Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին. Յակոբ Բագրատունի. «Ոչ Մէկ Ճիգ Պէտք Է Խնայել Կասեցնելու Յարձակումը»

March 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան 24 մարտին այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին:

Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ նախագահին կ՛այցելեն այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք նուազագոյնը կարելի է որակել իբրեւ աննախընթաց ու արտակարգ:

«Արտակարգ` իրենց սարսափներով, արհաւիրքներով, դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով: Նման պայմաններու մէջ, տարրական պարտականութիւն է այցելել այս վայրը, որ կը խորհրդանշէ հայրենիքի միասնութիւնը` իր ժողովուրդով, հողով եւ պետական հաստատութիւններով», շեշտեց ան:

Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ բռնկած ու շարունակուող պատերազմներն ու անոնց հանգամանքները, յատկապէս կանգ առնելով Մայրիներու երկրին դէմ շղթայազերծուած  սարսափելի յարձակումին վրայ` անդրադառնալով այն տառապանքին, զոր կը կրեն լիբանանեան բոլոր շրջանները եւ այն սպառնալիքին, որուն տակ կը գտնուին հայրենի հողի թանկագին հատուածները:

«Նաեւ քննարկեցինք տեղահանութեան հարցը եւ տառապանքն ու դժուարութիւնները գաղթական դարձած մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք պարտադրաբար հեռացան իրենց օճախներէն: Լուսարձակի տակ առինք անոնց մղձաւանջը մեղմացնելու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերն ու անոնց  անհրաժեշտ կարիքներու ապահովումը», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի:

Ան յայտնեց, որ քննարկումներէն զանց չառնուեցան նաեւ լիբանանցիներուն կենցաղային եւ ընկերային այն տագնապները, որոնց ծանրութեան տակ կը գտնուին լիբանանեան հասարակութեան լայն խաւերը:

«Նախագահին վստահեցուցինք, որ ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել մնայուն կապ պահպանելու միջազգային մարմիններուն, ինչպէս նաեւ եղբայրական ու բարեկամ երկիրներուն հետ` նպատակ ունենալով գտնել այս դաժան յարձակումն ու գործադրուող ոճրագործութիւնները կասեցնելու եւ անոնց վերջ տալու երաշխաւորուած միջոցներ», յայտնեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանան Իրանի Դեսպանը Նկատեց «Ոչ Փափաքելի Անձ» Եւ Պահանջեց Երկրէն Անոր Հեռացումը

Յաջորդը

Իրան ՄԱԿ-Ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Հրատապ Նիստ Կը Պահանջէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.