւորութիւն ստանձնէ, որ իր նոր սահմանադրութեան մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ «տարածքային պահանջներ» պիտի չըլլան: «Մեր օրէնսդրութեան համաձայն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմը կը ճանչցուի իբրեւ Հայրենական պատերազմ:...

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ Կիրակի, 1 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։ Նիստի առաջին օրակարգով  քննարկուեցան Սուրիոյ, Իրանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը պարզեց թէժ իրավիճակներու մէջ գտնուող մեր թեմերու եւ ազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած բազմաթիւ հաղորդակցութիւնները։ Ժողովականները քննարկեցին այս իրադարձութիւններու մէջ քրտական...

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրան «լրջօրէն կը խօսի» Միացեալ Նահանգներու հետ` ռազմական գործողութիւններու վերսկսման սպառնալիքներու եւ Մերձաւոր Արեւելքի լարուած շրջանին մէջ ամերիկեան նաւատորմի ներկայութեան խորապատկերին վրայ: «Մենք կը տեսնենք, թէ արդեօք կրնա՞նք բան մը ընել: Հակառակ պարագային տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ», ըսած է Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ին: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ կրնան նման բանակցութիւններ...

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ եռակողմ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան յաջորդ շաբաթ Ապու Տապիի մէջ, կիրակի օր յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: Բանակցութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցած է յունուարի վերջաւորութեան: Զելենսքի ըսած է, որ նոր բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 4 եւ 5 փետրուարին, եւ որ Ուքրանիան պատրաստ է «առարկայական քննարկման»:  

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

Իսրայէլ շաբաթ օր հասցուցած է ամէնէն ուժեղ հարուածներէն մէկը Կազային հոկտեմբերեան զինադադարէն ի վեր: Կայ աւելի քան 30 զոհ, յայտնած են պաղեստինեան առողջապահական համակարգի ներկայացուցիչները: Իսրայէլցի զինուորականները յայտարարած են, որ ատիկա պատասխան է մէկ օր առաջ տեղի ունեցած զինադադարի խախտման: Իսրայէլի բանակին համաձայն` յարձակման թիրախը եղած են հրամանատարները, զէնքի պահեստները եւ արտադրական տարածքները, որոնք կը պատկանին պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումին եւ...

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Շաբաթ օր Քննչական կոմիտէ հրաւիրուած են Յովնան եպս. Յակոբեան, Մակար եպս. Յակոբեան եւ տէր Մովսէս քահանայ: Աւելի կանուխ փաստաբան Արա Զոհրաբեան յայտնած էր, որ «շաբաթ առաւօտէն ոստիկանութեան միջոցով ծանուցագիրներ կը յանձնուին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եպիսկոպոս անդամներուն` իբրեւ մեղադրեալ  Քննչական կոմիտէ ներկայանալու համար»: Փաստաբանին համաձայն, եպիսկոպոսները կը մեղադրուին դատական վճիռի կատարման խոչընդոտելու արարքի յանցանքով: Քննչական կոմիտէն առայժմ չի մեկնաբաներ այս տեղեկատուութիւնը:...

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի տարածքով հացահատիկով բեռնուած վակոններ ուղարկուած են Հայաստան, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Կը նշուի, որ տարանցումով Ռուսիայէն Հայաստան ուղարկուած է 25 վակոն հացահատիկ` 1.746 թոն ընդհանուր կշիռքով: Այս պահու դրութեամբ Ռուսիայէն Ազրպէյճանով տարանցումով արդէն Հայաստան ուղարկուած է հացահատիկով բեռնուած 285 վակոն` մօտ 19 հազար 900 թոն հացահատիկ: 2025-ի վերջին Հայաստան Ազրպէյճանի տարածքով սկսաւ հացահատիկ ու վառելիք ներմուծել:

31 յունուար 1986-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լեւոն Պէրպէրեան եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի անդամ Ներսէս Խիւտավերտեան հայանուն վարձկան տարրերու կողմէ առեւանգման եւ ահաբեկման փորձի մը դիմադրելով զոհ կ՚երթան ահաւոր ոճիրի մը, իսկ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Պարսումեան կ՚առեւանգուի եւ անարգօրէն կը սպաննուի անծանօթ պայմաններու մէջ։

39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ 40 տարի առաջ, 31 յունուար 1986-ի գիշերը թրքական ծառայութեան մէջ եղող հայանուն վարձկան տարրեր Պէյրութի մէջ սպաննեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած ու տարբեր պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնող ընկերներ Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանը, Ներսէս Խուտաւէրտեանը եւ առեւանգեցին դոկտ. Յակոբ Պարսումեանը: ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ առաջին նահատակները չէին անոնք, ո՛չ ալ վերջինները եղան: Իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ...

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ Իրանի դէմ զինուորական գործողութենէ խուսափիլ` նշելով, որ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան մը շուրջ դարձեալ բանակցութիւններ վարելը չէ բացառած: «Առաջին նստաշրջանիս բանակը կառուցեցի, եւ այժմ ունինք խումբ մը մարտանաւեր, որոնք կ՛ուղղուին վայր մը, որ Իրան կը կոչուի, եւ կը յուսամ զանոնք օգտագործելու չենք ստիպուիր», ըսաւ Թրամփ: Անդրադառնալով Թեհրանի հետ հաւանական բանակցութիւններուն`...

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Սուրիոյ կառավարութիւնը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հետ համապարփակ զինադադարի համաձայնութեան եւ աստիճանական համարկման գործողութեան շուրջ փոխհասկացողութեան գոյացումը յայտարարեց: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը իրենց կարգին յայտարարեցին, թէ գոյացած համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ զինադադարը եւ երկու կողմերուն միջեւ հաստատութիւններու, զինուորական, ապահովական ուժերու եւ վարչական կառոյցներու աստիճանական համարկումի հոլովոյթի մը սկիզբը: Անոնք աւելցուցին, որ համաձայնութիւնը կը ներառէ զինուորական ուժերու հեռացում շփման գիծերէն եւ ներքին գործոց նախարարութեան ապահովական...

Page 46 of 795 1 … 45 46 47 … 795

Արխիւներ