Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Նշանակուեցան Տնտեսական-Ընկերային-Կենսոլորտային Խորհուրդի Անդամներ

March 27, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կառավարութիւնը 5 մարտ 2026-ին վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովին նշանակեց Տնտեսական-ընկերային-կենսոլորտային խորհուրդի անդամները, որոնցմէ երկուքը` ՀՅԴ-ի թեկնածուներ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան եւ դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան:

Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան 1997-ին աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` ճարտարագիտական հոգեբանութիւն-մարդկային պաշարներու կառավարում մասնագիտութեամբ, մագիստրոսի աստիճանով: 2001-ին կը ստանայ IRCA Lead Auditor for ISO 9001 վկայականը QMI-SAI Canada Limited-էն: Ակադեմական իր փորձառութեան ծիրին մէջ, ան Սեն Ժոզեֆ եւ ԻՒԶԵՔ համալսարաններուն մէջ դասախօս է մարդկային պաշարներու եւ որակի կառավարման նիւթերով` մագիստրոսի ուսանողներուն: 2017-էն ի վեր Պալամանտ համալսարանի Քիմիական ճարտարագիտութեան բաժանմունքի խորհրդատու մարմինի անդամ է: 2013-2017 ԼԻՊՆՈՐ-ի (Լիբանանեան չափանիշներու հիմնարկ) ISO 26000 Ընկերային կայունութեան կառավարման համակարգումի խորհրդական եղած է: Արհեստավարժ փորձառութեան ծիրին մէջ, 2004-էն սկսեալ իբրեւ որակի եւ մարդկային պաշարներու կառավարման տնօրէն կը պաշտօնավարէ: Խորհրդականի զանազան պարտականութիւններ ստանձնած է Լիբանանի, Հայաստանի, Ալճերիոյ, Քուէյթի եւ Յորդանանի այլազան հաստատութիւններու մէջ: Լիբանանի մարդկային պաշարներու ընկերակցութեան գործադիր կոմիտէի անդամ է 2012-էն սկսեալ: Եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

***

Դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան իր դոկտորականը ստացած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն` կրթութեան մարզին մէջ, մագիստրոսի վկայականը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն` կրթական հոգեբանութեան մարզին մէջ, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը` Հայկազեան համալսարանէն` մանկավարժութեան մարզին մէջ: Ակադեմական ասպարէզի ծիրին մէջ, ան դասախօս է Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերային ծառայութեան մասնագիտութիւններու բաժանմունքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական կեդրոնին մէջ: Անոր մասնագիտական գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ կրթական ոլորտին մէջ դասախօսութիւններ, վարժողական ծրագիրներ եւ խորհրդատուական աշխատանքներ, որոնց ընդմէջէն իր մասնակցութիւնը բերած է տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած ծրագիրներու, ինչպիսիք են Լիբանան, Հայաստան, Փորթուգալ, Եգիպտոս, Օման, Յորդանան, Սուրիա եւ Ֆրանսա: Ուսուցիչներու վերապատրաստութեան աշխատանքները կ՛ընդգրկեն Լիբանանի պետական եւ ոչ պետական կրթական կառոյցները: Ներդրում ունի համայնքային կեանքին մէջ, կրթական, միութենական եւ կազմակերպչական բնոյթի յանձնախումբերու եւ հանրային ելոյթներու ընդմէջէն: Անդամ է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ անոր դիւանին: Անդամ է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի խնամակալ մարմինին: Ատենապետն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի խորհրդատու մարմինին: Անդամ է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան Մանուկներու քաղցկեղի ազգային յանձնաժողովին:

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Սովին Վերաբերող Ուսումնասիրական Նոր Գիրքի Շուրջ Զրոյց-Հանդիպում

Յաջորդը

Ակնարկ. Դ. Կէտի Հանգոյցը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.