«Ազդակ»-ի 85-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 19 մարտ 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսն էր Փրակայի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան, նիւթ ունենալով` «Նախնիք եւ խազերը»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը նիւթը սկսաւ երաժշտութեան մասին հայ երաժշտագիտութեան մէջ ամէնէն հեղինակաւոր անուններէն Եղիա Տնտեսեանի բնութագրումները ներկայացնելով:
Ապա, խազերու օգտագործման պատճառականութեան ծալքերուն մասին համապարփակ տեղեկութիւններ, եկեղեցական երգերու տեսակներ` խազագրուած ձեւով մեզի հասած, ծիսական մատեաններու, սուրբ պատարագի սրբասացութիւններու, հնագոյն թուակիր շարակնոցներու, ճաշոցներու, մաշտոցներու, ներկայիս չգործածուող շարականներու, տաղերու, անվերծանելի բաժիններու հետ խազագրութիւններու առնչութիւնները հետաքրքրական եւ փաստացի տուեալներով ներկայացուեցան լսարանի մասնակիցներուն: Այս տեղեկութիւններու հիման վրայ վերլուծական հայեացքով կը յատկանշուէր դասախօսութիւնը, որ հետաքրքրութեան մեծ ալիք բարձրացուց լսարանականներուն մօտ:
Մասնագիտական բծախնդրութեամբ, յայտնաբերումներով յագեցած եւ այս ոլորտին մէջ ահագին նորութիւն բերող աշխատասիրութիւններու եզրակացութիւններուն իրազեկ դարձնելով` փրոֆ. Իւթիւճեան, ինչպէս «Ազդակ»-ի իր դասախօսած նախորդ լսարաններուն, իւրայատուկ պահ ստեղծեց հայկական եկեղեցական երաժշտութեան մէջ խազերու ներկայացուցած համապատկերին մասին տուած տուեալներով:
Ինքնուրոյն եւ բարձրորակ դասախօսութեան հետեւեցան հարցումները, որոնց բացառիկ հմտութեամբ պատասխանեց դասախօսը:
Խազագրութեան մասին այս եզակի դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=Aab1Sce29YE&t=4s




