Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Նահատակներու Յիշատակի Օրուան Առիթով Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հրապարակեց Ուղերձ Մը

Փետրուար 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Փաշինեան Եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս
Յարգեցին Նահատակներուն Յիշատակը

Երէկ` ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ազրպէյճանի մէջ 32 տարի առաջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերուն յիշատակին եւ բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առիթով հրապարակեց ուղերձ մը` հաստատելով, որ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցածը պետական մակարդակով կազմակերպուած եւ իրականացուած յանցագործութիւն էր, որուն ընթացքին սպաննուեցան բազմաթիւ հայ բնակիչներ, շատեր վիրաւորուեցան, բռնութիւններու ենթարկուեցան ու բռնի տեղահանուեցան:

Նոյն օրը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին:

Վարչապետը ծաղկեպսակ զետեղեց զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններուն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ այս մասին հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Սումկայիթի ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակին: 32 տարի առաջ Ազրպէյճանը հայերու շրջանին մէջ զանգուածային բռնութիւններով ու ջարդերով արձագանգեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման խաղաղ կոչին: Մենք մեր տուրքը կը մատուցենք անոնց յիշատակին` նման յանցագործութիւններու կանխման հաստատակամութեամբ»:

Բակօ Սահակեան Յարգանքի Տուրք Մատուցեց
Սումկայիթի Ջարդերու Զոհերուն

Սումկայիթի ջարդերու 32-րդ տարելիցին առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 փետրուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղեց անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Անդամները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Սումկայիթի Զոհերուն Յիշատակին

Յաջորդը

Հոնկ Քոնկի Մէջ Կը Քննեն «Քորոնա»-Ով Ընտանի Կենդանիի Հնարաւոր Վարակման Առաջին Դէպքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?